ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 25։1-46

25  «Երկնքի թագաւորութիւնը կը նմանի տասը կոյսերու, որոնք իրենց լապտերները առնելով՝ փեսան դիմաւորելու ելան։  Ասոնցմէ հինգը իմաստուն էին իսկ հինգը՝ յիմար։  Յիմարները առին իրենց լապտերները, բայց իրենց հետ իւղ չառին.  Սակայն իմաստունները իրենց լապտերներուն հետ ամաններով իւղ ալ առին։  Երբ փեսան ուշացաւ, ամէնքն ալ թմրեցան ու քնացան։  Կէս գիշերին ձայն մը եղաւ. ‘Ահա փեսան կու գայ. զանիկա դիմաւորելու ելէք’։  Այն ատեն բոլոր կոյսերը ելան ու իրենց լապտերները շտկեցին։  Յիմարները ըսին իմաստուններուն. ‘Տուէք մեզի ձեր իւղէն, վասն զի մեր լապտերները մարելու վրայ են’։  Պատասխան տուին իմաստունները ու ըսին. ‘Չըլլայ թէ մեզի ու ձեզի չբաւականանայ, այլ ծախողներուն գացէք եւ գնեցէք ձեզի համար’։ 10  Երբ անոնք գացին գնելու, փեսան եկաւ ու պատրաստ եղողները անոր հետ հարսանիքը մտան եւ դուռը գոցուեցաւ։ 11  Ետքը միւս կոյսերը եկան ու ըսին. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, բա՛ց մեզի’։ 12  Բայց անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. Ես ձեզ չեմ ճանչնար’։ 13  Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը*»։ ԵՐԵՔ ԾԱՌԱՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ (Ղուկ. 19։11-27) 14  «Օտար երկիր գացող մարդ մը կանչեց իր ծառաները եւ իր ունեցածը անոնց յանձնեց։ 15  Մէկուն տուաւ հինգ տաղանդ ու մէկուն՝ երկուք եւ մէկուն՝ մէկ։ Ամէն մէկուն իր կարողութեանը չափ ու անմիջապէս ճամբայ ելաւ։ 16  Ան՝ որ հինգ տաղանդ առած էր, գնաց անոնցմով գործեց եւ ուրիշ հինգ տաղանդ շահեցաւ։ 17  Նմանապէս ան՝ որ երկուք առած էր, ուրիշ երկուք ալ շահեցաւ։ 18  Իսկ ան՝ որ մէկ առած էր, գնաց գետինը փորեց ու իր տիրոջը ստակը պահեց։ 19  Շատ ժամանակ յետոյ այն ծառաներուն տէրը եկաւ եւ անոնցմէ հաշիւ ուզեց։ 20  Հինգ տաղանդ առնողը եկաւ՝ ուրիշ հինգ տաղանդ ալ բերաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, հինգ տաղանդ յանձնեցիր ինծի, ահա ուրիշ հինգ տաղանդ ալ անոնց վրայ շահեցայ’։ 21  Տէրը ըսաւ անոր. ‘Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ. դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ’։ 22  Երկու տաղանդ առնողն ալ եկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, երկու տաղանդ յանձնեցիր ինծի, ահա ուրիշ երկու տաղանդ ալ անոնց վրայ շահեցայ’։ 23  Տէրը ըսաւ անոր. ‘Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ, դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ’։ 24  Մէկ տաղանդ առնողն ալ եկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, գիտէի թէ դուն խիստ մարդ մըն ես, չսերմանած տեղէդ կը հնձես ու չցանած տեղէդ կը ժողվես, 25  Ուստի վախնալով՝ գացի քու տաղանդդ գետնին տակ պահեցի. ուստի ահա քուկդ քեզի’։ 26  Պատասխան տուաւ անոր տէրը ու ըսաւ. ‘Չար եւ ծո՛յլ ծառայ, գիտէիր թէ չսերմանած տեղէս կը հնձեմ ու չցանած տեղէս կը ժողվեմ, 27  Ուրեմն պէտք էր որ իմ ստակս սեղանաւորներուն տայիր, որպէս զի եկած ատենս շահովը առնէի։ 28  Արդ՝ առէ՛ք ատկէ տաղանդը ու տասը տաղանդ ունեցողին տուէք։ 29  Վասն զի ամէն ունեցողին պիտի տրուի ու պիտի աւելնայ եւ չունեցողին ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի։ 30  Իսկ այդ անպիտան ծառան դուրսի խաւարը հանեցէք. հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել’»։ ՎԵՐՋԻՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ 31  «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ եւ բոլոր սուրբ* հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն իր փառաց աթոռը պիտի նստի։ 32  Անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը ու զանոնք իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ։ 33  Ոչխարները իր աջ կողմը պիտի կայնեցնէ ու այծերը՝ ձախ կողմը։ 34  Այն ատեն թագաւորը իր աջ կողմը եղողներուն պիտի ըսէ. ‘Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք. 35  Վասն զի անօթեցայ եւ ինծի ուտելիք տուիք. ծարաւեցայ ու ինծի խմցուցիք. օտարական էի, զիս ներս առիք. 36  Մերկ էի, զիս հագուեցուցիք. հիւանդ էի, ինծի տես եկաք. բանտի մէջ էի, ինծի եկաք’։ 37  Այն ատեն արդարները անոր պատասխան պիտի տան ու ըսեն. ‘Տէ՜ր, ե՞րբ քեզ անօթեցած տեսանք ու կերակրեցինք, կամ ծարաւած՝ ու խմցուցինք. 38  Ե՞րբ քեզ օտարական տեսանք եւ ներս առինք, կամ մերկ՝ ու հագուեցուցինք. 39  Ե՞րբ քեզ հիւանդ կամ բանտի մէջ տեսանք ու քեզի եկանք’։ 40  Թագաւորը պատասխան տալով պիտի ըսէ անոնց. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք’։ 41  Այն ատեն ձախ կողմը եղողներուն ալ պիտի ըսէ. ‘Մէկդի գացէք ինձմէ, անի՛ծեալներ, յաւիտենական կրակին մէջ՝ որ պատրաստուած է Սատանային ու իր հրեշտակներուն։ 42  Վասն զի անօթեցայ, ինծի ուտելիք չտուիք. ծարաւեցայ, ինծի չխմցուցիք. 43  Օտարական էի, զիս ներս չառիք. մերկ էի, զիս չհագուեցուցիք. հիւանդ էի ու բանտի մէջ էի, ինծի տես չեկաք’։ 44  Այն ատեն անոնք ալ պատասխան պիտի տան ու ըսեն. ‘Տէ՛ր, ե՞րբ տեսանք քեզ անօթեցած կամ ծարաւած կամ օտարական կամ մերկ կամ հիւանդ կամ բանտի մէջ ու քեզի սպասաւորութիւն չըրինք’։ 45  Այն ատեն պատասխան պիտի տայ անոնց ու ըսէ. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. որովհետեւ ինչ որ ասոնցմէ ամենէն պզտիկներէն մէկուն չըրիք, ինծի ալ չըրիք’։ 46  Ասոնք պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը, իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքը»։

Ստորանիշներ

25։13 Ոմանք, ժամը, որուն մէջ Որդին մարդոյ կու գայ
25։31 Ոմանք չունին