ԹՈՒՂԹ ԱՌ ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 2։1-29

2  Ո՛վ մարդ, ո՛վ որ ըլլաս՝ դուն որ կը դատես՝ արդարանալու չքմեղանք չունիս. քանզի ի՛նչ բանով որ ուրիշը կը դատես, անով քու անձդ կը դատապարտես. վասն զի դո՛ւն ալ որ կը դատես՝ նոյն բաները կ’ընես։  Բայց գիտենք թէ Աստուծոյ դատաստանը ճշմարտութիւնով կ’ըլլայ անոնց վրայ՝ որ այնպիսի բաներ կը գործեն։  Արդ՝ ո՛վ մարդ, դուն որ այսպիսի բաներ ընողները կը դատես եւ նոյն բաները կ’ընես, մտքէդ կ’անցընե՞ս թէ դուն Աստուծոյ դատաստանէն ազատ պիտի մնաս.  Կամ թէ անոր անչափ քաղցրութիւնը եւ համբերութիւնը ու երկայնամտութիւնը կ’արհամարհե՞ս։ Չե՞ս գիտեր թէ Աստուծոյ քաղցրութիւնը քեզ դէպի ապաշխարութիւն կ’առաջնորդէ։  Բայց դուն քու խստութիւնովդ եւ անզիղջ սրտովդ քու անձիդ վրայ բարկութիւն կը դիզես՝ բարկութեան օրուան համար, երբ Աստուծոյ արդար դատաստանը պիտի յայտնուի։  Քանզի ամէն մէկուն իր գործերուն փոխարէնը պիտի հատուցանէ.  Յաւիտենական կեանք անոնց, որոնք բարի գործերու մէջ համբերութեամբ յարատեւելով փառք ու պատիւ եւ անմահութիւն կը խնդրեն.  Բայց անոնց՝ որ հակառակ են եւ ճշմարտութեան անհնազանդ ու անիրաւութեան հնազանդած՝ պիտի ըլլայ բարկութիւն եւ սրտմտութիւն,  Նեղութիւն եւ տառապանք ամէն անոնց որ չար են, 10  Առաջ Հրեային ու ետքը՝ Յոյնին, իսկ փառք ու պատիւ եւ խաղաղութիւն այն ամենուն, որ բարի են։ Առաջ՝ Հրեային ու ետքը՝ Յոյնին։ 11  Վասն զի Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ 12  Քանզի անոնք որ առանց օրէնքի մեղք գործեցին, առանց օրէնքի պիտի կորսուին եւ անոնք որ օրէնքի տակ մեղք գործեցին, օրէնքով պիտի դատուին, 13  Վասն զի ոչ թէ օրէնքը լսողները Աստուծոյ առջեւ արդար են, հապա օրէնքը կատարողները պիտի արդարանան։ 14  Քանզի հեթանոսները, որոնք օրէնք չունին, երբ բնականաբար օրէնքին գործերը կը գործեն, օրէնք չունենալով՝ իրենց անձերուն օրէնքը բուն իրենք կ’ըլլան, 15  Որոնք օրէնքին գործը իրենց սրտին մէջ գրուած կը ցուցնեն իրենց խղճմտանքին վկայութիւնովը եւ իրենց խորհուրդներուն իրար յանդիմանելովը կամ իրարու իրաւունք տալովը, 16  Այն օրը երբ Աստուած մարդոց ծածուկ բաները դատէ Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով իմ քարոզած աւետարանիս համեմատ։ ՀՐԵԱՆԵՐԸ ԵՒ ՕՐԷՆՔԸ 17  Դուն Հրեայ կոչուեր ես եւ օրէնքին կռթներ ես ու Աստուծմով կը պարծենաս 18  Եւ անոր կամքը գիտես ու տարբեր բաները կը զանազանես՝ օրէնքէն խրատուած ըլլալով 19  Եւ քու անձիդ վրայ վստահութիւն ունիս՝ թէ կոյրերուն առաջնորդ ես, խաւարածներուն՝ լոյս, 20  Անմիտներուն՝ խրատ տուող, տղայոց՝ վարժապետ, վստահ ես թէ օրէնքով գիտութեան ու ճշմարտութեան կերպարանքը ունիս։ 21  Իսկ արդ՝ դուն որ ընկերիդ կը սորվեցնես, քու անձիդ չե՞ս սորվեցներ. որ կը քարոզես չգողնալ, բայց դուն կը գողնա՞ս. 22  Որ կ’ըսես շնութիւն մի՛ ըներ, շնութիւն կ’ընե՞ս. որ կը զզուիս կուռքերէն, սրբապղծութի՞ւն կ’ընես. 23  Որ օրէնքով կը պարծենաս, օրինազանց ըլլալով՝ Աստուած կ’անարգե՞ս։ 24  Վասն զի ձեր պատճառաւ հեթանոսներուն մէջ Աստուծոյ անուան կը հայհոյեն, ինչպէս գրուած է։ 25  Արդ՝ թլփատութիւնը շահ կ’ունենայ, եթէ օրէնքը պահես. իսկ եթէ օրէնքին դէմ յանցաւոր ես, քու թլփատութիւնդ անթլփատութիւն կ’ըլլայ։ 26  Ուստի եթէ անթլփատութիւնը օրէնքին իրաւունքները պահէ, չէ՞ որ անոր անթլփատութիւնը թլփատութիւն պիտի սեպուի. 27  Եւ ի բնէ եղած անթլփատութիւնը օրէնքը կատարելով՝ պիտի դատապարտէ քեզ, որ գրով ու թլփատութիւնով օրէնքին դէմ յանցաւոր ես։ 28  Վասն զի Հրեայ չէ ան որ դուրսէն է եւ թլփատութիւն չէ այն որ դուրսէն՝ մարմնով է. 29  Հապա ա՛ն Հրեայ է որ ներսէն է եւ իսկական թլփատութիւնը՝ սրտին թլփատութիւնն է հոգիով ու ո՛չ թէ գրով, որուն գովեստը ո՛չ թէ մարդոցմէ է, հապա՝ Աստուծմէ։

Ստորանիշներ