ԾՆՆԴՈՑ 41։1-57
41 Լման երկու տարի յետոյ, Փարաւոն երազին մէջ տեսաւ որ գետին եզերքը կայներ էր։
2 Ահա գետէն գեղեցիկ տեսքով ու պարարտ մարմնով եօթը երինջներ ելան ու մարգագետնին վրայ կ’արածուէին։
3 Անոնց ետեւէն՝ գետէն ուրիշ եօթը երինջներ ելան զազիր տեսքով ու նիհար մարմնով ու միւս երինջներուն քով գետին եզերքը կայնեցան։
4 Եւ զազիր տեսքով ու նիհար մարմնով երինջները կերան եօթը գեղեցիկ տեսքով ու պարարտ երինջները։
5 Ետքը Փարաւոնը արթնցաւ։ Եւ քնացաւ ու երկրորդ անգամ երազին մէջ տեսաւ որ մէկ ծղօտի վրայ եօթը պարարտ ու աղէկ հասկեր կ’ելլէին։
6 Ահա անոնց ետեւէն եօթը նիհար ու խորշակահար հասկեր կը բուսնէին։
7 Այս նիհար հասկերը կլլեցին եօթը պարարտ ու լեցուն հասկերը։
8 Փարաւոն արթնցաւ եւ ահա երազ էր։ Առտուն անոր հոգին նեղուեցաւ ու կանչել տուաւ Եգիպտոսի բոլոր մոգերը եւ բոլոր իմաստունները ու Փարաւոն պատմեց անոնց իր երազները, բայց մէկը չկար, որ զանոնք Փարաւոնին մեկնէր։
9 Այն ատեն մատռուակապետը խօսեցաւ Փարաւոնին՝ ըսելով. «Այսօր ես իմ յանցանքներս կը յիշեմ։
10 Երբ Փարաւոն բարկացաւ իր ծառաներուն ու զիս դահճապետին տունը բանտը դրաւ, զիս ու գլխաւոր հացագործը.
11 Նոյն գիշերը ես ու անիկա երազ տեսանք. ամէն մէկս իր երազին նշանակութեանը պէս երազ տեսանք։
12 Հոն մեզի հետ դահճապետին ծառան, Եբրայեցի պատանի մը կար, որուն պատմեցինք, անիկա մեկնեց մեզի մեր երազները. իւրաքանչիւրիս իր երազին պէս մեկնեց։
13 Ու ինչպէս անիկա մեզի մեկնեց, այնպէս եղաւ. ես իմ պաշտօնիս դարձայ ու անիկա կախուեցաւ»։
14 Այն ատեն Փարաւոն մարդ ղրկեց ու կանչեց Յովսէփը։ Շուտով բանտէն հանեցին զանիկա եւ ածիլուեցաւ ու իր հանդերձները փոխեց ու Փարաւոնին եկաւ։
15 Եւ Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Երազ տեսայ ու զանիկա մեկնող մը չկայ եւ քեզի համար լսեցի որ կ’ըսեն, թէ լսած երազդ կը մեկնես»։
16 Եւ Յովսէփ պատասխան տուաւ Փարաւոնին ու ըսաւ. «Ոչ թէ ես, այլ Աստուած Փարաւոնին պիտի տայ նպաստաւոր պատասխան մը»։
17 Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Երազիս մէջ տեսայ որ գետին եզերքը կայներ էի
18 Եւ ահա գետէն եօթը երինջներ ելան պարարտ մարմնով ու գեղեցիկ տեսքով եւ մարգագետնին վրայ կ’արածուէին։
19 Անոնց ետեւէն ուրիշ եօթը երինջներ ելան՝ նիհար ու խիստ զազիր տեսքով եւ վտիտ մարմնով, որոնց պէս զազիր բնաւ տեսած չէի Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ։
20 Եւ նիհար ու զազիր երինջները կերան այն եօթը պարարտ երինջները։
21 Անոնց փորը մտնելէն ետքը՝ չէր գիտցուեր թէ անոնք անոնց փորը մտան. հապա անոնց տեսքը առաջուանին պէս զազիր էր։ Ետքը արթնցայ։
22 Եւ դարձեալ երազիս մէջ տեսայ՝ որ ահա մէկ ծղօտի վրայ եօթը լեցուն ու աղէկ հասկեր կ’ելլէին
23 Եւ ահա անոնց ետեւէն եօթը չոր, նիհար ու խորշակահար հասկեր կը բուսնէին։
24 Նիհար հասկերը կլլեցին այն եօթը աղէկ հասկերը։ Ու պատմեցի մոգերուն, բայց մէկը չկայ որ ինծի մեկնէ»։
25 Եւ Յովսէփ ըսաւ Փարաւոնին. «Մէկ է Փարաւոնին երազը. Աստուած իր ընելիքը յայտնեց Փարաւոնին։
26 Եօթը աղէկ երինջները եօթը տարի են եւ եօթը աղէկ հասկերը եօթը տարի են. երազը մէկ է։
27 Եւ անոնց ետեւէն ելած եօթը նիհար ու զազիր երինջները եօթը տարի են եւ եօթը պարապ ու խորշակահար հասկերը եօթը տարուան սով է։
28 Փարաւոնին յայտնուածը այս է. Աստուած իր ընելիքը Փարաւոնին ցուցուցեր է։
29 Ահա բոլոր Եգիպտոսի երկրին մէջ եօթը տարի մեծ առատութիւն պիտի գայ
30 Եւ անոնց ետեւէն եօթը տարի սով պիտի գայ ու Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր առատութիւնը պիտի մոռցուի եւ սովը պիտի սպառէ երկիրը
31 Ու երկրին մէջ առատութիւնը պիտի չգիտցուի՝ անկէ ետքը գալու սովին պատճառաւ. վասն զի խիստ սաստիկ պիտի ըլլայ։
32 Երազը երկու անգամ Փարաւոնին կրկնուելուն պատճառը այս է, որ այս բանը Աստուծմէ հաստատուեցաւ եւ Աստուած շուտով պիտի ընէ զայն։
33 Ուստի հիմա թող Փարաւոն հանճարեղ ու իմաստուն մարդ մը գտնէ ու զանիկա Եգիպտոսի երկրին վրայ կեցնէ։
34 Թող Փարաւոն այսպէս ընէ ու երկրի վրայ գործակալներ դնէ ու Եգիպտոսի երկրին արմտիքներէն առատութեան եօթը տարիներուն մէջ հինգէն մէկը առնէ։
35 Եւ այն գալու աղէկ տարիներուն բոլոր պաշարը հաւաքեն ու Փարաւոնին ձեռքին տակ ցորեն դիզեն եւ քաղաքներուն մէջ պաշար պահեն։
36 Եգիպտոսի մէջ գալիք եօթը տարուան սովին դէմ այս պաշարը երկրին համար պահուի, որպէս զի երկիրը սովէն չկորսուի»։
ՅՈՎՍԷՓ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉԸ Կ’ԸԼԼԱՅ
37 Այս բանը Փարաւոնին աչքին ու անոր բոլոր ծառաներուն աչքին աղէկ երեւցաւ։
38 Եւ Փարաւոն ըսաւ իր ծառաներուն. «Կրնա՞նք գտնել ասոր պէս մէկը, որ իր ներսիդին Աստուծոյ Հոգին ունենայ»։
39 Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Որովհետեւ Աստուած այս ամէնը քեզի գիտցուց, քեզի պէս հանճարեղ ու իմաստուն չկայ։
40 Դուն իմ տանս վրայ կեցիր եւ իմ բոլոր ժողովուրդս քու բերանդ նային։ Ես միայն աթոռով քեզմէ մեծ ըլլամ»։
41 Եւ Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Ահա քեզ Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ կեցուցի»։
42 Եւ Փարաւոն իր ձեռքէն մատանին հանեց ու Յովսէփին մատը դրաւ եւ անոր բեհեզէ հանդերձներ հագցուց ու անոր պարանոցը ոսկի մանեակ անցուց։
43 Ապա՝ զանիկա իր երկրորդ կառքը հեծցուց ու կը պոռային անոր առջեւէն. «Ծնրադրեցէ՛ք»։ Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ կեցուց զանիկա։
44 Եւ Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Ես Փարաւոն եմ առանց քեզի բնաւ մէկը իր ձեռքը կամ իր ոտքը չվերցնէ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ»։
45 Փարաւոն Յովսէփին անունը Փսոմփթոմփանէ* դրաւ եւ Արեգ քաղաքին Պետափրա քուրմին աղջիկը Ասանէթը անոր կնութեան տուաւ։ Յովսէփ Եգիպտոսի երկիրը պտըտելու ելաւ։
46 Եւ Յովսէփ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին առջեւ ելած ատեն երեսուն տարեկան էր։ Յովսէփ Փարաւոնին առջեւէն ելաւ ու Եգիպտոսի բոլոր երկիրը պտըտեցաւ։
47 Եւ առատութեան եօթը տարիներուն մէջ երկիրը խիստ շատ արդիւնք տուաւ։
48 Եգիպտոսի եօթը տարիներուն բոլոր պաշարը հաւաքեց ու քաղաքներու մէջ դրաւ պաշարը. ամէն քաղաքի բոլորտիքը եղած արտերուն պաշարը նոյն քաղաքին մէջ դրաւ։
49 Յովսէփ ծովու աւազին չափ խիստ շատ ցորեն դիզեց. այնպէս որ հաշիւի չգալուն համար չափելը ձգեց։
50 Սովին տարիներուն գալէն առաջ՝ Յովսէփին երկու որդի ծնան, որ Արեգ քաղաքին Պետափրա քուրմին աղջիկը Ասանէթ ծնաւ անոր։
51 Յովսէփ անդրանիկին անունը Մանասէ* դրաւ, քանզի ըսաւ. «Աստուած ինծի մոռցուց իմ բոլոր վիշտերս ու իմ հօրս բոլոր տունը»։
52 Եւ երկրորդին անունը Եփրեմ* դրաւ, քանզի ըսաւ. «Աստուած իմ տառապանքիս երկրին մէջ աճեցուց զիս»։
53 Ու Եգիպտոսի առատութեան եօթը տարիները անցան։
54 Յովսէփին ըսածին պէս՝ սովի եօթը տարիները գալ սկսան։ Բոլոր երկիրներուն մէջ սով եղաւ, բայց բոլոր Եգիպտոսի մէջ հաց կար։
55 Երբ Եգիպտոսի բոլոր երկիրը անօթեցաւ, ժողովուրդը հացի համար Փարաւոնին աղաղակեց։ Փարաւոն ըսաւ բոլոր Եգիպտացիներուն. «Յովսէփին գացէք. ինչ որ ձեզի ըսէ, զայն ըրէք»։
56 Ու երկրի բոլոր երեսին վրայ սով եղաւ եւ Յովսէփ բացաւ բոլոր շտեմարանները ու Եգիպտացիներուն պաշար ծախեց։ Սովը սաստկացաւ Եգիպտոսի մէջ։
57 Ու բոլոր աշխարհէն Եգիպտոս կու գային՝ Յովսէփէն պաշար ծախու առնելու. վասն զի ամէն երկրի մէջ սովը սաստկացաւ։