ԾՆՆԴՈՑ 14։1-24

14  Չորս թագաւորներ՝ Սենաարի Ամարփաղ թագաւորին, Ելլասարի Արիովք թագաւորին, Եղամի Քոդողագոմոր թագաւորին եւ Գոյիմի Թադգաղ թագաւորին ժամանակները,  Սոդոմի Բարա թագաւորին եւ Գոմորի Բարսա թագաւորին ու Ադմայի Սենաբ թագաւորին եւ Սեբոյիմի Սիմոբոր թագաւորին ու Բաղայի (այսինքն Սեգովրի) թագաւորին հետ պատերազմեցան։  Ասոնք ամէնքը հաւաքուեցան Սիդդիմ ձորին մէջ, որ է Աղի ծովը։  Տասներկու տարի Քոդողագոմորի ծառայութիւն ըրին ու տասնըերեքերորդ տարին ապստամբեցան։  Եւ տասնըչորրորդ տարին Քոդողագոմոր ու իրեն հետ եղող թագաւորները եկան ու Աստարովթ Կառնայիմի մէջ եղող Ռափայինները ու Համի մէջ եղող Զուզեցիները եւ Շաւէ Կարիաթեմի մէջ Էմիմները  Եւ Քոռեցիները իրենց Սէիր լերանը վրայ՝ մինչեւ անապատին քով եղող Էլփառանը* զարկին։  Ապա դարձան եկան Ենմասեփաթ*, այսինքն՝ Կադէս եւ Ամաղեկացիներուն բոլոր նահանգը ու Ասասանթամարի մէջ բնակող Ամօրհացիներն ալ զարկին։  Եւ Սոդոմի թագաւորը ու Գոմորի թագաւորը եւ Ադմայի թագաւորը ու Սեբոյիմի թագաւորը եւ Բաղայի (այսինքն Սեգովրի) թագաւորը ելլելով Սիդդիմ ձորին մէջ անոնց հետ պատերազմելու շարուեցան,  Այսինքն Եղամի Քոդողագոմոր թագաւորին ու Գայիմի Թադգաղ թագաւորին ու Սենաարի Ամարփաղ թագաւորին ու Ելլասարի Արիովք թագաւորին հետ, այս չորս թագաւորը այն հինգին հետ։ 10  Եւ Սիդդիմ ձորը նաւթի հորերով լեցուն էր։ Սոդոմի ու Գոմորի թագաւորները փախան եւ հոն ինկան ու մնացածները լեռը փախան։ 11  Եւ անոնք Սոդոմի ու Գոմորի բոլոր ունեցածնին ու անոնց բոլոր պաշարները առին ու գացին։ 12  Սոդոմի մէջ բնակող Աբրամի եղբօրորդին Ղովտը ու անոր բոլոր ստացուածքն ալ առին ու գացին։ 13  Փախստական մը եկաւ ու այս բաները Եբրայեցի Աբրամին պատմեց։ Աբրամ Եսքողի ու Աների եղբօրը Ամօրհացի Մամբրէի կաղնիներուն մէջ կը բնակէր. վասն զի ասոնք Աբրամին հետ դաշնակից էին։ 14  Աբրամ երբ իր եղբօր գերի առնուիլը լսեց, իր տանը մէջ ծնած երեք հարիւր տասնութ կրթուած ծառաները հանեց ու անոնց ետեւէն ինկաւ մինչեւ Դան։ 15  Ինքն ու իր ծառաները գիշերով գունդ գունդ անոնց վրայ յարձակեցան ու զարկին զանոնք եւ քշեցին զանոնք մինչեւ Քոբա, որ Դամասկոսի հիւսիսային կողմն է։ 16  Եւ բոլոր ստացուածքը ետ բերաւ եւ իր եղբայրը Ղովտն ալ ու անոր ունեցածները եւ կիները ու ժողովուրդն ալ ետ բերաւ։ ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿ Կ’ՕՐՀՆԷ ԱԲՐԱՄԸ 17  Աբրամ Քոդողագոմորը ու անոր հետ եղող թագաւորները զարնելէն ու դառնալէն ետքը, Սոդոմի թագաւորը զանիկա դիմաւորելու ելաւ դէպի Շաւէ ձորը, այսինքն՝ Թագաւորի ձորը։ 18  Եւ Սաղէմի թագաւորը՝ Մելքիսեդեկ՝ հաց ու գինի հանեց ու անիկա Բարձրեալ Աստուծոյ քահանան էր։ 19  Եւ օրհնեց Աբրամը ու ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Աբրամ, երկնքի ու երկրի Տէրը եղող Բարձրեալ Աստուծմէն։ 20  Օրհնեալ ըլլայ Բարձրեալ Աստուածը, որ քու թշնամիներդ քու ձեռքդ մատնեց»։ Աբրամ ամենէն տասանորդ տուաւ անոր։ 21  Սոդոմի թագաւորը ըսաւ Աբրամին. «Մարդիկը ինծի տուր, բայց ստացուածքը դուն քեզի առ»։ 22  Եւ Աբրամ ըսաւ Սոդոմի թագաւորին. «Երկնքի ու երկրի տէրը եղող Բարձրեալ Տէր Աստուծոյ վերցուցի իմ ձեռքս, 23  Որ դերձանէն մինչեւ կօշիկի կապը բան մը չառնեմ քու ունեցածներէդ, որ չըլլայ թէ ‘Աբրամը ես հարստացուցի’ ըսես, 24  Բացի տղաքներուն կերածէն ու ինծի հետ եկող մարդոցը, այսինքն Աների ու Եսքողի ու Մամբրէի բաժիններէն. թող անոնք իրենց բաժինը առնեն»։

Ստորանիշներ

14։6 Այսինքն, Փառանի բեւեկնին
14։7 Այսինքն, դատաստանի աղբիւր