ԹՈՒՈՑ 8։1-26

8  Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.  «Խօսէ՛ Ահարոնին ու ըսէ՛ անոր. ‘Երբ ճրագները վառես, եօթը ճրագները աշտանակին առջեւի կողմէն լոյս պէտք է տան’»։  Եւ Ահարոն այնպէս ըրաւ. անոր ճրագները աշտանակին առջեւի կողմը զետեղեց լոյս տալու համար, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։  Եւ աշտանակը այսպէս շինուած էր. Կռածոյ* ոսկիէ էր. անոր բունէն մինչեւ անոր ծաղիկները կռածոյ էին. Տէրոջը Մովսէսին ցուցուցած կաղապարին պէս՝ շինուեցաւ աշտանակը։ ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՍՐԲԱԳՈՐԾՈՒՄԸ ԵՒ ՆՈՒԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄԸ  Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.  «Իսրայէլի որդիներուն մէջէն Ղեւտացիները ա՛ռ ու մաքրէ՛ զանոնք։  Այսպէս պիտի մաքրես զանոնք. մաքրութեան* ջուր սրսկէ անոնց վրայ ու անոնք իրենց բոլոր մարմինը թող ածիլեն եւ իրենց հանդերձները լուան ու մաքրուին։  Ետքը զուարակ մը թող առնեն ու անոր հացի ընծային համար իւղով շաղուած բարակ ալիւր. դուն ալ ուրիշ զուարակ մը առ մեղքի պատարագի համար։  Ղեւտացիները վկայութեան խորանին առջեւ մօտեցուր եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը հաւաքէ՛։ 10  Ղեւտացիները Տէրոջը առջեւ մօտեցուր ու Իսրայէլի որդիները իրենց ձեռքերը Ղեւտացիներուն վրայ թող դնեն։ 11  Ահարոն Իսրայէլի որդիներուն կողմէն՝ Ղեւտացիները Տէրոջը առջեւ ընծայ թող մատուցանէ*։ Անոնք Տէրոջը պաշտօնը կատարելու համար ըլլան։ 12  Ղեւտացիները իրենց ձեռքերը զուարակներուն գլխուն վրայ թող դնեն ու Ղեւտացիներուն քաւութիւն ընելու համար մէկ զուարակը մեղքի պատարագ, իսկ միւսը իբր ողջակէզ մատուցանէ Տէրոջը։ 13  Ղեւտացիները Ահարոնին ու անոր որդիներուն առջեւ կայնեցո՛ւր ու զանոնք իբր ընծայ մատուցանէ՛ Տէրոջը։ 14  Այսպէս զատէ՛ Ղեւտացիները Իսրայէլի որդիներէն, որպէս զի Ղեւտացիները իմս ըլլան։ 15  Անկէ յետոյ Ղեւտացիները վկայութեան խորանը թող մտնեն։ Այսպէս մաքրէ՛ զանոնք եւ իբր ընծայ մատուցանէ՛ զանոնք. 16  Քանզի անոնք բոլորովին ինծի տրուած են Իսրայէլի որդիներէն։ Իսրայէլի որդիներուն մէջ մօրը արգանդը բացող բոլոր անդրանիկներուն տեղ ինծի առի զանոնք։ 17  Վասն զի Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկները, թէ՛ մարդու եւ թէ՛ անասունի, իմս են. Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր անդրանիկները զարկած օրէս՝ զանոնք սրբեցի ինծի համար։ 18  Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկներուն տեղ Ղեւտացիները առի։ 19  Իսրայէլի որդիներէն Ղեւտացիները բոլորովին Ահարոնին ու անոր որդիներուն տուի, որպէս զի վկայութեան խորանին մէջ Իսրայէլի որդիներուն ծառայեն եւ Իսրայէլի որդիներուն համար քաւութիւն ընեն, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն վրայ հարուած չգայ՝ երբ Իսրայէլի որդիները սրբարանին մօտենան»։ 20  Մովսէս ու Ահարոն եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը՝ Մովսէսին պատուիրածին պէս ըրին Ղեւտացիներուն. Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին անոնց 21  Ու Ղեւտացիները մաքրուեցան եւ իրենց հանդերձները լուացին եւ Ահարոն իբր ընծայ մատուցանեց զանոնք Տէրոջը առջեւ ու Ահարոն անոնց համար քաւութիւն ըրաւ, որպէս զի զանոնք մաքրէ։ 22  Եւ անկէ յետոյ Ղեւտացիները վկայութեան խորանը մտան՝ Ահարոնին ու անոր որդիներուն առջեւ իրենց ծառայութիւնը կատարելու համար։ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս ըրին Ղեւտացիներուն։ 23  Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 24  «Ղեւտացիներուն կանոնը այս է՝ Քսանըհինգ տարեկանէն վեր եղողները վկայութեան խորանին սպասարկող խումբին մէջ պէտք է մտնեն 25  Եւ յիսուն տարեկան ըլլալէ ետքը պաշտօնէն պիտի դադրին ու ա՛լ պիտի չծառայեն։ 26  Սակայն վկայութեան խորանին պահպանութեան համար պիտի օգնեն իրենց եղբայրներուն, բայց ծառայութիւն պիտի չընեն։ Այսպէս ըրին Ղեւտացիներուն՝ իրենց պահպանութիւններուն համար»։

Ստորանիշներ

8։4 Կամ, ճախարակեայ
8։7 Եբր., մեղքի պատարագ
8։11 Եբր., երերցնելու ընծայ պիտի երերցնէ