ԶԱՔԱՐԵԱՅ 9։1-17

9  Հադրաքի երկրին դէմ Տէրոջը պատգամը.Դամասկոսի վրայ պիտի հանգչի(Քանզի Տէրոջը աչքը մարդուԵւ Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն կը նայի).   Եմաթ ալ անոր սահմանակից է,Նաեւ Տիւրոս ու Սիդոն՝ թէեւ շատ իմաստուն են։   Տիւրոս իրեն ամրոց շինեցՈւ արծաթը՝ հողի պէս,Զուտ ոսկին փողոցներու ցեխի պէս դիզեց։   Տէրը զանիկա պիտի քշէԵւ անոր ունեցած զօրութիւնը ծովուն մէջ պիտի նետէՈւ անիկա կրակով պիտի սպառի։   Ասկաղոնը պիտի տեսնէ ու պիտի վախնայ,Գազան ալ՝ մեծապէս պիտի տագնապի,Ակկարոնն ալ՝ քանզի իր յոյսը պարապ պիտի ելլէ*Եւ Գազայէն թագաւորը պիտի կորսուի,Ասկաղոնի մէջ բնակող պիտի չըլլայ,   Իսկ Ազովտոսի մէջ օտարազգի* պիտի բնակի։Փղշտացիներու հպարտութիւնը պիտի ջնջեմ.   Անոնց արիւնը՝ իրենց բերնէնԵւ անոնց պղծութիւնները իրենց ակռաներուն մէջէն պիտի վերցնեմՈւ մնացորդը՝ անիկա ալ մեր Աստուծոյն պիտի ըլլայ։Յուդայի մէջ՝ հազարապետի պէս,Ակկարոն Յեբուսացիի պէս պիտի ըլլայ։   Անցնող ու դարձող զօրքին պատճառովԻմ տանս բոլորտիքը պիտի բնակիմ,Ա՛լ անոնց մէջէն բռնաւոր պիտի չանցնի,Քանզի հիմա իմ աչքերովս տեսայ։ ԱՊԱԳԱՅ ԹԱԳԱՒՈՐԸ   Մեծապէս ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ,Ցնծութեամբ աղաղակէ՛, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ.Ահա քու թագաւորդ քեզի կու գայ.Անիկա արդար ու փրկիչ է,Հեզ է ու իշու վրայ հեծածԵւ իշու ձագի, աւանակի վրայ։ 10  Ու Եփրեմէն՝ կառքըԵւ Երուսաղէմէն ձին պիտի ջնջեմ։Պատերազմին աղեղը պիտի կոտրի։Անիկա ազգերուն խաղաղութիւն պիտի քարոզէ,Անոր իշխանութիւնը՝ ծովէ ծով,Գետէն մինչեւ երկրին ծայրերը պիտի ըլլայ։ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ 11  Քեզի այս ըրի՝ քու ուխտիդ արիւնովըՔու գերիներդ ջուր չունեցող գուբէն հանեցի։ 12  Ամրոցը դարձէ՛ք, ո՛վ յուսոյ գերիներ,Ես այսօր ալ կը ծանուցանեմ,Թէ քեզի կրկնապատիկ հատուցում պիտի ընեմ, 13  Վասն զի Յուդան ինծի համար աղեղի պէս պիտի լարեմՈւ Եփրեմը նետի պէս պիտի դնեմ*Եւ քու որդիներդ, ո՛վ Սիօն,Յոյներու որդիներուն վրայ պիտի բարձրացնեմ.Քեզ զօրաւորին սուրին պէս պիտի ընեմ։ 14  Տէրը անոնց վրայ պիտի երեւնայ,Անոր նետը փայլակի պէս պիտի ելլէ։Տէր Եհովան փող պիտի հնչեցնէՈւ հարաւային մրրիկներով պիտի քալէ։ 15  Զօրքերու Տէրը զանոնք պիտի պաշտպանէԵւ անոնք բնաջինջ պիտի ընենՈւ պարսաքարերու վրայ* պիտի կոխենԵւ պիտի խմեն ու գինովի պէս պիտի աղաղակենՈւ անոնք տաշտի պէս,Սեղանին անկիւններուն պէս պիտի լեցուին։ 16  Այն օրը անոնց Տէր ԱստուածըԶանոնք իր ժողովուրդին հօտին պէս պիտի փրկէ,Քանզի անոր երկրին վրայ թագի քարերու պէս պիտի փայլին։ 17  Անոր բարութիւնն ու գեղեցկութիւնը որքա՜ն մեծ է.Ցորենը՝ երիտասարդները ու քաղցուն կոյսերը պիտի ծաղկեցնէ։

Ստորանիշներ

9։5 Եբր., պիտի ամչնայ
9։6 Եբր., անհարազատ, կամ պոռնկորդի
9։13 Եբր., պիտի լեցնեմ
9։15 Կամ, պարսաքարերով