ԶԱՔԱՐԵԱՅ 1։1-21
1 Դարեհի երկրորդ տարուան ութերորդ ամիսը, Տէրոջը խօսքը Ադդովի որդիին Բարաքիայի որդիին Զաքարիա մարգարէին եղաւ՝ ըսելով.
2 «Տէրը ձեր հայրերուն խիստ բարկացաւ։
3 Անոնց ըսէ, զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Ինծի դարձէ՛քՈւ ես ձեզի պիտի դառնամ,
4 Ձեր հայրերուն պէս մի՛ ըլլաք,Որոնց առաջուան մարգարէները կոչ կ’ուղղէին՝ ըսելով.‘Ձեր չար ճամբաներէն ու չար գործերէն դարձէք’,Բայց անոնք մտիկ չըրինՈւ ինծի ականջ չտուին։
5 Ձեր հայրերը ո՞ւր ենՈւ մարգարէները յաւիտեան կ’ապրի՞ն։
6 Իմ խօսքերս ու հրամաններսՈրոնք իմ ծառաներուս՝ մարգարէներուն՝ պատուիրեր էի,Ձեր հայրերուն չհասա՞ն»։Անոնք դարձան ու ըսին.‘Զօրքերու Տէրը ինչ որ մեզի ընելու որոշեր էրՄեր ճամբաներուն ու գործերուն համեմատ,Զանիկա մեր վրայ գործադրեց’»։
ՁԻԵՐՈՒ ՏԵՍԻԼՔԸ
7 Դարեհի երկրորդ տարուան, տասնըմէկերորդ ամսուան, այսինքն Սեբաթ ամսուան, քսանըչորրորդ օրը, Տէրոջը խօսքը Ադդովի որդիին Բարաքիայի որդիին Զաքարիա մարգարէին եղաւ՝ ըսելով.
8 «Գիշերով տեսայ թէ աշխէտ ձիու մը վրայ հեծած մարդ մը ձորին մէջ եղող մրտենիներուն մէջտեղը կայներ էր ու անոր ետեւը աշխէտ, պիսակ ու ճերմակ ձիեր կային»։
9 Ըսի. «Ասոնք ի՞նչ են, ո՛վ Տէր իմ»։ Ինծի հետ խօսող հրեշտակը ինծի ըսաւ. «Ասոնց ինչ ըլլալը քեզի պիտի ցուցնեմ»։
10 Իսկ մրտենիներուն մէջ կայնող մարդը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ասոնք անոնք են՝ որոնք Տէրը ղրկեց երկիրը պտըտելու համար»։
11 Անոնք մրտենիներուն մէջ կայնող Տէրոջը հրեշտակին պատասխան տուին ու ըսին. «Երկիրը պտըտեցանք ու տեսանք թէ բոլոր երկիրը հանդարտ կեցեր է»։
12 Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ. «Ո՛վ զօրքերու Տէր, մինչեւ ե՞րբ պիտի չողորմիս Երուսաղէմի եւ Յուդայի քաղաքներուն, որոնց եօթանասուն տարիէ ի վեր բարկացած ես»։
13 Տէրը ինծի հետ խօսող հրեշտակին բարի խօսքերով ու մխիթարական խօսքերով պատասխան տուաւ։
14 Եւ հրեշտակն ալ ինծի ըսաւ. «Կանչէ՛ ու ըսէ՛,Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.‘Երուսաղէմի համար ու Սիօնի համարՉափազանց նախանձախնդիր եմ։
15 Խաղաղ ազգերուն խիստ շատ բարկացած եմ,Քանզի երբ ես քիչ բարկացայ,Անոնք չարութիւնը աւելցուցին’։
16 ‘Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ.Երուսաղէմին կարեկցութեամբ դարձայ’։‘Իմ տունս անոր մէջ պիտի շինուիՈւ Երուսաղէմի վրայ լար պիտի քաշուի’»։
17 Դարձեալ կանչէ՛ ու ըսէ՛,Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Իմ քաղաքներս նորէն բարիքներով պիտի յորդինԵւ Տէրը նորէն Սիօնը պիտի մխիթարէ,Նորէն Երուսաղէմը պիտի ընտրէ»։
ԵՂՋԻՒՐՆԵՐՈՒ ՏԵՍԻԼՔԸ
18 Աչքերս վերցուցի ու նայեցայ եւ տեսայ չորս եղջիւր։
19 Ինծի հետ խօսող հրեշտակին ըսի. «Ասոնք ի՞նչ են»։ Ան ինծի ըսաւ. «Ասոնք են այն եղջիւրները, որոնք Յուդան, Իսրայէլն ու Երուսաղէմը ցրուեցին»։
20 Եւ Տէրը ինծի չորս դարբիններ ցուցուց։
21 Ես ըսի. «Ասոնք ի՞նչ պիտի ընեն»։ Անիկա խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ասոնք են այն եղջիւրները, որոնք Յուդան ցրուեցին, այնպէս որ ոեւէ մարդ չկրցաւ իր գլուխը վերցնել։ Ուստի ասոնք եկան որպէս զի զանոնք վախցնեն ու Յուդայի երկիրը ցրուելու համար եղջիւր վերցնող ազգերուն եղջիւրները վար ձգեն»։