ԵՐԵՄԵԱՅ 39։1-18

39  Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովը Երուսաղէմ եկաւ ու զանիկա պաշարեց։  Սեդեկիային տասնըմէկերորդ տարուան չորրորդ ամիսը, ամսուան իննին քաղաքին պարիսպը ճեղքուեցաւ։  Եւ Բաբելոնի թագաւորին բոլոր իշխանները, այսինքն Ներգեղսարասարը, Սամերգանաբաւ, Սարսեքիմ ներքինապետը, Ներգեղսարասար մոգպետը ու Բաբելոնի թագաւորին բոլոր մնացած իշխանները եկան միջին դուռը նստան։  Երբ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորն ու բոլոր պատերազմիկները զանոնք տեսան, փախան ու քաղաքէն գիշերով թագաւորին պարտէզին ճամբովը երկու պարսպին մէջի դռնէն դուրս ելան։  Քաղդէացիներուն զօրքը անոնց ետեւէն ինկան ու Երիքովի դաշտերուն մէջ Սեդեկիային հասան եւ զանիկա բռնեցին ու Եմաթի երկիրը՝ Ռեբղա՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին առջեւ հանեցին, որ անոր դատը տեսաւ։  Բաբելոնի թագաւորը Ռեբղայի մէջ Սեդեկիային տղաքը անոր աչքերուն առջեւ ու Յուդայի բոլոր ազնուականները մորթեց։  Եւ Սեդեկիային աչքերը կուրցուց ու զանիկա շղթաներով կապեց, որպէս զի Բաբելոն տանի։  Քաղդէացիները կրակով այրեցին թագաւորին ու ժողովուրդին տուները ու Երուսաղէմի պարիսպները փլցուցին։  Նաբուզարդան դահճապետը քաղաքին մէջ մնացած ժողովուրդը ու իր կողմը անցած փախստականները եւ ուրիշ մնացորդներ Բաբելոն գերի տարաւ։ 10  Նաբուզարդան դահճապետը Յուդայի երկրին մէջ թողուց ժողովուրդին աղքատները, որոնք բան մը չունէին եւ նոյն օրը անոնց այգիներ ու արտեր տուաւ։ ԵՐԵՄԻԱ ՎԵՐՍՏԻՆ Կ’ԱԶԱՏԻ 11  Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Երեմիային համար Նաբուզարդան դահճապետին պատուիրեց ու ըսաւ. 12  «Զանիկա ա՛ռ եւ աչքդ անոր վրայ ըլլայ ու անոր ամենեւին չարիք մի՛ հասցներ եւ ինչ որ քեզի ըսէ՝ այնպէս ըրէ՛»։ 13  Նաբուզարդան դահճապետը ու Նաբուսազաբան ներքինապետը ու Ներգեղսարասար մոգպետը եւ Բաբելոնի թագաւորին բոլոր նախարարները մարդ ղրկեցին 14  Ու Երեմիան բանտին գաւիթէն առին ու զանիկա Սափանին որդիին Աքիկամին որդիին Գոդողիային տուին, որպէս զի զանիկա տունը տանի։ Անիկա ժողովուրդին մէջ բնակեցաւ։ ԱԲԴԵՄԵԼԷՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՅՈՅՍ 15  Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային, երբ անիկա բանտին գաւիթին մէջ արգելափակուած էր, ըսելով. 16  «Գնա՛ Եթովպիացի Աբդեմելէքին խօսէ՛ ու ըսէ՛. «Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս քաղաքին վրայով ըսած խօսքերս պիտի գործադրեմ՝ չարիքի եւ ոչ թէ բարիքի համար ու այն օրը քու աչքերուդ առջեւ պիտի կատարուին։ 17  Եւ այն օրը քեզ պիտի ազատեմ ու այն մարդոց ձեռքը պիտի չտրուիս, որոնց երեսէն դուն կը վախնաս։ 18  Վասն զի քեզ անշուշտ պիտի ազատեմ ու սուրով պիտի չիյնաս եւ քու կեանքդ քեզի աւարի մը պէս պիտի ըլլայ, քանզի ինծի ապաւինեցար’», կ’ըսէ Տէրը։

Ստորանիշներ