ԵՐԵՄԵԱՅ 23։1-40

23  «Վա՜յ այն հովիւներուն,Որոնք իմ արօտիս ոչխարները կը կորսնցնեն ու կը ցրուեն», կ’ըսէ Տէրը։   Անոր համար այսպէս կ’ըսէ Իսրայէլի Տէր ԱստուածըԱյն հովիւներուն՝ որ իր ժողովուրդը կը հովուեն.«Դուք իմ ոչխարներս ցրուեցիք ու զանոնք վռնտեցիքԵւ անոնց հոգ չտարիք։Ահա ես ձեր գործերուն չարութեանը համարՁեզ պիտի պատժեմ, կ’ըսէ Տէրը։   Ես իմ ոչխարներուս մնացորդը պիտի հաւաքեմԱյն բոլոր երկիրներէն՝ ուր զանոնք քշեր էի։Զանոնք իրենց փարախները* պիտի դարձնեմ,Ուր պիտի աճին ու շատնան։   Անոնց վրայ հովիւներ պիտի դնեմ, որ զանոնք հովուեն.Անոնք ա՛լ պիտի չվախնան ու պիտի չզարհուրինՈւ պիտի չպակսին», կ’ըսէ Տէրը։   «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը,Երբ Դաւիթէն արդարութեան շառաւիղ մը պիտի հանեմ,Որ թագաւորի պէս թագաւորութիւն պիտի ընէ,Իմաստութեամբ պիտի վարուիՈւ երկրի վրայ իրաւունք ու արդարութիւն պիտի ընէ։   Անոր օրերը Յուդան պիտի ազատիԵւ Իսրայէլը ապահովութեամբ պիտի բնակի։Այս է անոր անունը, որով պիտի կոչուի.‘ՏԷՐԸ՝ ՄԵՐ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ’։   «Անոր համար ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը,Երբ ա՛լ պիտի չըսուի թէ ‘Կենդանի է Տէրը,Որ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն հանեց’։   Հապա՝ ‘Կենդանի է Տէրը,Որ Իսրայէլի սերունդը հանեց ու բերաւ հիւսիսի երկրէնԵւ այն բոլոր երկիրներէն, ուր զանոնք քշեր էր’Ու անոնք իրենց երկրին մէջ պիտի բնակին»։ ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՄԱՐԳԱՐԷՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ   Մարգարէներուն համար սիրտս ներսիդիս կը կոտրի.Բոլոր ոսկորներս կը դողան.Տէրոջը երեսէն ու անոր սուրբ խօսքերուն երեսէնԳինով մարդու պէսԵւ գինին գլուխը զարկած մարդու պէս եղայ։ 10  Քանզի երկիրը շնացողներով լեցուած է,Եւ անէծքի պատճառով երկիրը սուգ կը բռնէ։Անմշակ արօտները չորցան,Որովհետեւ անոնք չար ճամբէ կ’ընթանանԵւ անոնց ոյժը ուղղութեան համար չէ։ 11  «Վասն զի թէ՛ մարգարէն եւ թէ՛ քահանան պղծուեցան,Անոնց չարութիւնը իմ տանս մէջ ալ գտայ», կ’ըսէ Տէրը։ 12  «Անոր համար անոնց ճամբաներըԽաւարի մէջ սահեցնող տեղերու պէս պիտի ըլլան անոնց,Անոնք պիտի սահին ու պիտի իյնան.Վասն զի ես պատուհասի տարինԱնոնց վրայ չարիք պիտի բերեմ», կ’ըսէ Տէրը։ 13  «Սամարիայի մարգարէներուն մէջԱնզգամութիւն տեսայ.Բահաղի անունով կը մարգարէանանԵւ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը՝ կը մոլորեցնեն։ 14  Երուսաղէմի մարգարէներուն մէջ սոսկալի բան մը տեսայ.Անոնք շնութիւն կ’ընեն ու ստութեան մէջ կը քալեն,Չարագործներուն ձեռքերը կ’ուժովցնեն,Որպէս զի ետ չդառնան իրենց չարութենէն.Անոնք ինծի Սոդոմի պէսՈւ անոր բնակիչները Գոմորի պէս եղան»։ 15  Ասոր համար զօրքերու Տէրը մարգարէներուն համար այսպէս կ’ըսէ.«Ահա ես անոնց օշինդր պիտի կերցնեմԵւ անոնց դառնութեան ջուր պիտի խմցնեմ,Վասն զի Երուսաղէմի մարգարէներէն ամբարշտութիւն ելաւՈւ բոլոր երկրին մէջ տարածուեցաւ»։ 16  Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Ձեզի մարգարէութիւն ընողներուն խօսքերուն մտիկ մի՛ ընէք.Անոնք ունայնութեան կը տանին ձեզ,Իրենց սրտին տեսիլքը կը խօսին,Ո՛չ թէ Տէրոջը բերնէն»։ 17  «Անոնք զիս անարգողներուն կը խօսին ու կ’ըսեն,Տէրը ըսաւ. ‘Ձեզի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ’Եւ իրենց սրտին կամակորութեանը մէջ քալողներուն կ’ըսեն՝‘Ձեր վրայ չարիք պիտի չգայ’»։ 18  Անոնցմէ ո՞վ կայնեցաւ Տէրոջը խորհուրդին մէջ,Ո՞վ իմացաւ ու անոր խօսքը լսեց։Անոր խօսքին ո՞վ ականջ տուաւ ու մտիկ ըրաւ։ 19  Ահա Տէրոջը մրրիկը սրտմտութեամբ ելաւ.Անիկա սաստիկ մրրիկ է,Ամբարիշտներուն գլխուն վրայ պիտի յարձակի։ 20  Տէրոջը բարկութիւնը ետ պիտի չդառնայ,Մինչեւ որ իր սրտին խորհուրդները չկատարէ ու չհաստատէ։Վերջին օրերը ասիկա աղէկ պիտի հասկնաք։ 21  «Այս մարգարէները ես չղրկեցի, բայց անոնք կը վազեն։Ես անոնց չխօսեցայ, բայց անոնք կը մարգարէանան։ 22  Իսկ եթէ անոնք իմ խորհուրդիս մէջ կեցած ըլլային,Այն ատեն իմ խօսքս իմ ժողովուրդիս պիտի յայտնէինԵւ զանոնք իրենց չար ճամբաներէնՈւ իրենց չար գործերէն պիտի դարձնէին»։ 23  «Միթէ ես մօտէ՞ն Աստուած եմՈւ հեռուէն Աստուած չե՞մ», կ’ըսէ Տէրը։ 24  «Կամ թէ մէկը ծածուկ տեղեր կրնա՞յ պահուիլ,Որ ես զանիկա չտեսնեմ», կ’ըսէ Տէրը։«Միթէ երկինքն ու երկիրը լեցնողը ես չե՞մ», կ’ըսէ Տէրը։ 25  «Իմ անունովս սուտ մարգարէութիւն ընող մարգարէներուն ըսածները լսեցի,Որոնք կ’ըսեն. ‘Երազ տեսայ, երազ տեսայ’։ 26  Մինչեւ ե՞րբ ասիկա սուտ մարգարէութիւն ընող մարգարէներուն սրտին մէջ պիտի ըլլայ,Որոնք իրենց սրտին նենգութիւններով կը մարգարէանան։ 27  Անոնք իրենց երազներովը, որոնք իրարու կը պատմեն,Իմ անունս իմ ժողովուրդիս մոռցնել կը խորհին,Ինչպէս իրենց հայրերը Բահաղի պատճառով իմ անունս մոռցան։ 28  Երազ տեսնող մարգարէն թող երազ պատմէ,Իսկ իմ խօսքս ունեցողը ճշմարտութեամբ թող իմ խօսքս յայտնէ.«Յարդը ցորենին քով ի՞նչ է», կ’ըսէ Տէրը։ 29  «Միթէ իմ խօսքս կրակի պէս չէ՞, կ’ըսէ Տէրը,Կամ ապառաժը կոտրտող մուրճի պէս չէ՞»։ 30  «Անոր համար ահա ես այն մարգարէներուն դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը,Որոնք՝ բոլորն ալ իրենց ընկերէն իմ խօսքերս կը գողնան»։ 31  «Ահա ես այն Մարգարէներուն դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը,Որոնք իրենց լեզուները կը գործածեն ու կ’ըսեն՝ ‘Անիկա ըսաւ’»։ 32  «Ահա ես այն սուտ երազներ մարգարէացողներուն դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը,Որ զանոնք պատմելով իմ ժողովուրդս կը մոլորեցնենԻրենց ստութիւններովն ու սնապարծութիւնովը։Ես զանոնք չղրկեցի եւ անոնց չպատուիրեցի։Անոնք այս ժողովուրդին ամենեւին օգուտ մը պիտի չընեն», կ’ըսէ Տէրը։ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԵՌԸ 33  Երբ այս ժողովուրդէն մէկը՝Կամ մարգարէ մը կամ քահանայ մըՔեզի հարցնէ ու ըսէ թէ՝ ‘Տէրոջը բեռը* ի՞նչ է’,Այն ատեն անոնց ըսէ. ‘Դուք էք Տէրոջը բեռը’։«Ես ձեզ անշուշտ պիտի լքեմ», կ’ըսէ Տէրը։ 34  «Այն մարգարէն կամ քահանան, կամ ժողովուրդը,Որ Տէրոջը բեռը կ’ըսէ,Այն մարդը ու անոր տունը պիտի պատժեմ», կ’ըսէ Տէրը։ 35  Ամէն մարդ իր ընկերինՈւ ամէն մարդ իր եղբօրը այսպէս պէտք է ըսէ.«Տէրը ի՞նչ պատասխան տուաւ» կամ«Տէրը ի՞նչ խօսեցաւ»։ 36  Ու ա՛լ Տէրոջը բեռը մի՛ յիշէք.Վասն զի ամէն մարդու բեռ իր խօսքը պիտի ըլլայ.Բայց դուք կենդանի Աստուծոյն,Զօրքերու Տէրոջը, մեր Աստուծոյն, խօսքը փոխեցիք։ 37  Մարգարէին այսպէս պէտք է ըսէք.«Տէրը քեզի ի՞նչ պատասխան տուաւ» կամ«Տէրը ի՞նչ խօսեցաւ»։ 38  Բայց եթէ ‘Տէրոջը բեռը’ կ’ըսէք,Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Քանի որ այս խօսքը, այսինքն ‘Տէրոջը բեռը’, կ’ըսէք,Թէեւ ես ձեզի լուր ղրկեցի ու ըսի՝ ‘Տէրոջը բեռը’ մի՛ ըսէք, 39  Անոր համար ահա ես ձեզ բոլորովին պիտի մոռնամՈւ երեսէ պիտի ձգեմ ձեզ եւԱյն քաղաքը, որ ձեզի ու ձեր հայրերուն տուի։ 40  Ձեր վրայ յաւիտենական նախատինքՈւ յաւիտենական անարգանք պիտի դնեմ,Որ պիտի չմոռցուի»։

Ստորանիշներ

23։3 Կամ, արօտները
23։33 Այսինքն, պատգամը