ԵՍԱՅԵԱՅ 9։1-21
9 Բայց այնպէս խաւար պիտի չըլլայ, ինչպէս նեղութեան ժամանակը,Երբ ժամանակին անարգեց Զաբուղոնի երկիրը ու Նեփթաղիմի երկիրը.Հապա վերջին ատենը պիտի փառաւորէ ծովուն ճամբան,Յորդանանի անդիի կողմը, Հեթանոսներու Գալիլիան։
2 Խաւարի մէջ պտըտող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ,Մահուան ստուերին երկիրը բնակողներուն լոյս ծագեցաւ։
3 Ազգը շատցուցիր, անոր ուրախութիւնը մեծցուցիր.Անոնք քու առջեւդ կ’ուրախանան՝ հունձքի ատենի ուրախութեան պէս,Ինչպէս կը ցնծան անոնք, որ աւար կը բաժնեն։
4 Վասն զի Մադիամի օրուանը պէս՝Անոր ծանր լուծը ու կռնակին գաւազանըԵւ անոր վրայ բռնութիւն ընողին ցուպը կոտրեցիր։
5 Քանզի շառաչիւնով պատերազմողներուն բոլոր զէնքերը*Եւ արիւնաթաթախ հանդերձներըՊիտի այրին եւ հրոյ ճարակ ըլլան։
6 Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ,Մեզի որդի մը տրուեցաւԵւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։Անոր անունը պիտի կոչուիՍքանչելի Խորհրդակից, Հզօր Աստուած,Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան Իշխան։
7 Դաւիթին աթոռին վրայ ու անոր թագաւորութեանը վրայԱնոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ,Որպէս զի հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեանԻրաւունքով ու արդարութիւնով հաստատէ ու զօրացնէ զանիկա։Զօրքերու Տէրոջը նախանձը պիտի ընէ ասիկա։
ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ ԻՍՐԱՅԷԼԸ
8 Տէրը Յակոբին պատգամ ղրկեցՈւ անիկա Իսրայէլին վրայ իջաւ։
9 Բոլոր ժողովուրդը պիտի իմանայ,Այսինքն Եփրեմ ու Սամարիայի բնակիչները,Որոնք ամբարտաւանութեամբ եւ սրտի հպարտութեամբ կ’ըսեն.
10 «Թէեւ աղիւսները ինկան,Բայց մենք տաշուած քարերով պիտի շինենք։Մոլաթզենիները կտրուեցան,Բայց մենք անոնց տեղ եղեւնափայտեր պիտի դնենք»։
11 Սակայն Տէրը անոր վրայ Ռասինին հակառակորդները պիտի յարուցանէՈւ անոր թշնամիները պիտի գրգռէ*։
12 Ասորիները՝ արեւելքէն*, Փղշտացիները՝ արեւմուտքէն*Անոնք լեցուն բերանով Իսրայէլը պիտի ուտեն։Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ,Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։
13 Քանզի ժողովուրդը զինք զարնողին չի դառնարՈւ զօրքերու Տէրը չի փնտռեր։
14 Տէրը Իսրայէլին գլուխն ու պոչը,Արմաւենիի ոստն ու կնիւնըՄէկ օրուայ մէջ պիտի կտրէ։
15 (Ծերն ու պատուաւոր մարդը գլուխն էԵւ ստութիւն սորվեցնող մարգարէն պոչն է)
16 Եւ այս ժողովուրդին առաջնորդները պիտի մոլորեցնեն զանոնքԵւ անոնցմէ առաջնորդուածները պիտի կլլուին։
17 Այս պատճառով Տէրը անոր երիտասարդներուն պիտի չհաճիԵւ անոր որբերուն ու որբեւայրիներուն պիտի չողորմի.Վասն զի ամէնքն ալ կեղծաւոր ու չարագործ եղանԵւ ամէն բերան անզգամութիւն կը խօսի։Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ,Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։
18 Քանզի անօրէնութիւնը կրակի պէս կ’այրէ,Ցախերն ու փուշերը կը սպառէ,Անտառին թանձրախիտ ծառերը կ’այրէՈւ անոնք կը ցնդին վեր ելլող ծուխի պէս։
19 Զօրքերու Տէրոջը բարկութենէն երկիրը պիտի այրի*Ու ժողովուրդը հրոյ ճարակ եղածի պէս պիտի ըլլայ։Մարդ իր եղբօրը պիտի չխնայէ։
20 Աջ կողմը եղածը պիտի յափշտակէ ու անօթի պիտի մնայ։Ձախ կողմինն ալ պիտի ուտէ ու պիտի չկշտանայ։Ամէն մարդ իր բազուկներուն միսը պիտի ուտէ։
21 Մանասէն Եփրեմը պիտի ուտէ ու Եփրեմը՝ Մանասէն։Անոնք մէկտեղ Յուդային վրայ պիտի յարձակին։Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ,Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։
Ստորանիշներ
^ 9։5 Կամ, սռնապանները
^ 9։11 Կամ, սպառազինէ
^ 9։12 Եբր., առջեւէն
^ 9։12 Եբր., ետեւէն
^ 9։19 Կամ, խաւարի