ԵՍԱՅԵԱՅ 57։1-21

57  Արդարը կը կորսուի եւ ուշադրութիւն ընող չկայՈւ բարի մարդիկը աշխարհէն կը վերցուին։Առանց մէկուն իմանալուն արդարը չարիքին երեսէն կը վերցուի։   Անիկա խաղաղութեան մէջ կը մտնէ.Ուղղութեամբ քալողներըԻրենց անկողիններուն վրայ հանգստութիւն կը գտնեն,   Բայց դուք, ո՛վ վհուկի որդիներ՝Շնացողի ու պոռնիկի սերունդ հո՛ս մօտեցէ՛ք.   Դուք ո՞վ ծաղր կ’ընէք,Ձեր բերանը որո՞ւ վրայ կը լայնցնէքՈւ լեզունիդ կ’երկնցնէք։Չէ՞ որ դո՛ւք անօրէնութեան զաւակներ ու ստութեան սերունդ էք։   Դուք ամէն կանանչ ծառերու տակԴէպի կուռքերը* ցանկութեամբ կը տաքնաք։Տղաքները ձորերու մէջ,Վէմերու խոռոչներուն մէջ կը մորթէք։   Քու բաժինդ ձորին տափակ քարերուն մէջ է։Քու վիճակդ անոնք են, անոնք.Անոնց անգամ նուէր թափեցիր, ընծայ մատուցանեցիր։Միթէ ես ասոնց կրնա՞մ համբերել։   Դուն քու անկողինդ բարձրացած ու վերացած լերան վրայ դրիր,Հոն ալ զոհ ընելու ելար։   Դռներուն ու դրանդիքներուն ետեւը քու յիշատակդ դրիր.Զիս լքեցիր եւ մահիճդ բացիրՈւ վեր ելլելով անկողինդ լայնցուցիրԵւ անոնց հետ համաձայնեցար,Անոնց անկողինը սիրեցիր, անոնց մերկութիւնը դիտեցիր։   Թագաւորին քով հոտաւէտ իւղով գացիր,Անուշահոտութիւններդ շատցուցիր,Դեսպաններդ հեռաւոր տեղեր ղրկեցիր,Ինքզինքդ մինչեւ դժոխք իջեցուցիր։ 10  Քու ճամբուդ երկայնութենէն յոգնեցար,Բայց չըսիր. «Յոյս չկայ»։Քու ձեռքիդ նոր կեանք գտար,Անոր համար չթուլցար։ 11  Դուն որմէ՞ զարհուրեցար ու վախցար, որ ստախօս եղար,Զիս չյիշեցիր ու իմ մասիս չխորհեցար։Չէ՞ որ երկար ատեն լուռ կենալուս համար է,Որ ինձմէ չես վախնար։ 12  Ես քու արդարութիւնդ ու գործերդ պիտի հրատարակեմ,Որոնք քեզի օգուտ պիտի չընեն։ 13  Երբ դուն աղաղակես, թող քու հաւաքած կուռքերդ քեզ փրկեն։Բայց հովը պիտի տանի ամէնքը,Շունչ մը զանոնք պիտի հեռացնէ.Սակայն ինծի յուսացողները երկիրը՝ իբրեւ կալուած պիտի ստանանՈւ իմ սուրբ լեռս պիտի ժառանգեն։ ԱՍՏՈՒԱԾ ՕԳՆԵԼ ԵՒ ՓՐԿԵԼ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ 14  Եւ պիտի ըսեն.«Պատրաստեցէ՛ք, պատրաստեցէ՛ք.Ճամբայ բացէ՛ք,Խոչը իմ ժողովուրդիս ճամբայէն վերցուցէ՛ք»։ 15  Քանզի այսպէս կ’ըսէ Բարձրը ու Բարձրեալը,Որ յաւիտենականութեան մէջ կը բնակի ու անոր անունը Սուրբ է.«Ես բարձր ու սուրբ տեղը կը բնակիմ,Բայց կոտրած ու խոնարհ հոգի ունեցողին հետ եմ,Որպէս զի խոնարհներուն հոգին կենդանացնեմԵւ կոտրած սրտերը ապրեցնեմ։ 16  Քանզի յաւիտեան պիտի չվիճիմՈւ միշտ պիտի չբարկանամ,Վասն զի իմ առջեւս հոգիները պիտի մարինԵւ այն կեանքերը՝ որոնք ես ստեղծեցի։ 17  Անոր ագահութեան անօրէնութեանը համար բարկացայՈւ զանիկա զարկի, իմ երեսս ծածկեցի ու սրդողեցայ,Բայց ապստամբը իր կամքին ճամբուն հետեւեցաւ։ 18  Անոր ճամբաները տեսայ, բայց զանիկա պիտի բժշկեմ,Անոր առաջնորդութիւն պիտի ընեմ,Զանիկա ու անոր սգաւորները պիտի մխիթարեմ։ 19  Շրթունքներուն պտուղը ես կը ստեղծեմ»։«Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն ըլլայ հեռուն եղողինԵւ մօտը եղողին, կ’ըսէ Տէրը,Ես զանիկա պիտի բժշկեմ։ 20  Բայց ամբարիշտները ալեծուփ ծովու պէս են, որ չի կրնար հանդարտիլ,Որուն ջուրերը տիղմ ու ցեխ դուրս կը նետեն։ 21  Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան», կ’ըսէ իմ Տէր Աստուածս։

Ստորանիշներ

57։5 Կամ, Բեւեկնիներուն մէջ