ԵՍԱՅԵԱՅ 42։1-25

42  Ահա իմ ծառաս, որուն ձեռնտու պիտի ըլլամՈւ իմ ընտրածս, որուն իմ սիրտս հաւնեցաւ։Իմ Հոգիս անոր վրայ դրի.Անիկա ազգերուն իրաւունք պիտի ընէ։   Անիկա պիտի չպոռայ ու պիտի չաղաղակէԵւ իր ձայնը դուրսը լսել պիտի չտայ։   Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէՈւ պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ,Իրաւունքը հաւատարմութեամբ պիտի յայտնէ։   Անիկա պիտի չտկարանայ ու պիտի չթուլնայ,Մինչեւ որ իրաւունքը երկրի վրայ հաստատէ։Կղզիները անոր օրէնքին պիտի սպասեն։   Երկինքը ստեղծող ու զանիկա կազմող,Երկիրը ու անոր մէջ բուսածը տարածող,Անոր վրայ եղող ժողովուրդին՝ շունչԵւ անոր մէջ քալողներուն ոգի տուողՏէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ.   «Ես՝ Տէրս՝ քեզ արդարութեամբ կանչեցի։Ձեռքէդ պիտի բռնեմ ու քեզ պիտի պաշտպանեմ։Քեզ ժողովուրդին՝ իբր ուխտՈւ ազգերուն իբր լոյս պիտի տամ,   Որպէս զի կոյրերուն աչքերը բանաս,Բանտարկեալները բանտէն հանեսՈւ խաւարի մէջ նստողները՝ կապանքի տունէն։   Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է.Իմ փառքս ուրիշին չեմ տար,Ո՛չ ալ իմ պատիւս՝ կուռքերուն։   Առաջուան բաները ահա եղանՈւ նորերը ես կը յայտնեմ։Անոնք դեռ չեղած ձեզի պիտի իմացնեմ»։ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ 10  Նոր ե՛րգ երգեցէք ՏէրոջըՈւ անոր գովութիւնը՝ երկրի ծայրերէն,Ո՛վ ծով իջնողներ ու զանիկա լեցնողներ,Կղզիներ եւ անոնց բնակիչները։ 11  Անապատն ու անոր քաղաքները,Կեդարի բնակած գիւղերը թող ձայն բարձրացնեն։Վէմին* բնակիչները յաղթանակի երգովԼեռներուն գլխէն թող ձայն տան. 12  Տէրոջը փառք տանԵւ անոր գովութիւնը կղզիներուն մէջ պատմեն։ 13  Տէրը հզօրի պէս պիտի ելլէ,Պատերազմող մարդու պէս իր նախանձը պիտի արթնցնէ.Պիտի աղաղակէ ու բարձրաձայն պիտի գոչէԵւ իր թշնամիներուն պիտի յաղթէ*։ ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՕԳՆԵԼ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ 14  Ես երկար ժամանակ լուռ կեցայ,Ձայնս կտրեցի ու զիս զսպեցի.Հիմա ծնանող կնոջ պէս պիտի պոռամ,Պիտի աւերեմ ու մէկէն պիտի կլլեմ*. 15  Լեռներն ու բլուրները անապատ պիտի ընեմ,Անոնց բոլոր խոտը պիտի չորցնեմ,Գետերը ցամաքի* պիտի վերածեմԵւ լիճերը պիտի ցամքեցնեմ։ 16  Կոյրերը իրենց չգիտցած ճամբուն մէջ պիտի պտըտցնեմ,Զանոնք իրենց չգիտցած շաւիղներուն մէջ պիտի քալեցնեմ.Անոնց առջեւ խաւարը՝ լոյս ու խորտուբորտ տեղերը հաւասար պիտի ընեմ.Անոնց այս բաները պիտի ընեմ ու զանոնք երեսէ պիտի չձգեմ։ 17  Քանդակուած կուռքերու ապաւինողներըԵւ ձուլածոյ կուռքերուն՝ ‘Դուք մեր աստուածներն էք’ ըսողներըԵտ պիտի դառնան ու պիտի ամչնան։ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԹԵՐԱՑՈՒՄԸ ՍՈՐՎԵԼՈՒ ՄԷՋ 18  Ո՛վ խուլեր, լսեցէ՛քԵւ ո՛վ կոյրեր, նայեցէ՛ք, որպէս զի տեսնէք։ 19  Ո՞վ է կոյր իմ ծառայէս զատ,Կամ խուլ՝ իմ ղրկած դեսպանիս պէս.Ո՞վ է կոյր՝ Աստուծոյ նուիրեալին պէսԵւ խուլ՝ Տէրոջը ծառային պէս։ 20  Շատ բաներ կը տեսնես, բայց զգուշութիւն չես ըներ.Ականջներդ բաց են, բայց չես լսեր։ 21  Տէրը իր արդարութեանը համար անոր հաճեցաւ,Իր օրէնքը մեծցուց ու փառաւորեց, 22  Բայց անիկա յափշտակուած եւ կողոպտուած ժողովուրդ մըն է,Ամէնքը քարայրներու մէջ որոգայթի բռնուեցանՈւ բանտերու մէջ պահուեցան։Անոնք յափշտակուեցան, բայց ազատող մը չկայ.Կողոպտուեցան, բայց մէկը չի գտնուիր որ «Ետ տուր», ըսէ։ 23  Ձեր մէջ ո՞վ կայ, որ ասոր ականջ դնէԵւ մտիկ ընէ ու լսէ ինչ որ պիտի գայ։ 24  Ո՞վ մատնեց Յակոբը՝ յափշտակուելուՈւ Իսրայէլը՝ կողոպտուելու։Չէ՞ որ Տէրը՝ որուն դէմ մեղք գործեցին,Վասն զի անոր ճամբաներուն մէջ քալել չուզեցինԵւ անոր օրէնքին չհնազանդեցան։ 25  Ուստի իր սաստիկ բարկութիւնըՈւ պատերազմի ուժգնութիւնը անոր վրայ թափեց։Ամէն կողմէ զանիկա բռնկցուց, բայց անիկա չգիտցաւ.Զանիկա այրեց, բայց անիկա իր սրտին մէջ չառաւ։

Ստորանիշներ

42։11 Կամ, Վէմերու
42։13 Կամ, պիտի զօրանայ
42։14 Կամ, Շունչ առնելով պիտի փչեմ
42։15 Կամ, կղզիներու