ԵԼԻՑ 36։1-38

36  «Այն ատեն Բեսելիէլն ու Ոողիաբը եւ ամէն սրտով իմաստուն եղողը, որոնց որ Տէրը իմաստութիւն ու հանճար տուաւ սրբարանին պաշտամունքին գործերը ընելու եղանակը գիտնալու համար, Տէրոջը բոլոր պատուիրածին պէս գործեցին»։ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՇԱՏ ԸՆԾԱՆԵՐ ԿԸ ԲԵՐԷ  Մովսէս կանչեց Բեսելիէլն ու Ոողիաբն ու ամէն սրտով իմաստուն եղողը, որոնց սրտին մէջ Տէրը իմաստութիւն դրաւ, այսինքն այն ամէնքը՝ որոնց սիրտը կը փափաքէր գործի մօտենալ։  Անոնք Մովսէսէն առին բոլոր ընծաները, որոնք Իսրայէլի որդիները բերին սրբարանին պաշտամունքը անոնցմով ընելու համար։ Անոնք տակաւին կը շարունակէին ամէն առտու կամաւոր ընծաներ բերել։  Սրբարանին գործերը կատարող բոլոր իմաստուն մարդիկը՝ ամէն մէկը իր նախասիրած գործին եկաւ։  Եւ խօսեցան Մովսէսին՝ ըսելով. «Ժողովուրդը աւելի կը բերէ, քան՝ որչափ պէտք է Տէրոջը պատուիրած բաները շինելու համար»։  Մովսէս պատուիրեց քարոզ կարդալ բանակին մէջ. «Ալ ո՛չ մէկ մարդ, ո՛չ մէկ կին սրբարանին ընծայ թող չբերէ»։ Այսպէս ժողովուրդը ընծայ բերելէն դադարեցան։  Բերուած նիւթերը բոլոր գործը շինելու համար բաւեցին ու աւելցան ալ։ ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ (Ելից 26։1-37)  Խորանը շինողներէն բոլոր սրտով իմաստուն եղողները մանուած բարակ քթանէ ու կապուտակէ եւ ծիրանեգոյնէ ու կրկնակի կարմիրէ տասը վարագոյր շինեցին. զանոնք վարպետութեամբ՝ քերովբէներով շինեցին։  Մէկ վարագոյրին երկայնութիւնը քսանըութը կանգուն ու մէկ վարագոյրին լայնութիւնը չորս կանգուն էր։ Բոլոր վարագոյրներուն չափը նոյնն էր։ 10  Հինգ վարագոյրը իրարու կցեց, միւս հինգ վարագոյրն ալ իրարու կցեց։ 11  Կցուածքին ծայրի մէկ վարագոյրին եզերքին վրայ կապուտակէ օղակներ շինեց. միւս կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքն ալ նոյնպէս ըրաւ։ 12  Մէկ վարագոյրին վրայ յիսուն օղակ շինեց եւ միւս կցուածքին վրայ եղած վարագոյրին ծայրն ալ յիսուն օղակ շինեց։ Օղակները դէմ դիմաց էին։ 13  Յիսուն հատ կարթաձեւ ոսկի ճարմանդներ շինեց ու վարագոյրները ճարմանդներով իրարու հետ կոճկեց։ Այնպէս որ խորանը միակտուր եղաւ։ 14  Խորանին վրայի վրանին համար այծի մազէ վարագոյրներ շինեց։ Տասնըմէկ հատ վարագոյր շինեց։ 15  Մէկ վարագոյրին երկայնութիւնը չորս կանգուն ըլլալով՝ տասնըմէկ վարագոյրին չափը նոյնն էր։ 16  Հինգ վարագոյրները՝ զատ ու վեց վարագոյրները զատ կցեց։ 17  Կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ ու միւս կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ շինեց։ 18  Յիսուն հատ կարթաձեւ պղնձէ ճարմանդներ շինեց, որպէս զի վրանը կոճկէ ու միակտուր ըլլայ։ 19  Վրանին համար կարմիր ներկուած խոյի մորթերէ ծածկոց մը ու անոր վրայէն թէհաշի մորթերէ ծածկոց մը շինեց։ 20  Եւ խորանին համար Սատիմի փայտէ կանգնած տախտակներ շինեց։ 21  Մէկ տախտակին երկայնութիւնը տասը կանգուն եւ մէկ տախտակին լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։ 22  Ամէն մէկ տախտակ իրարու յարմարող երկերկու ագուցիկ ծայր ունէր։ Խորանին բոլոր տախտակները նոյնպէս ըրաւ։ 23  Խորանին տախտակները այսպէս շինեց՝ դէպի հարաւ՝ անոր հարաւային կողմին համար քսան տախտակ շինեց։ 24  Քսան տախտակներուն տակ քառասուն արծաթ խարիսխ, այսինքն մէկ տախտակին տակ իր երկու ծայրը անցընելու համար երկու խարիսխ ու միւս տախտակին տակ իր երկու ծայրը անցընելու համար երկու խարիսխ շինեց։ 25  Խորանին միւս կողմին համար դէպի հիւսիս քսան տախտակ շինեց։ 26  Անոնց քառասուն արծաթ խարիսխ, մէկ տախտակին տակ երկու խարիսխ ու միւս տախտակին տակ երկու խարիսխ շինեց։ 27  Խորանին ետեւի կողմին համար դէպի արեւմուտք վեց տախտակ շինեց։ 28  Խորանին ետեւի կողմի անկիւններուն համար երկու տախտակ շինեց։ 29  Անոնք վարէն կը միանային ու վերէն ալ օղակով մը կը միանային։ Երկուքին ալ երկու անկիւնները նոյնպէս ըրաւ։ 30  Այսպէս ութ տախտակ էին։ Անոնց արծաթ խարիսխները տասնըվեց հատ էին։ Ամէն մէկ տախտակի տակ երկու խարիսխ։ 31  Սատիմի փայտէ նիգեր շինեց։ Եւ խորանին մէկ կողմի տախտակներուն համար հինգ 32  Ու խորանին միւս կողմի տախտակներուն համար հինգ նիգ եւ խորանին դէպի արեւմուտք եղած ետեւի կողմի տախտակներուն համար հինգ նիգ։ 33  Մէջտեղի նիգը այնպէս շինեց, որ տախտակներուն մէջտեղէն մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը անցնի։ 34  Տախտակները ոսկիով պատեց ու անոնց օղակները ոսկիէ շինեց՝ նիգերուն տեղեր ըլլալու համար։ Նիգերն ալ ոսկիով պատեց։ 35  Կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ շինեց վարագոյրը. վարպետութեամբ՝ քերովբէներով շինեց զանիկա։ 36  Սատիմի փայտէ չորս սիւն շինեց անոր ու ոսկիով պատեց զանոնք. անոնց ճանկերը ոսկի էին։ Անոնց չորս արծաթ խարիսխ ձուլեց։ 37  Խորանին դրանը համար կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ նկարազարդ դրան վարագոյր մը շինեց։ 38  Անոր հինգ սիւներ ու անոնց ճանկեր շինեց եւ անոնց խոյակներն ու անոնց կապերը ոսկիով պատեց։ Անոնց հինգ խարիսխները պղնձէ էին։

Ստորանիշներ