ԵԼԻՑ 33։1-23

33  Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ելի՛ր դուն ու ժողովուրդն ալ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր ու գնա՛ այն երկիրը, որուն համար երդում ըրի Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ ըսելով. ‘Քու սերունդիդ պիտի տամ զայն’։  Քու առջեւէդ հրեշտակ մը պիտի ղրկեմ ու Քանանացին, Ամօրհացին, Քետացին, Փերեզացին, Խեւացին ու Յեբուսացին պիտի վռնտեմ։  Կաթ ու մեղր բղխող երկիրը պիտի ելլես. բայց ես ձեզի հետ* պիտի չելլեմ, քանզի դուն խստապարանոց ժողովուրդ մըն ես. չըլլայ որ քեզ ճամբուն մէջ բնաջինջ ընեմ»։  Երբ ժողովուրդը այս չար խօսքը լսեց, սուգ ըրաւ եւ մէ՛կը իր զարդը իր վրայ չդրաւ.  Վասն զի Տէրը ըսած էր Մովսէսին. «Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն. ‘Դուք խստապարանոց ժողովուրդ մըն էք. եթէ րոպէ մը ձեր մէջ ելլելու ըլլամ, ձեզ բնաջինջ պիտի ընեմ. ուստի հիմա ձեր վրայէն զարդերնիդ վերցուցէք, որպէս զի ձեզի ընելիքս գիտնամ’»։  Իսրայէլի որդիները իրենց զարդերը հանեցին Քորեբ լերան քով։ ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՆԸ  Մովսէս առաւ խորանը ու բանակին դուրսիդին՝ բանակէն հեռու կանգնեցուց զայն եւ անոր անունը «Վկայութեան Խորան» դրաւ եւ ով որ Տէրը կը խնդրէր, բանակին դուրսիդին եղած վկայութեան խորանը կ’ելլէր։  Երբ Մովսէս խորանը կ’երթար, բոլոր ժողովուրդը կ’ելլէր ու ամէն մէկը իր վրանին դուռը կը կայնէր ու Մովսէսին ետեւէն կը նայէր, մինչեւ անիկա խորանը մտնէր։  Մովսէս խորանը մտածին պէս ամպի սիւնը կ’իջնէր ու խորանին դուռը կը կայնէր եւ Տէրը Մովսէսին հետ կը խօսէր։ 10  Բոլոր ժողովուրդը կը տեսնէր, որ ամպի սիւնը խորանին դուռը կը կայնէր ու բոլոր ժողովուրդը կ’ելլէր եւ ամէն մէկը իր վրանին դուռը երկրպագութիւն կ’ընէր։ 11  Տէրը կը խօսէր Մովսէսին հետ դէմ առ դէմ, ինչպէս մարդ մը իր բարեկամին հետ կը խօսի ու Մովսէս նորէն բանակը կը դառնար, բայց անոր ծառան, Նաւէի որդին Յեսու պատանին, խորանին մէջէն չէր հեռանար։ ՏԷՐԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ ԸԼԼԱԼ 12  Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. «Նայէ՛, դուն կ’ըսես ինծի՝ ‘Հանէ՛ այս ժողովուրդը’. բայց դուն ինծի չգիտցուցիր թէ ո՞վ ինծի հետ պիտի ղրկես։ Բայց ըսիր՝ ‘Քեզ անունովդ կը ճանչնամ ու նաեւ իմ առջեւս շնորհք գտար’։ 13  Ուստի հիմա կ’աղաչեմ, եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, ինծի ցուցուր ուրեմն քու ճամբադ՝ որպէս զի ճանչնամ քեզ, այնպէս որ քու առջեւդ շնորհք գտնեմ ու միտքդ բեր* որ այս ազգը քու ժողովուրդդ է»։ 14  Անիկա ըսաւ. «Իմ ներկայութիւնս քեզի հետ պիտի երթայ ու քեզ պիտի հանգստացնեմ»։ 15  Եւ Մովսէս ըսաւ անոր. «Եթէ քու ներկայութիւնդ մեզի հետ չերթայ, մեզ այս տեղէն մի՛ հաներ։ 16  Քանզի ինչո՞վ պիտի գիտցուի թէ ես ու քու ժողովուրդդ քու առջեւդ շնորհք գտանք, եթէ ո՛չ՝ քու մեզի հետ երթալովդ։ Այսպէս ես ու քու ժողովուրդդ երկրի երեսին վրայ եղած բոլոր ժողովուրդներէն պիտի զատուինք»։ 17  Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Այս բանն ալ պիտի ընեմ, որ դուն ըսիր, վասն զի իմ առջեւս շնորհք գտար ու ես քեզ անունովդ կը ճանչնամ»։ 18  Մովսէս ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, քու փառքդ ցուցուր ինծի»։ 19  Տէրը ըսաւ. «Իմ բոլոր բարութիւնս քու առջեւէդ պիտի անցընեմ ու Տէրոջը անունը քու առջեւդ պիտի կանչեմ եւ որու որ պիտի ողորմիմ՝ կ’ողորմիմ ու որու վրայ որ պիտի գթամ՝ կը գթամ»։ 20  Ու աւելցուց. «Դուն իմ երեսս չես կրնար տեսնել. վասն զի մարդ չի կրնար զիս տեսնել ու ապրիլ»։ 21  Եւ Տէրը ըսաւ. «Ահա քովս տեղ մը կայ ու ժայռին վրայ կայնէ. 22  Եւ երբ իմ փառքս անցնելու ըլլայ՝ քեզ ժայռին խոռոչին մէջ դնեմ ու քեզ իմ ձեռքովս ծածկեմ, մինչեւ որ ես անցնիմ. 23  Ետքը իմ ձեռքս պիտի վերցնեմ ու իմ ետիս պիտի տեսնես. բայց իմ երեսս պիտի չտեսնուի»։

Ստորանիշներ

33։3 Եբր., ձեր մէջ
33։13 Եբր., տես