ԵԼԻՑ 23։1-33

23  «Սուտ լուր մի՛ տանիր. անօրէնին հետ ձեռքդ մի՛ միացներ անիրաւ վկայ ըլլալով։  Չարութիւն ընելու համար բազմութեան մի՛ հետեւիր ու դատաստանի մէջ իրաւունքը ծռելու համար շատերուն կողմը խոտորելով՝ մի՛ խօսիր։  Աղքատին աչառութիւն մի՛ ըներ իր դատին մէջ։  Եթէ քու թշնամիիդ մոլորած եզին կամ իշուն հանդիպելու ըլլաս, անշուշտ իրեն պէտք է դարձնես զանիկա։  Եթէ քեզ ատողին էշը բեռի տակ ինկած տեսնես, զգուշացիր, զայն մի՛ լքեր, անոր հետ ազատէ էշը։  Քու աղքատիդ դատին մէջ անոր իրաւունքը մի՛ ծռեր.  Սուտ խօսքէն հեռու կեցիր եւ անմեղն ու արդարը մի՛ մեռցներ. վասն զի ես չարը պիտի չարդարացնեմ։  Կաշառք մի՛ առներ. վասն զի կաշառքը աչքը բաց մարդիկը կը կուրցնէ եւ արդարներուն դատերը կը խանգարէ։  Օտարականը մի՛ նեղէք, վասն զի օտարականին սրտին վիճակը գիտէք, որովհետեւ դուք ալ Եգիպտոսի մէջ օտարական էիք։ ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՏԱՐԻՆ ԵՒ ՕՐԸ 10  Քու երկիրդ վեց տարի սերմանէ՛ ու անոր արդիւնքը հաւաքէ՛։ 11  Բայց եօթներորդ տարին ազատ ձգէ՛ ու թո՛ղ զայն, որպէս զի քու ժողովուրդիդ աղքատները ուտեն եւ անոնցմէ մնացածը դաշտին անասունները ուտեն. քու այգիիդ ու ձիթաստանիդ ալ այսպէս ըրէ։ 12  Վեց օր քու գործդ գործէ՛ ու եօթներորդ օրը հանգստացիր, որպէս զի քու եզդ ու էշդ ալ հանգստանան եւ քու աղախինիդ որդին ու օտարականը շունչ առնեն։ 13  Եւ բոլոր ձեզի ըսածներուս մէջ զգոյշ եղէք եւ ուրիշ աստուածներու անուն մի՛ յիշէք. ձեր բերնէն թող չլսուի։ ԵՐԵՔ ՄԵԾ ՏՕՆԵՐԸ (Ելից 34։18-26. Բ. Օր. 16։1-17) 14  Տարին երեք անգամ տօն պահէ՛։ 15  Բաղարջակերաց տօնը պահէ՛. քեզի պատուիրածիս պէս եօթը օր անխմոր հաց պիտի ուտես Ապիպ ամսուան մէջ սահմանուած ժամանակին. վասն զի այն ամսուան մէջ Եգիպտոսէն ելար։ Բնաւ մէկը ձեռքը դատարկ թող չերեւնայ իմ առջեւս։ 16  Արտին մէջ ցանելու աշխատութեանդ երախայրի պտուղը հնձելու տօնը ու տարուան վերջը հաւաքելու տօնը պահէ՛, երբ արտէն քու աշխատութիւնդ կը հաւաքես։ 17  Տարին երեք անգամ քու բոլոր արուներդ Տէր Եհովային առջեւ թող երեւնան։ 18  Իմ զոհիս արիւնը խմորեալ հացով մի՛ մատուցաներ ու իմ տօնիս ճարպը մինչեւ առտու թող չմնա՛յ։ 19  Քու երկրիդ առաջին երախայրիները քու Տէր Աստուծոյդ տունը պէտք է տանիս։ Ուլը մօրը կաթին մէջ մի՛ եփեր։ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄՆԵՐ 20  Ահա քու առջեւէդ հրեշտակ մը կը ղրկեմ, որ ճամբուն մէջ քեզ պահպանէ ու իմ պատրաստած տեղս տանի քեզ։ 21  Զգուշութեամբ անոր խօսքին մտիկ ըրէ, անոր անհնազանդ մի՛ ըլլար. վասն զի անիկա ձեր յանցանքը պիտի չներէ, քանզի իմ անունս անոր վրայ է։ 22  Բայց եթէ ուշադրութեամբ անոր խօսքին մտիկ ընես ու իմ բոլոր ըսածս կատարես, այն ատեն քու թշնամիներուդ թշնամի պիտի ըլլամ եւ քու հակառակորդներուդ՝ հակառակորդ։ 23  Քանզի իմ հրեշտակս քու առջեւէդ պիտի երթայ եւ քեզ Ամօրհացիներուն ու Քետացիներուն եւ Փերեզացիներուն ու Քանանացիներուն, Խեւացիներուն ու Յեբուսացիներուն պիտի տանի եւ ես պիտի ջարդեմ զանոնք։ 24  Անոնց աստուածներուն երկրպագութիւն կամ ծառայութիւն մի՛ ըներ ու անոնց ըրածին պէս մի՛ ըներ. հապա բոլորովին կործանէ՛ զանոնք ու կուռքերը բոլորովին կոտրտէ՛։ 25  Ձեր Տէր Աստուածը պաշտեցէ՛ք ու ես ձեր հացն ու ջուրը պիտի օրհնեմ եւ ձեր մէջէն հիւանդութիւնը պիտի վերցնեմ։ 26  Քու երկրիդ մէջ վիժող ու ամուլ պիտի չըլլայ։ Քու օրերուդ թիւը պիտի շատցնեմ։ 27  Իմ երկիւղս քու առջեւէդ պիտի ղրկեմ եւ պիտի կորսնցնեմ այն ժողովուրդը, որուն քով կ’երթաս ու քու բոլոր թշնամիներուդ կռնակը քեզի պիտի դարձնեմ։ 28  Եւ քու առջեւէդ իշամեղու պիտի ղրկեմ, որպէս զի Խեւացիները, Քանանացիներն ու Քետացիները քու առջեւէդ վռնտէ։ 29  Անոնք քու առջեւէդ մէկ տարուան մէջ պիտի չվռնտեմ, որ չըլլայ թէ երկիրը ամայանայ ու դաշտին գազանները շատնան։ 30  Զանոնք քու առջեւէդ կամաց կամաց պիտի վռնտեմ, մինչեւ որ դուն բազմանաս ու երկիրը ժառանգես։ 31  Քու սահմաններդ Կարմիր ծովէն մինչեւ Փղշտացիներուն ծովը ու անապատէն մինչեւ Եփրատ գետը պիտի ըլլան. վասն զի այն երկրին բնակիչները քու ձեռքդ պիտի տամ, որ զանոնք քու առջեւէդ վռնտես։ 32  Անոնց հետ ու անոնց աստուածներուն հետ ուխտ մի՛ ըներ։ 33  Քու երկրիդ մէջ թող չբնակին, որպէս զի քեզի մեղք գործել չտան ինծի դէմ. վասն զի եթէ անոնց աստուածները պաշտես, անշուշտ այն քեզի որոգայթ պիտի ըլլայ»։

Ստորանիշներ