ԵԶՐԱՍ 8։1-36
8 Արտաշէս թագաւորին թագաւորութեան ատենը՝ ինծի հետ Բաբելոնէն դարձողներուն տոհմապետներն ու համրանքը ասոնք են՝
2 Փենէհէսին որդիներէն Գերսոնը, Իթամարին որդիներէն Դանիէլը, Դաւիթին որդիներէն Քետտուսը,
3 Սեքենիային որդիներէն՝ Փարոսին որդիներէն Զաքարիան ու անոր հետ հարիւր յիսուն այր մարդ համրուեցան։
4 Փաաթ–Մովաբին որդիներէն՝ Զարիային որդին Եղիովէնային ու անոր հետ երկու հարիւր այր մարդ.
5 Սեքենիային որդիներէն Յազիէլի որդին ու անոր հետ երեք հարիւր այր մարդ
6 Եւ Ադինին որդիներէն Յովնաթանին որդին Աբեդը ու անոր հետ յիսուն այր մարդ
7 Ու Եղամին որդիներէն Գոթողիային որդին Եսային ու անոր հետ եօթանասուն այր մարդ
8 Եւ Սափատիային որդիներէն Միքայէլին որդին Զաբադիան ու անոր հետ ութսուն այր մարդ.
9 Յովաբին որդիներէն՝ Յեքիէլին որդին Աբդիան ու անոր հետ երկու հարիւր տասնըութը այր մարդ
10 Եւ Սաղօմիդին որդիներէն Յօսեփային որդին ու անոր հետ հարիւր վաթսուն այր մարդ
11 Եւ Բեբայիին որդիներէն Բեբայիին որդին Զաքարիան ու անոր հետ քսանըութը այր մարդ
12 Եւ Ազգադին որդիներէն Ակատանի որդին Յօհանան ու անոր հետ հարիւր տասը այր մարդ
13 Եւ Ադոնիկամին որդիներէն վերջինները՝ որոնց անունները ասոնք էին՝ Եղիփաղէտ, Յէիէլ ու Սեմայիա եւ անոնց հետ վաթսուն այր մարդ.
14 Բագուէին որդիներէն Ութային ու Զաբուդը ու անոնց հետ եօթանասուն այր մարդ։
ԵԶՐԱՍ ՏԱՃԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐ ԿԸ ԳՏՆԷ
15 Ասոնք Ահավա վազող գետին եզերքը հաւաքեցի ու հոն երեք օր իջեւան ըրինք։ Ժողովուրդն ու քահանաները աչքէ անցուցի ու հոն Ղեւտացիներու որդիներէն մա՛րդ մը չգտայ։
16 Այն ատեն Եղիազար, Արիէլ, Սեմայիա, Եղնաթան, Հարիպ, Եղնաթան, Նաթան, Զաքարիա ու Մեսուղամ իշխանները ու Յովաբիբ ու Եղնաթան իմաստունները կանչել տուի
17 Եւ զանոնք Քասիփիա ըսուած տեղը եղող Ադդով իշխանին պատուէրներով ղրկեցի ու Քասիփիա ըսուած տեղը եղող Ադդովին ու անոր եղբայրներուն, Նաթանայիմներուն, ըսուելիք խօսքերը անոնց բերանը դրի, որպէս զի մեր Աստուծոյն տանը համար մեզի պաշտօնեաներ բերեն։
18 Մեր Աստուծոյն բարի ձեռքին մեր վրայ ըլլալուն համար՝ Իսրայելեան Ղեւիի որդիին Մոողիին որդիներէն հանճարեղ մարդ մը, այսինքն Սարաբիան ու անոր որդիները ու եղբայրները տասնըութը մարդ բերին մեզի.
19 Նաեւ Ասաբիան ու անոր հետ Մերարիի որդիներէն Եսային ու անոր եղբայրները ու անոնց որդիները՝ քսան մարդ
20 Ու Նաթանայիմներէն, որոնք Դաւիթ ու իր իշխանները Ղեւտացիներու ծառայութեանը տուեր էին, բոլորը իրենց անուններովը յիշուած՝ երկու հարիւր քսան Նաթանայիմներ։
ԵԶՐԱՍ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՂՕԹՔԻ Կ’ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ
21 Հոն Ահավայի գետին քով ծոմապահութիւն քարոզեցի, որպէս զի խոնարհինք մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ ու անկէ յաջող ճամբորդութիւն խնդրենք մեզի ու մեր ընտանիքներուն եւ մեր բոլոր ստացուածքին համար.
22 Վասն զի ճամբուն մէջ մեզ թշնամիներէն պաշտպանելու համար թագաւորէն զօրք ու ձիաւորներ ուզելու ամչցայ, որովհետեւ թագաւորին ըսեր էինք թէ մեր Աստուծոյն ձեռքը բոլոր զանիկա փնտռողներուն վրայ է բարութեամբ ու անոր զօրութիւնն ու բարկութիւնը ամէն անոնց վրայ՝ որոնք զանիկա կը թողուն։
23 Ուստի ծոմ բռնեցինք ու այս բանին համար մեր Աստուծմէն օգնութիւն խնդրեցինք ու անիկա մեր խնդրանքը ընդունեց։
ՏԱՃԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՒԷՐՆԵՐ
24 Քահանաներուն իշխաններէն տասներկու մարդ զատեցի, այսինքն Սարաբիան ու Ասաբիան ու անոնց հետ իրենց եղբայրներէն տասը մարդ
25 Եւ արծաթն ու ոսկին ու անօթները, նաեւ թագաւորին ու անոր խորհրդականներուն ու իշխաններուն եւ հոն գտնուող բոլոր Իսրայէլի մեր Աստուծոյն տանը համար տուած ընծաները կշիռքով անոնց յանձնեցի։
26 Վեց հարիւր յիսուն տաղանդ արծաթ եւ հարիւր տաղանդ արծաթէ ամաններ ու հարիւր տաղանդ ոսկի
27 Եւ քսան ոսկի տաշտ հազարական դրամէ եւ մաքուր ու փայլուն եւ ոսկիի պէս պատուական պղնձէ երկու աման՝ կշիռքով անոնց յանձնեցի։
28 Անոնց ըսի. ‘Դուք Տէրոջը նուիրուած էք, այս անօթներն ալ նուիրուած են եւ արծաթն ու ոսկին ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն կամաւոր ընծայ են.
29 Արթուն կեցէ՛ք ու պահեցէ՛ք, մինչեւ որ զանոնք Երուսաղէմ Տէրոջը տանը սենեակներուն մէջ՝ քահանաներուն ու Ղեւտացիներու իշխաններուն ու Իսրայէլի տոհմապետներուն առջեւ կշռէք’։
30 Քահանաներն ու Ղեւտացիները արծաթն ու ոսկին ու ամանները կշիռքով առին, որպէս զի Երուսաղէմ մեր Աստուծոյն տունը տանին։
ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
31 Առաջին ամսուան տասնըերկրորդ օրը Ահավայի գետէն չուեցինք Երուսաղէմ երթալու համար ու մեր Աստուծոյն ձեռքը մեր վրայ էր ու մեզ ճամբան թշնամիին ու դարանակալին ձեռքէն ազատեց
32 Ու Երուսաղէմ հասանք եւ հոն երեք օր նստեցանք։
33 Չորրորդ օրը արծաթն ու ոսկին ու անօթները, մեր Աստուծոյն տանը մէջ, Ուրիա քահանային որդիին Մերամօթին ձեռքով կշռուեցան, որուն հետ էր Փենէհէսին որդին Եղիազարը ու անոնց հետ էին Յեսուին որդին Յովզաբադն ու Բանուիին որդին Նովադիա Ղեւտացիները։
34 Ամէնքը թիւով ու կշիռքով յանձնուեցաւ ու այն ատեն բոլոր կշիռքը գրուեցաւ։
35 Գերութեան որդիները, որոնք գերութենէ դարձած էին, Իսրայէլի Աստուծոյն ողջակէզներ մատուցանեցին. բոլոր Իսրայէլի համար տասնըերկու զուարակ, իննիսունըվեց խոյ, եօթանասունըեօթը գառ ու մեղքի պատարագի համար տասնըերկու նոխազ. ասոնց ամէնը Տէրոջը ողջակէզ մատուցանեցին։
36 Եւ անոնք թագաւորին հրովարտակը Գետին ասդիի կողմը եղող թագաւորին փոխանորդներուն ու իշխաններուն տուին, անոնք ալ ժողովուրդին ու Աստուծոյ տանը ձեռնտու եղան։