ԵԶԵԿԻԷԼԻ 37։1-28
37 Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ եւ Տէրը զիս Հոգիով* հանեց ու դաշտին մէջ դրաւ։ Անիկա ոսկորներով լեցուն էր։
2 Զիս անոնց շուրջը պտըտցուց։ Անոնք դաշտին երեսին վրայ խիստ շատ էին եւ խիստ չորցած։
3 Տէրը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, այս ոսկորները կրնա՞ն կենդանանալ»։ Ըսի. «Ո՛վ Տէր Եհովա, դուն գիտես»։
4 Ինծի ըսաւ. «Այս ոսկորներուն վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛ ու անոնց ըսէ՛. ‘Ո՛վ չորցած ոսկորներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք։
5 Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան այս ոսկորներուն. «Ահա ես ձեր մէջ հոգի պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք
6 Եւ ձեր վրայ ջիղեր պիտի դնեմ ու ձեզ միսով պիտի պատեմ ու ձեզ մորթով պիտի ծածկեմ եւ ձեր մէջ շունչ պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»’»։
7 Ես մարգարէութիւն ըրի ինչպէս ինծի հրամայուեցաւ ու հազիւ թէ մարգարէացայ՝ ձայն մը լսուեցաւ, շարժում մը եղաւ ու ոսկորները իրարու մօտեցան՝ ոսկորը իր ոսկորին։
8 Տեսայ թէ անոնք ջիղերով ու միսով պատուեցան ու մորթով ծածկուեցան, բայց անոնց մէջ շունչ չկար։
9 Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Շունչին մարգարէութիւն ըրէ՛։ Մարգարէութիւն ըրէ՛, որդի՛ մարդոյ ու շունչին ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ո՛վ շունչ, չորս հովերէն եկուր ու այս սպաննուածներուն վրայ փչէ՛, որպէս զի կենդանանան’»։
10 Ես մարգարէութիւն ըրի՝ ինչպէս Տէրը ինծի հրամայեց ու շունչը անոնց մէջ մտաւ ու կենդանացան եւ իրենց ոտքերուն վրայ կայնեցան ու խիստ մեծ բանակ մը եղաւ։
11 Ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ այս ոսկորները բոլոր Իսրայէլի տունն են։ Ահա անոնք կ’ըսեն. ‘Մեր ոսկորները չորցան ու մեր յոյսը կտրեցաւ. մենք կորսուած ենք’։
12 Ուստի մարգարէութիւն ըրէ՛ ու անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ձեր գերեզմանները պիտի բանամ ու ձեզ ձեր գերեզմաններէն հանեմ, ո՛վ իմ ժողովուրդս, եւ ձեզ Իսրայէլի երկիրը պիտի բերեմ։
13 Երբ ձեր գերեզմանները բանամ ու ձեզ ձեր գերեզմաններէն հանեմ, ո՛վ իմ ժողովուրդս, պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։
14 Եւ իմ Հոգիս ձեր ներսիդին պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք ու ձեր երկրին մէջ ձեզ պիտի հանգստացնեմ ու պիտի գիտնաք թէ ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ ու ըրի*’»։
ՅՈՒԴԱ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼ ՄԷԿ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
15 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
16 «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի փայտ մը առ ու անոր վրայ գրէ՛. ‘Յուդային համար ու անոր ընկերներուն, Իսրայէլի որդիներուն համար’։ Ետքը ուրիշ փայտ մը ա՛ռ ու անոր վրայ գրէ՛. ‘Յովսէփին համար, Եփրեմին ու անոր ընկերներուն բոլոր Իսրայէլի տանը փայտը’։
17 Զանոնք իրարու մօտեցուր, որպէս զի մէկ փայտ ըլլան ու քու ձեռքիդ մէջ միանան։
18 Երբ քու ժողովուրդիդ որդիները քեզի խօսին ու ըսեն՝ ‘Ի՞նչ պիտի ըլլան քեզի այս բաները. մեզի չե՞ս պատմեր’,
19 Անոնց ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես պիտի առնեմ Յովսէփին փայտը, որ Եփրեմին ձեռքն է ու անոր ընկերները, Իսրայէլին ցեղերը եւ բոլորը մէկտեղ Յուդային փայտին հետ պիտի միացնեմ ու մէկ փայտ պիտի ընեմ ու իմ ձեռքիս մէջ մէկ պիտի ըլլան’։
20 Այն փայտերը, որոնց վրայ դուն պիտի գրես, անոնց աչքերուն առջեւ քու ձեռքիդ մէջ պահէ։
21 Անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Իսրայէլի որդիները պիտի առնեմ այն ազգերուն մէջէն, ուր գացին։ Զանոնք ամէն կողմէ պիտի հաւաքեմ ու զանոնք իրենց երկիրը պիտի բերեմ։
22 Զանոնք երկրին մէջ Իսրայէլի լեռներուն վրայ մէկ ազգ պիտի ընեմ ու անոնց ամենուն վրայ մէկ թագաւոր պիտի թագաւորէ ու անգամ մըն ալ երկու ազգ պիտի չըլլան ու երկու թագաւորութեան պիտի չբաժնուին։
23 Անգամ մըն ալ իրենց կուռքերովն ու գարշութիւններովը եւ իրենց բոլոր յանցանքներովը պիտի չպղծուին։ Ես զանոնք պիտի ազատեմ իրենց բոլոր անօրէնութիւններէն, որոնց մէջ իրենք մեղք գործեցին։ Զանոնք պիտի սրբեմ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան, ես ալ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ։
24 Անոնց վրայ իմ ծառաս Դաւիթը թագաւոր պիտի ըլլայ ու ամէնքը մէկ հովիւ պիտի ունենան։ Իմ հրամաններուս համաձայն պիտի քալեն, իմ օրէնքներս պիտի պահեն ու զանոնք պիտի կատարեն։
25 Պիտի բնակին այն երկրին մէջ որը իմ Յակոբ ծառայիս տուի, որուն մէջ ձեր հայրերը բնակեցան ու հոն իրենք ու իրենց որդիները եւ իրենց որդիներուն որդիները յաւիտեան պիտի բնակին ու իմ ծառաս Դաւիթը յաւիտեան անոնց իշխան պիտի ըլլայ։
26 Անոնց հետ խաղաղութեան ուխտ պիտի ընեմ, որը անոնց յաւիտենական ուխտ պիտի ըլլայ։ Զանոնք պիտի տեղաւորեմ ու շատցնեմ եւ իմ սրբարանս անոնց մէջ պիտի դնեմ յաւիտեան։
27 Իմ խորանս անոնց քով պիտի ըլլայ։ Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։
28 Իմ սրբարանս յաւիտեան անոնց մէջ ըլլալով ազգերը պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, որ Իսրայէլը սրբեցի»։