Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 23։1-37
23 Թագաւորը մարդ ղրկեց եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր ծերերը իր քով հաւաքուեցան։
2 Թագաւորն ու Յուդայի բոլոր մարդիկը ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներն ու քահանաները եւ մարգարէներն ու պզտիկէն մինչեւ մեծը՝ բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը տունը գացին եւ Տէրոջը տանը մէջ գտնուած ուխտի գրքին բոլոր խօսքերը անոնց առջեւ* կարդաց։
3 Եւ թագաւորը սիւնին քով կեցաւ ու Տէրոջը առջեւ ուխտ ըրաւ, որ այն գրքին մէջ գրուած ուխտին խօսքերը հաստատելու համար Տէրոջը ետեւէն երթայ եւ անոր պատուիրանքներն ու վկայութիւնները ու կանոնները բոլոր սրտով ու բոլոր հոգիով պահէ։ Բոլոր ժողովուրդը ուխտին հաւանութիւն տուաւ։
4 Ու թագաւորը Քեղկիա քահանայապետին ու երկրորդ աստիճանի քահանաներուն եւ դրան պահապաններուն հրամայեց, որ Բահաղին համար ու Աստարովթին համար ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն համար շինուած գործիքներուն ամէնքը Տէրոջը տաճարէն դուրս հանեն։ Զանոնք Երուսաղէմէն դուրս Կեդրոնի դաշտավայրին մէջ այրեց ու անոնց մոխիրը Բեթէլ տարաւ։
5 Յուդայի թագաւորներուն՝ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի բոլորտիքը բարձր տեղերու վրայ դրած խունկ ծխող քուրմերը եւ Բահաղին ու արեգակին ու լուսնին եւ տասնըերկու կենդանակերպներուն ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն խունկ ծխողները հեռացուց։
6 Աստարովթին կուռքը Տէրոջը տունէն Երուսաղէմէն դուրս՝ Կեդրոն հեղեղատը հանեց ու զանիկա Կեդրոն հեղեղատին մէջ այրեց ու ծեծեց փոշի ըրաւ ու փոշին ժողովուրդին գերեզմաններուն վրայ ցանեց։
7 Տէրոջը տանը մէջ գտնուող Սոդոմական մեղք գործողներուն տուները փլցուց, ուր կիները Աստարովթին վարագոյրները* կը գործէին։
8 Յուդայի քաղաքներէն բոլոր քահանաները Երուսաղէմ բերաւ ու Գաբայէն մինչեւ Բերսաբէէ քանդեց այն բարձր տեղերը, որոնց մէջ քահանաները խունկ կը ծխէին եւ քաղաքին իշխանին Յեսուին դրանը բերանը՝ քաղաքին դրանը ձախ կողմը եղող դռներուն բարձր տեղերը փլցուց։
9 Բայց բարձր տեղերուն քահանաները Երուսաղէմ եղող Տէրոջը սեղանը չէին ելլեր, հապա իրենց եղբայրներուն մէջ բաղարջ կ’ուտէին։
10 Ու Ենովմին որդիին ձորին մէջ եղող Տօփեթը աւերեց, որպէս զի ոեւէ մարդ իր տղան կամ աղջիկը Մողոքին որպէս զոհ կրակէ չանցընէ։
11 Նաեւ վերցուց Տէրոջը տանը դրանը առջեւէն այն ձիերը, որոնք Յուդայի թագաւորները արեգակին նուիրեր էին։ Անոնք Փարուրիմ եղող Նաթանմելէք ներքինիին սենեակին քով էին։ Արեգակին կառքերը կրակով այրեց։
12 Թագաւորը Աքազին վերնատանը տանիքին վրայ Յուդայի թագաւորներուն շինած սեղաններն ու Տէրոջը տանը երկու գաւիթներուն մէջ Մանասէին շինած սեղանները փլցուց, բնաջինջ ըրաւ եւ անոնց հողը Կեդրոն հեղեղատը նետեց։
13 Թագաւորը Երուսաղէմի դէմ, Ապականութեան լերան աջ կողմը, Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորին Սիդոնացիներուն գարշելիին՝ Աստարովթին համար ու Մովաբացիներուն գարշելիին՝ Քամովսին համար ու Ամմոնին որդիներուն գարշելիին՝ Մեղքողին համար շինած բարձր տեղերը աւերեց
14 Եւ արձանները խորտակեց ու Աստարովթին կուռքերը կոտրտեց ու անոնց տեղը մարդու ոսկորներով լեցուց։
15 Բեթէլին սեղանն ալ եւ Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին շինած բարձր տեղը (այն սեղանն ու բարձր տեղն ալ) փլցուց եւ բարձր տեղը այրեց ու փոշի դարձուց ու Աստարովթին կուռքը այրեց։
16 Յովսիան դարձաւ ու հոն լերանը վրայի գերեզմանները տեսաւ։ Մարդ ղրկեց, գերեզմաններուն մէջի ոսկորները առաւ ու սեղանին վրայ այրելով ջնջեց, Տէրոջը խօսքին համեմատ, որ այս բաները խօսող Աստուծոյ մարդը բարձր ձայնով ըսեր էր։
17 Թագաւորը ըսաւ. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս կոթողը, որ ես կը տեսնեմ»։ Քաղաքին մարդիկը անոր ըսին. «Անիկա Աստուծոյ մարդուն գերեզմանն է, որ Յուդայէն եկաւ ու Բեթէլի սեղանին վրայ այս քու ըրած բաներդ խօսեցաւ*»։
18 Թագաւորը ըսաւ. «Զանիկա թողուցէք, անոր ոսկորները մարդ մը տեղէն թող չշարժէ»։ Ուստի անոր ոսկորները Սամարիայէն եկող մարգարէին ոսկորներուն հետ թողուցին։
19 Յովսիա Սամարիայի քաղաքներուն մէջի բոլոր բարձր տեղերուն տուներն ալ վերցուց, որոնք Իսրայէլի թագաւորները շինելով՝ Տէրը բարկացուցեր էին ու Բեթէլի մէջ բոլոր ըրածին պէս անոնց ալ ըրաւ։
20 Հոն գտնուած բարձր տեղերուն բոլոր քուրմերը սեղաններուն վրայ մորթեց։ Անոնց վրայ մարդու ոսկորներ այրեց ու յետոյ Երուսաղէմ դարձաւ։
ՅՈՎՍԻԱ ԶԱՏԻԿԸ ԿԸ ՏՕՆԷ
(Բ. Մնաց. 35։1-19)
21 Թագաւորը բոլոր ժողովուրդին պատուիրեց՝ ըսելով. «Ձեր Տէր Աստուծոյն զատիկը կատարեցէք, ինչպէս այս ուխտի գրքին մէջ գրուած է։
22 Քանզի Իսրայէլի դատաւորներուն օրերէն մինչեւ Իսրայէլի թագաւորներուն ու Յուդայի թագաւորներուն բոլոր օրերն ալ այս զատկին պէս կատարուած չէր.
23 Բայց Յովսիա թագաւորին տասնըութերորդ տարին Տէրոջը զատիկը կատարուեցաւ Երուսաղէմի մէջ։
ՅՈՎՍԻԱ ՈՒՐԻՇ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ’ԸՆԷ
24 Յովսիա վհուկները, նշանագէտները, թերափիմներն ու կուռքերը եւ Յուդայի երկրին մէջ ու Երուսաղէմի մէջ երեւցած բոլոր գարշութիւնները վերցուց, որպէս զի Քեղկիա քահանային՝ Տէրոջը տունը գտած գրքին մէջ գրուած օրէնքին խօսքերը հաստատէ։
25 Եւ անկէ առաջ անոր նման թագաւոր մը եղած չէր, որ իր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը ու բոլոր զօրութիւնովը Տէրոջը դառնար՝ Մովսէսին բոլոր օրէնքին համեմատ. ո՛չ ալ անկէ ետքը անոր նմանը եղաւ։
26 Բայց Տէրը Յուդայի վրայ բորբոքած իր մեծ ու սաստիկ բարկութենէն ետ չդարձաւ՝ այն բոլոր չար գործերուն* համար, որոնցմով Մանասէն զանիկա բարկացուցեր էր։
27 Եւ Տէրը ըսաւ. «Յուդան ալ իմ երեսէս պիտի ձգեմ, ինչպէս Իսրայէլը ձգեցի ու պիտի մերժեմ այս քաղաքը, իմ ընտրած Երուսաղէմս ու այս տունը՝ որուն համար ըսի թէ ‘Իմ անունս հոն ըլլայ’»։
ՅՈՎՍԻԱՅԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆԸ
(Բ. Մնաց. 35։20–36։1)
28 Յովսիայի մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
29 Անոր օրերը Եգիպտոսի թագաւորը՝ Փարաւոն Նեքաւով՝ Ասորեստանի թագաւորին վրայ յարձակեցաւ մինչեւ Եփրատ գետը։ Յովսիա թագաւորը անոր դէմ ելլելու գնաց ու անիկա Յովսիան տեսածին պէս՝ զանիկա մեռցուց Մակեդդովի մէջ։
30 Անոր ծառաները անոր մարմինը Մակեդդովէն կառքով Երուսաղէմ բերին ու զանիկա իր գերեզմանին մէջ թաղեցին։ Երկրին ժողովուրդը Յովսիային որդին Յովաքազը առին ու օծեցին եւ զանիկա իր հօրը տեղ թագաւոր ըրին։
ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎԱՔԱԶ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
(Բ. Մնաց. 36։2-4)
31 Յովաքազ քսանըերեք տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Ամիտաղ էր, որ Լեբնացի Երեմիային աղջիկն էր։
32 Անիկա իր հայրերուն բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։
33 Ու Փարաւոն Նեքաւովը զանիկա Եմաթի երկիրը՝ Ռեբղայի մէջ բանտարկեց, որպէս զի Երուսաղէմի մէջ թագաւորութիւն չընէ ու երկրին վրայ հարիւր տաղանդ արծաթ ու տաղանդ մը ոսկի հարկ դրաւ։
34 Փարաւոն Նեքաւով Յովսիային որդին Եղիակիմը անոր հօրը Յովսիային տեղ թագաւոր դրաւ ու անոր անունը փոխեց՝ Յովակիմ կոչեց. բայց Յովաքազը առաւ Եգիպտոս տարաւ ու անիկա հոն մեռաւ։
ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎԱԿԻՄ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
(Բ. Մնաց. 36։5-8)
35 Եւ Յովակիմ այն արծաթն ու ոսկին Փարաւոնին տուաւ, բայց երկրին վրայ հարկ դրաւ՝ տալու համար Փարաւոնին պահանջած արծաթը։ Երկրի ժողովուրդէն, ամէն մարդու վրայ դրուած հարկին համեմատ արծաթ ու ոսկի առաւ, որպէս զի Փարաւոն Նեքաւովին տայ։
36 Երբ Յովակիմ թագաւոր եղաւ՝ քսանըհինգ տարեկան էր ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ եւ անոր մօրը անունը Զաբիդա էր, որ Ռումացի Փադայիային աղջիկն էր։
37 Անիկա իր հայրերուն բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։
Ստորանիշներ
^ 23։2 Եբր., ականջներուն
^ 23։7 Եբր., տուներ
^ 23։17 Եբր., կանչեց
^ 23։26 Եբր., զայրացութիւններուն