ԴԱՆԻԷԼԻ 4։1-37
4 Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը՝ բոլոր երկրին վրայ բնակող բոլոր ժողովուրդներուն, ազգերուն ու լեզուներուն՝ «Ձեր խաղաղութիւնը շատնայ։
2 Ինծի հաճոյ երեւցաւ, որ Բարձրեալ Աստուծոյն ինծի ըրած նշաններն ու հրաշքները ձեզի յայտնեմ։
3 Անոր նշանները որքա՜ն մեծ ու հրաշքները որքա՜ն զօրաւոր են. անոր թագաւորութիւնը յաւիտենական թագաւորութիւն է ու անոր իշխանութիւնը դարէ դար կը մնայ»։
4 «Ես՝ Նաբուգոդոնոսորս՝ երբ իմ տանս մէջ հանգիստ էի ու պալատիս մէջ կը զուարճանայի,
5 Երազ մը տեսայ, որ զիս վախցուց եւ անկողնիս վրայ իմ խորհուրդներս ու իմ գլխուս տեսիլքները զիս խռովեցուցին։
6 Ուստի Բաբելոնի բոլոր իմաստունները իմ առջեւս բերելու հրաման ըրի, որպէս զի անոնք ինծի երազին մեկնութիւնը գիտցնեն։
7 Այն ատեն մոգերը, հմայողները, Քաղդեաներն ու բախտ նայողները եկան ու ես երազը անոնց առջեւ ըսի, բայց անոնք չկրցան մեկնութիւնը ինծի գիտցնել։
8 Վերջապէս Դանիէլը առջեւս եկաւ, որուն անունը իմ աստուծոյս անուանը համեմատ Բաղտասասար կը կոչուի եւ որուն ներսիդին սուրբ աստուածներուն հոգին կայ։ Անոր առջեւ երազը պատմեցի ու ըսի.
9 ‘Ո՛վ մոգերուն իշխանը Բաղտասասար, որովհետեւ գիտեմ որ քու ներսիդիդ սուրբ աստուածներու հոգին կայ ու ոեւէ գաղտնիքը լուծելը քեզի դժուար չէ։ Երազս պատմեմ, լսէ՛ եւ զայն մեկնէ՛։
10 «Իմ անկողնիս մէջ գլխուս տեսիլքները ասոնք էին։ Ես կը տեսնէի, որ երկրի մէջ ծառ մը կար։ Ան շատ բարձր էր։
11 Այն ծառը մեծցաւ եւ ուժովցաւ ու անոր բարձրութիւնը մինչեւ երկինք հասաւ ու անիկա բոլոր երկրի ծայրերէն կը տեսնուէր։
12 Անոր տերեւները գեղեցիկ ու պտուղը առատ էր։ Անոր վրայ ամենուն համար կերակուր կար։ Դաշտի անասունները անոր շուքին տակ կը նստէին ու երկնքի թռչունները անոր ոստերուն վրայ կը բնակէին։ Ամէն մարմին անկէ կը կերակրուէր։
13 Երազիս մէջ տեսայ, որ երկնքէն սուրբ պահապան մը* իջաւ։
14 Անիկա ուժով կանչեց ու այսպէս ըսաւ. ‘Ծառը կտրեցէ՛ք, ոստերը մէկդի հանեցէ՛ք. տերեւները թօթափեցէ՛ք ու պտուղները ցրուեցէ՛ք։ Անոր տակէն անասունները ու ոստերէն թռչունները թող փախչին.
15 Բայց արմատները երկրին մէջ թողուցէ՛ք ու երկաթէ եւ պղնձէ կապանքով դաշտի խոտերուն մէջ թող մնայ ու երկնքի ցօղովը թող թրջուի եւ անոր բաժինը անասուններու հետ երկրի խոտին մէջ թող ըլլայ։
16 Անոր միտքը մարդու մտքէն թող փոխուի ու անոր անասունի միտք թող տրուի։ Անոր վրայէն եօթը ժամանակ թող անցնի։
17 Այս վճիռը՝ պահապաններուն հրամանովն է ու այս որոշումը՝ սուրբերուն խօսքովն է. որպէս զի ապրողները գիտնան թէ Բարձրեալը կը տիրէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ ու անոր վրայ մարդոց անարգը կը դնէ»։
18 «Ես՝ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորս՝ այս երազը տեսայ ու դո՛ւն, ով Բաղտասասար, անոր մեկնութիւնը ըսէ՛, վասն զի իմ թագաւորութեանս բոլոր իմաստունները կարող չեղան անոր մեկնութիւնը ինծի գիտցնել. բայց դուն կարող ես, քանզի քու ներսիդիդ սուրբ աստուածներուն հոգին կայ»։
ԴԱՆԻԷԼ ԵՐԱԶԸ ԿԸ ՄԵԿՆԷ
19 Այն ատեն Դանիէլ, որուն անունը Բաղտասասար էր, մէկ ժամու չափ* ահաբեկած մնաց ու անոր խորհուրդները զանիկա խռովեցուցին։ Թագաւորը ըսաւ. «Ո՛վ Բաղտասասար, երազը կամ անոր մեկնութիւնը թող քեզ չխռովեցնէ»։ Պատասխան տուաւ Բաղտասասարն ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, երազը՝ քեզ ատողներուն ու անոր մեկնութիւնը քու թշնամիներուդ ըլլայ։
20 Այն ծառը, որ մեծցաւ եւ ուժովցաւ ու անոր բարձրութիւնը մինչեւ երկինք հասաւ ու անիկա բոլոր երկրի մէջ կը տեսնուէր
21 Եւ անոր տերեւները գեղեցիկ ու պտուղը առատ էր ու անոր վրայ ամենուն համար կերակուր կար, անոր տակ դաշտի անասունները կը բնակէին ու անոր ոստերուն վրայ երկնքի թռչունները կը կենային,
22 Անիկա դո՛ւն ես, ո՛վ թագաւոր, որ մեծցար եւ ուժովցար եւ քու մեծութիւնդ բարձրացաւ ու մինչեւ երկինք հասաւ եւ քու իշխանութիւնդ մինչեւ երկրի ծայրերը հասաւ։
23 Թագաւորը սուրբ պահապան մը տեսաւ, որ երկնքէն իջաւ ու ըսաւ. ‘Ծառը կտրեցէ՛ք ու զանիկա տապալեցէ՛ք, բայց անոր արմատներն ու կոճղը երկրի մէջ թողուցէ՛ք եւ երկաթէ ու պղնձէ կապանքով դաշտի խոտերուն մէջ թող մնայ ու երկնքի ցօղով թրջուի եւ անոր բաժինը դաշտի անասուններուն հետ թող ըլլայ, մինչեւ անոր վրայէն եօթը ժամանակ անցնի’.
24 Այս է մեկնութիւնը, ո՛վ թագաւոր, այս է Բարձրեալին վճիռը, որ իմ թագաւոր տիրոջս վրայ հասած է։
25 Քեզ մարդոց մէջէն պիտի վռնտեն եւ քու բնակութիւնդ դաշտի անասուններուն հետ պիտի ըլլայ ու քեզ պիտի թողուն, որ արջառներու պէս խոտ ուտես ու երկնքի ցօղովը թրջուիս եւ քու վրայէդ եօթը ժամանակ պիտի անցնի, մինչեւ գիտնաս թէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալը կը տիրէ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ։
26 Բայց երբ ըսուեցաւ թէ ‘Այն ծառին արմատները թող մնան’, կը նշանակէ թէ երկնաւոր իշխանութիւնը ճանչնալէդ ետքը՝ քու թագաւորութիւնդ պիտի վերահաստատուի։
27 Անոր համար, ո՛վ թագաւոր, թող իմ թելադրութիւնս քեզի հաճելի երեւնայ, քու մեղքերդ արդարութեամբ ու քու անօրէնութիւններդ աղքատներուն ողորմելով մէկդի ձգէ*. թերեւս հանգստութիւնդ երկարի»։
28 Այս բոլորը Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին պատահեցաւ։
29 Տասներկու ամիսէն, երբ Բաբելոնի թագաւորութեան պալատին վրայ կը ճեմէր,
30 Թագաւորը խօսեցաւ ու ըսաւ. «Այս չէ՞ այն մեծ Բաբելոնը, որ ես իմ զօրութիւնովս ու կարողութիւնովս իմ մեծութեանս փառքին համար թագաւորութեան տուն շինեցի»։
31 Երբ խօսքը դեռ թագաւորին բերանն էր, երկնքէն ձայն մը իջաւ. «Քեզի՛ կ’ըսուի, ո՛վ Նաբուգոդոնոսոր թագաւոր, թագաւորութիւնը քեզմէ գնաց։
32 Քեզ մարդոց մէջէն պիտի վռնտեն եւ քու բնակութիւնդ դաշտի անասուններուն հետ պիտի ըլլայ, քեզ պիտի թողուն, որ արջառներու պէս խոտ ուտես ու քու վրայէդ եօթը ժամանակ պիտի անցնի, մինչեւ գիտնաս թէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալը կը տիրէ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ»։
33 Նոյն ժամուն ըսուածը կատարուեցաւ ու Նաբուգոդոնոսոր մարդոց մէջէն վռնտուեցաւ ու արջառներու պէս խոտ կ’ուտէր եւ անոր մարմինը երկնքի ցօղովը կը թրջուէր, մինչեւ որ մազերը արծիւներու փետուրներու պէս ու եղունգները թռչուններու մագիլներու պէս երկնցան։
ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐ ՏԷՐԸ ԿԸ ՓԱՌԱԲԱՆԷ
34 «Այդ օրերը լրանալէ վերջը, ես՝ Նաբուգոդոնոսորս՝ աչքերս երկինք վերցուցի ու խելքս ինծի դարձաւ եւ Բարձրեալը օրհնեցի ու գովեցի ու փառաւորեցի զանիկա, որ յաւիտեան կենդանի է ու անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է եւ անոր թագաւորութիւնը դարէ դար կը մնայ։
35 Երկրի բոլոր բնակիչները ոչինչի պէս կը սեպուին եւ անիկա երկնքի զօրքերուն մէջ ու երկրի բնակիչներուն մէջ իր ուզածը կ’ընէ ու անոր ձեռքին դէմ դնող, կամ անոր ‘Ի՞նչ կ’ընես’ ըսող չկայ։
36 Այն ատեն խելքս ինծի դարձաւ ու իմ թագաւորութեանս պատիւին հետ իմ փառքս ու վայելչութիւնս ինծի դարձան եւ իմ խորհրդականներս ու մեծամեծներս զիս փնտռեցին ու իմ թագաւորութեանս մէջ հաստատուեցայ եւ ինծի աւելի մեծ վեհափառութիւն տրուեցաւ»։
37 «Հիմա ես՝ Նաբուգոդոնոսորս երկնքի թագաւորը կը գովեմ եւ կը բարձրացնեմ ու կը փառաւորեմ, վասն զի անոր բոլոր գործերը ճշմարիտ են ու ճամբաները արդար են ու անիկա կարող է ամբարտաւանութեամբ քալողները ցածցնել»։