Բ. ՕՐԻՆԱՑ 8։1-20

8  «Բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր կու տամ ձեզի, ուշադրութեամբ պիտի կատարէք, որպէս զի ապրիք, շատնաք, մտնէք ու ժառանգէք այն երկիրը, որ Տէրը երդումով խոստացաւ ձեր հայրերուն։  Ու յիշէ՛ այն ճամբան, որ քու Տէր Աստուածդ քառասուն տարի քեզ անապատին մէջ պտըտցուց, քեզ խոնարհեցնելու, փորձելու ու սրտիդ մէջինը իմանալու համար, թէ արդեօք դուն իր պատուիրանքները պիտի պահե՞ս՝ թէ ոչ։  Տէրը քեզ խոնարհեցուց, անօթեցուց եւ մանանայով կերակրեց, որ ո՛չ դուն կը ճանչնայիր եւ ո՛չ քու հայրերդ, որ գիտնաս թէ մարդ միայն հացով չ’ապրիր, հապա Տէրոջը բերնէն ելած ամէն խօսքովը կ’ապրի։  Այդ քառասուն տարին քու վրայէդ լաթերդ չհինցան ու ոտքերդ չուռեցան։  Որպէս զի սրտիդ մէջ գիտնաս թէ՝ ինչպէս մարդ մը կը խրատէ իր որդին, քու Տէր Աստուածդ ալ քեզ այնպէս կը խրատէ։  Ուրեմն քու Տէր Աստուծոյդ պատուիրանքները պահէ՛, որպէս զի անոր ճամբաներուն մէջ քալես ու անկէ վախնաս։  Քանզի քու Տէր Աստուածդ աղէկ երկիր մը կը տանի քեզ, այնպիսի երկիր մը, որ դաշտերէ ու լեռներէ բղխող գետերով, աղբիւրներով ու խորունկ ջուրերով լեցուն է.  Այնպիսի երկիր մը, որ ցորենով, գարիով, այգիներով, թզենիներով եւ նռնենիներով լեցուն է, իւղ տուող ձիթենիներու ու մեղրի երկիր։  Այնպիսի երկիր մը, ուր կուշտ* հաց պիտի ուտես ու անոր մէջ ոեւէ բան պիտի չպակսի քեզի։ Երկիր մը, որուն քարերը երկաթ են ու անոր լեռներէն պղինձ կրնաս հանել։ 10  Ուստի, երբ ուտես ու կշտանաս, քու Տէր Աստուածդ օրհնէ՛ այն աղէկ երկիրը քեզի տալուն համար։ ՏԷՐԸ ՄՈՌՆԱԼՈՒՆ ԴԷՄ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ 11  Քու անձիդ զգուշութիւն ըրէ՛, չըլլայ որ քու Տէր Աստուածդ մոռնաս ու չպահես անոր պատուիրանքները, օրէնքներն ու կանոնները, որոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ։ 12  Երբ ուտես ու կշտանաս եւ գեղեցիկ տուներ շինես ու բնակիս անոնց մէջ 13  Ու երբ արջառներդ եւ հօտերդ շատնան ու նաեւ արծաթդ ու ոսկիդ շատնան եւ քու բոլոր ունեցածդ շատնայ, 14  Թող սիրտդ չհպարտանայ եւ քու Տէր Աստուածդ չմոռնաս, որ Եգիպտացիներու երկրէն, ծառայութեան տունէն քեզ հանեց 15  Եւ այն մեծ ու ահագին եւ խայթող օձերով ու կարիճներով լեցուն, չոր ու անջուր անապատին մէջ քեզ պտըտցուց ու քեզի ապառաժէն ջուր հանեց 16  Եւ անապատին մէջ քու հայրերուդ չճանչցած մանանայովը քեզ կերակրեց, որպէս զի քեզ խոնարհեցնէ ու փորձէ եւ վերջը քեզի բարիք ընէ։ 17  Սրտիդ մէջ մի՛ ըսեր թէ՝ ‘Այս հարստութիւնը իմ կարողութիւնովս ու իմ ձեռքիս ուժովը վաստկեցայ’. 18  Հապա քու Տէր Աստուածդ յիշէ՛, քանզի հարստութիւն ստանալու համար քեզի ոյժ տուողը ա՛ն է, որպէս զի քու հայրերուդ իր երդումով ըրած ուխտը հաստատէ, ինչպէս այսօր կը տեսնես։ 19  Եւ եթէ քու Տէր Աստուածդ մոռնալով ուրիշ աստուածներու ետեւէ երթաս, զանոնք պաշտես ու անոնց երկրպագութիւն ընես, ես այսօր ձեզի կը վկայեմ թէ դուք բոլորովին պիտի կորսուիք. 20  Այն ազգերուն պէս, որոնք Տէրը ձեր առջեւէն պիտի կորսնցնէ, այնպէս որ պիտի կորսուիք, վասն զի ձեր Տէր Աստուծոյն խօսքին մտիկ չըրիք։

Ստորանիշներ

8։9 Եբր., առանց չքաւորութեան