Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 28։1-21
28 Դաւիթ Իսրայէլի բոլոր իշխանները, ցեղերուն իշխանները ու թագաւորին ծառայութիւն ընող դասերուն իշխանները եւ հազարապետներն ու հարիւրապետները եւ թագաւորին ու անոր որդիներուն բոլոր ստացուածքներուն ու ինչքերուն վերակացուները, ներքինիները, զօրավարներն ու զօրքին բոլոր կտրիճները Երուսաղէմի մէջ հաւաքեց։
2 Դաւիթ թագաւորը ոտքի վրայ կեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ իմ եղբայրներս ու ժողովուրդս, ինծի մտիկ ըրէք։ Ես սրտանց փափաքեցայ, որ Տէրոջը ուխտին տապանակին ու մեր Աստուծոյն ոտքերուն պատուանդանին համար հանգստեան տուն մը շինեմ ու շինելու պատրաստութիւն տեսայ,
3 Բայց Աստուած ինծի ըսաւ՝ ‘Դուն իմ անուանս տուն պիտի չշինես, քանզի դուն պատերազմի մարդ ես ու շատ արիւն* թափեցիր’։
4 Եւ Իսրայէլին Տէր Աստուածը իմ հօրս բոլոր տունէն զիս ընտրեց, որպէս զի յաւիտեան Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլամ. քանզի առաջնորդը Յուդայէն ու Յուդային տունէն իմ հօրս որդիներուն մէջէն զիս հաւնեցաւ, որպէս զի զիս բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր ընէ։
5 Իմ բոլոր որդիներէս, (որովհետեւ Տէրը ինծի շատ որդիներ տուաւ,) իմ որդիս Սողոմոնը ընտրեց, որպէս զի Իսրայէլի վրայ Տէրոջը թագաւորութեան աթոռը նստի
6 Ու ինծի ըսաւ. ‘Քու որդիդ Սողոմոնը պիտի շինէ իմ տունս ու իմ սրահներս, քանզի զանիկա ինծի որդի ընտրեցի ու ես անոր հայր պիտի ըլլամ
7 Եւ անոր թագաւորութիւնը յաւիտեան պիտի հաստատեմ, եթէ այսօրուան պէս իմ հրամաններս ու պատուիրանքներս յարատեւէ գործադրել’։
8 Ու հիմա բոլոր Իսրայէլին Տէրոջը ժողովուրդին առջեւ ու մեր Աստուծոյն լսելովը ձեզի կ’ըսեմ, Ձեր Տէր Աստուծոյն բոլոր պատուիրանքները պահեցէ՛ք ու զգուշութեամբ սորվեցէ՛ք, որպէս զի այս բարի երկիրը ժառանգէք ու ձեզմէ ետքը ձեր որդիներուն ժառանգութիւն թողուք յաւիտեան»։
9 «Եւ դուն, որդեա՛կ իմ Սողոմոն, քու հօրդ Աստուածը ճանչցի՛ր ու անոր կատարեալ սրտով ու յօժար կամքով ծառայութիւն ըրէ՛. քանզի Տէրը սրտերը կը քննէ ու ամէն մտքերու խորհուրդները կը ճանչնայ։ Եթէ զանիկա փնտռես՝ պիտի գտնես* եւ եթէ զանիկա թողուս՝ ան ալ քեզ յաւիտեան պիտի մերժէ։
10 Հիմա նայէ՛, որ Տէրը քեզ ընտրեց իր սրբարանին համար տուն մը շինելու, զօրացի՛ր ու այս գործը լրացո՛ւր»։
11 Դաւիթ իր որդիին Սողոմոնին սրահին ու անոր սենեակներուն եւ անոր գանձարաններուն ու անոր ներքին շտեմարաններուն ու քաւութեան տանը գաղափարը տուաւ
12 Եւ հոգիին ազդեցութիւնովը իրեն յայտնուած* բոլոր բաներուն՝ Տէրոջը տանը գաւիթներուն ու շուրջը եղող ամէն սենեակներուն եւ Աստուծոյ տանը շտեմարաններուն ու նուիրուած բաներուն գանձարաններուն գաղափարը տուաւ.
13 Նաեւ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն բաժանումներուն համար ու Տէրոջը տանը պաշտօնին ամէն գործի համար եւ Տէրոջը տանը ծառայութեանը բոլոր անօթներուն համար պատուէր տուաւ։
14 Բոլոր պաշտօններուն ոսկի անօթներուն կշիռքը ու արծաթէ անօթներուն ու ամէն պաշտօնի անօթներուն կշիռքը
15 Եւ ոսկիէ աշտանակներուն ու անոնց ոսկիէ ճրագներուն կշիռքը եւ ամէն արծաթէ աշտանակի ու անոր ճրագներուն, ամէն մէկ աշտանակի գործածութեանը համեմատ կշիռքը տուաւ։
16 Առաջաւորութեան սեղաններուն ամէն մէկ սեղանի համար ոսկիին կշիռքը ու արծաթէ սեղաններուն համար արծաթին կշիռքը
17 Եւ մաքուր ոսկիէ մսահաններուն ու կոնքերուն եւ բաժակներուն ու ոսկիէ տաշտերուն համար ամէն մէկ տաշտի կշիռքը որոշեց։
18 Խունկի սեղանին համար մաքուր ոսկի եւ իրենց թեւերը տարածող ու Տէրոջը ուխտին տապանակը ծածկող քերովբէներուն կառքին համար ոսկիի քանակը որոշեց։
19 Այս բոլոր բաները, այս գաղափարին բոլոր գործերուն ծրագիրները Տէրը իր ձեռքին գրովը ինծի յայտնեց։
20 Դաւիթ իր որդիին Սողոմոնին ըսաւ. «Զօրացի՛ր ու քաջասիրտ եղի՛ր ու այս գործը լրացո՛ւր. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր, քանզի Տէր Աստուած, իմ Աստուածս, քեզի հետ է. անիկա քեզ պիտի չթողու ու քեզ երեսէ պիտի չձգէ, մինչեւ որ Տէրոջը տանը ծառայութեանը բոլոր գործերը լմնցնես։
21 Քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն դասերը Աստուծոյ տանը բոլոր ծառայութեանը համար են ու ամէն ծառայութեան համար եւ ամէն գործի մէջ յօժարակամ իմաստուններ քեզի հետ են եւ իշխաններ ու բոլոր ժողովուրդը քու հրամանիդ կը նային»։