Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 20։1-8
20 Հետեւեալ տարին, թագաւորներուն պատերազմի ելլելու ատենը, Յովաբ զօրքերուն բոլոր գունդերը* հանեց եւ Ամմոնին որդիներուն երկիրը աւերեց ու գնաց Ռաբբան պաշարեց, բայց Դաւիթ Երուսաղէմ կը նստէր ու Յովաբ Ռաբբան զարկաւ ու զանիկա կործանեց։
2 Դաւիթ անոնց թագաւորին թագը անոր գլխուն վրայէն առաւ ու գտաւ որ տաղանդ մը ոսկիի ծանրութիւն ունէր եւ անոր վրայ պատուական քարեր կային ու թագը Դաւիթին գլուխը դրուեցաւ։ Դաւիթ քաղաքէն խիստ շատ աւար առաւ։
3 Ու Անոր մէջ եղած ժողովուրդը հանեց ու զանոնք սղոցներով, երկաթէ կամնասայլերով ու տապարներով կոտորեց եւ Դաւիթ Ամմոնին որդիներուն բոլոր քաղաքներուն այսպէս ըրաւ։ Ապա Դաւիթ բոլոր ժողովուրդով Երուսաղէմ դարձաւ։
ՓՂՇՏԱՑԻ ՀՍԿԱՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՊԱՏԵՐԱԶՄ
(Բ. Թագ. 21։15-22)
4 Եւ ասկէ յետոյ Գազերի մէջ Փղշտացիներուն հետ պատերազմ եղաւ։ Այն ատեն Ովսացի Սովբաքը Ռափային որդիներէն եղող Սեփիան մեռցուց ու անոնք նուաճուեցան։
5 Եւ նորէն Փղշտացիներուն հետ պատերազմ եղաւ ու Յայիրին որդին Ելէանան Գեթացի Գողիաթին եղբայրը Ղէեմը զարկաւ, որուն նիզակին բունը ոստայնանկներու գլանին պէս էր։
6 Եւ նորէն Գէթի մէջ պատերազմ եղաւ։ Երկայնահասակ մարդ մը կար, որուն մատները վեց վեց ըլլալով՝ քսանըչորս մատ ունէր. անիկա ալ Ռափային որդիներէն էր։
7 Անիկա Իսրայէլը նախատեց. բայց Դաւիթին եղբօրը Սամաային որդին Յովնաթանը զանիկա զարկաւ։
8 Ասոնք Գէթի մէջ Ռափայէն ծներ էին եւ Դաւիթին ձեռքով ու անոր ծառաներուն ձեռքով ինկան։
Ստորանիշներ
^ 20։1 Եբր., զօրութիւնը