Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 22։1-23
22 Դաւիթ անկէ գնաց ու ողջ առողջ Ոդողոմի քարայրը հասաւ։ Իր եղբայրները եւ իր հօրը բոլոր տունը լսեցին ու անոր գացին։
2 Բոլոր նեղութեան մէջ եղող, պարտք ունեցող ու սիրտը վիրաւորուած* մարդիկը անոր քով հաւաքուեցան եւ անիկա անոնց վրայ զօրագլուխ եղաւ ու անոր քով չորս հարիւրի չափ մարդ հաւաքուեցան։
3 Դաւիթ անկէ Մովաբի Մասփան գնաց ու Մովաբի թագաւորին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, իմ հայրս ու մայրս ձեր քով թող կենան*, մինչեւ որ գիտնամ թէ Աստուած ինծի ի՞նչ պիտի ընէ»։
4 Զանոնք Մովաբի թագաւորին առջեւ բերել տուաւ եւ անոնք անոր քով բնակեցան որչափ ժամանակ որ Դաւիթ բերդին մէջ էր։
5 Գադ Մարգարէն Դաւիթին ըսաւ. «Բերդին մէջ մի՛ նստիր, ելի՛ր Յուդայի երկիրը գնա»։ Դաւիթ գնաց Հարեթի անտառը մտաւ։
6 Սաւուղ լսեց թէ Դաւիթ ու անոր հետ եղող մարդիկը գտնուեր են։ Սաւուղ Գաբաայի մէջ Ռամայի ծառին* տակ նստեր էր ու նիզակը իր ձեռքն էր եւ իր բոլոր ծառաներն ալ իր բոլորտիքը կեցեր էին։
7 Սաւուղ իր քովի ծառաներուն ըսաւ. «Ո՛վ որդիներ Բենիամինի, մտիկ ըրէ՛ք. միթէ Յեսսէին որդին ամենուդ ալ արտեր ու այգինե՞ր պիտի տայ. ամէնքդ ալ հազարապետներ ու հարիւրապետնե՞ր պիտի ընէ,
8 Որ ամէնքդ ինծի դէմ միաբաներ էք ու Յեսսէին որդիին իմ որդիիս հետ ըրած դաշնակցութիւնը իմ ականջիս ըսող մը չկայ եւ ձեր մէջ մարդ մը չկայ, որ ինծի համար ցաւի ու ինծի յայտնէ թէ իմ որդիս իմ ծառաս ինծի դէմ հանեց, որպէս զի դարանամուտ ըլլայ, ինչպէս դուք այսօր կը տեսնէք»։
9 Սաւուղին ծառաներուն վերակացուն, Եդովմայեցի Դովեկը, պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Յեսսէին որդին տեսայ, որ Նոբ եկաւ Աքիտովբի որդիին Աքիմելէքին։
10 Անիկա Դաւիթին համար Տէրոջը հարցուց ու անոր պաշար տուաւ եւ անոր Փղշտացի Գողիաթին սուրը տուաւ»։
11 Այն ատեն թագաւորը մարդ ղրկեց ու Աքիտովբի որդին Աքիմելէք քահանան ու անոր հօրը բոլոր տունը, Նոբի մէջ եղող քահանաները, կանչեց ու ամէնքն ալ թագաւորին եկան։
12 Սաւուղ ըսաւ. «Ո՛վ որդի Աքիտովբի, մտիկ ըրէ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ, տէր իմ»։
13 Եւ Սաւուղ անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար դուն ու Յեսսէին որդին ինծի դէմ միաբանեցաք ու դուն անոր հաց ու սուր տուիր եւ անոր համար Աստուծոյ հարցուցիր, որպէս զի անիկա ելլէ ինծի դարանամուտ ըլլայ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ»։
14 Աքիմելէք պատասխան տուաւ թագաւորին ու ըսաւ. «Քու բոլոր ծառաներուդ մէջ ո՞վ Դաւիթին պէս հաւատարիմ է, որ թագաւորի՝ փեսայ, քու ատեանիդ՝ վերակացու* ու քու տանդ մէջ պատուաւոր է։
15 Միթէ այսօ՞ր սկսայ անոր համար հարցնելու, քա՜ւ լիցի. թագաւորը իր ծառային վրայ ու իմ հօրս բոլոր տանը վրայ այսպիսի բան մը թող չվերագրէ, քանզի քու ծառադ այս բոլոր բաներէն պզտիկ կամ մեծ բան մը չէր գիտեր»։
16 Թագաւորը ըսաւ. «Ո՛վ Աքիմելէք, անպատճառ պիտի մեռնիք, թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու հօրդ բոլոր տունը»։
17 Թագաւորը իր քով կայնող սուրհանդակներուն ըսաւ. «Դարձէ՛ք, Տէրոջը քահանաները մեռցուցէ՛ք, քանզի անոնց ձեռքն ալ Դաւիթին հետ է, որովհետեւ անոր փախչիլը գիտնալով՝ ինծի չյայտնեցին»։ Բայց թագաւորին ծառաները չուզեցին իրենց ձեռքը երկնցնել՝ Տէրոջը քահանաները զարնելու։
18 Թագաւորը Դովեկին ըսաւ. «Դո՛ւն դարձիր ու քահանաները զա՛րկ»։ Եդովմայեցի Դովեկ դարձաւ եւ քահանաները զարկաւ ու այն օրը անիկա ութսունըհինգ մարդ մեռցուց, որոնք քթանէ եփուտ կը հագնէին։
19 Քահանաներուն Նոբ քաղաքը սուրի բերնէ անցուց. այր մարդէն մինչեւ կին մարդը, տղայէն մինչեւ կաթնկեր մանուկը ու մինչեւ արջառը, էշն ու ոչխարը սուրի բերնէ անցուց։
20 Աքիտովբեան Աքիմելէքի մէկ որդին, որուն անունը Աբիաթար էր, ազատեցաւ ու փախաւ Դաւիթին ետեւէն գնաց։
21 Աբիաթար Դաւիթին պատմեց թէ Սաւուղ Տէրոջը քահանաները մեռցուց։
22 Եւ Դաւիթ Աբիաթարին ըսաւ. «Ես այն օրը գիտէի թէ Եդովմայեցի Դովեկ հոն գտնուելով՝ անշուշտ Սաւուղին պիտի պատմէ։ Քու հօրդ տանը բոլոր մարդոց մահուանը ես պատճառ եղայ։
23 Իմ քովս նստէ, մի՛ վախնար. քանզի իմ հոգիս փնտռողը քու հոգիդ ալ կը փնտռէ, բայց դուն իմ քովս ապահով ես։