Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 2։1-36

2  Աննա աղօթք ըրաւ ու ըսաւ.«Իմ սիրտս Տէրոջմով ուրախացաւ,Իմ եղջիւրս Տէրոջմով բարձրացաւ.Բերանս իմ թշնամիներուս վրայ բացուեցաւ,Քանզի քու փրկութիւնովդ ուրախացայ։   Տէրոջը պէս սուրբ չկայ, քանզի քեզմէ զատ ուրիշ մը չկայ,Ու մեր Աստուծոյն պէս վէմ չկայ։   Ալ ասկէ յետոյ հպարտութիւնով մի՛ պարծենաք,Ու ձեր բերնէն ամբարտաւանութիւն թող չելլէ։Քանզի Տէրը գիտութեան Աստուածն էՈւ անիկա ամենուն գործը կը կշռէ։   Զօրաւորներուն աղեղները կոտրեցանՈւ տկարները ոյժ հագան։   Կուշտ եղողները հացի համար վարձկան եղանԵւ անօթի եղողները կշտացան ու աշխատանքը թողուցին,Ամուլը եօթը զաւակ ծնաւՈւ շատ զաւակ ունեցողը տկարացաւ։   Մեռցնողն ու կենդանացնողը,Գերեզմանը իջեցնողն ու վեր հանողը Տէրն է։   Աղքատացնողն ու հարստացնողը,Ցածցնողն ու բարձրացնողը Տէրն է։   Անիկա աղքատը փոշիէն կը վերցնէՈւ կարօտը աղբիւսէն կը հանէ,Որպէս զի իշխաններուն հետ նստեցնէՈւ փառքի աթոռը անոնց ժառանգութիւն տայ.Քանզի երկրի հիմերը Տէրոջն ենՈւ աշխարհը անոնց վրայ հաստատեց։   Անիկա իր սուրբերուն ոտքերը կը պահէՈւ չարագործները մութին մէջ պիտի կորսուին*.Քանզի մարդ իր ուժովը չի կրնար յաղթել։ 10  Տէրոջը դէմ հակառակողները պիտի կոտորուին,Երկնքէն անոնց վրայ պիտի որոտայ.Տէրը երկրի ծայրերը պիտի դատէ,Իր թագաւորին ոյժ պիտի տայՈւ իր օծեալին եղջիւրը պիտի բարձրացնէ»։ 11  Ու Եղկանա Ռամա իր տունը գնաց եւ Սամուէլ մանուկը Հեղի քահանային առջեւ Տէրոջը ծառայութիւն կ’ընէր։ ՀԵՂԻԻՆ ՈՐԴԻՆԵՐԸ 12  Հեղիին որդիները չար մարդիկ ըլլալով՝ Տէրը չէին ճանչնար։ 13  Քահանաներուն սովորութիւնը այս էր, որ երբ ժողովուրդէն մէկը զոհ մատուցանէր, միսին եփած ատենը քահանային սպասաւորը ձեռքը երեքժանի մսահան մը առած կու գար 14  Ու զանիկա կաթսային կամ սանին կամ եփարանին կամ պտուկին մէջ կը խոթէր ու մսահանը ինչ որ հանելու ըլլար, քահանան զանիկա իրեն կ’առնէր։ Անոնք Սելովի մէջ բոլոր հոն եկող Իսրայելացիներուն այսպէս կ’ընէին։ 15  Նաեւ ճարպը այրելէ առաջ քահանային սպասաւորը կու գար ու զոհ ընող մարդուն կ’ըսէր. «Քահանային համար խորովելու միս տուր, քանզի անիկա քեզմէ եփած միս չ’առներ, այլ հում միս կ’ուզէ»։ 16  Եւ այն մարդը, երբ ըսէր թէ «Թող հիմա ճարպը այրեն ու ետքը սրտիդ ուզածին չափ առ», այն ատեն կ’ըսէր. «Ո՛չ, հիմա տուր. եթէ ոչ՝ բռնի կ’առնեմ»։ 17  Այսպէս այն երիտասարդներուն մեղքը Տէրոջը առջեւ շատ մեծ էր, քանզի մարդիկ Տէրոջը զոհը կ’արհամարհէին։ ՍԱՄՈՒԷԼ ՍԵԼՈՎԻ ՄԷՋ 18  Սամուէլ մանուկը քթանէ եփուտը հագած՝ Տէրոջը առջեւ ծառայութիւն կ’ընէր։ 19  Ու անոր մայրը մէկ–մէկ պզտիկ պատմուճան կը շինէր անոր ու ամէն տարի երբ իր էրկանը հետ տարեկան զոհը ընելու կ’ելլէր, անոր կը տանէր։ 20  Եւ Հեղի Եղկանան ու անոր կինը օրհնելով՝ ըսաւ. «Տէրը քեզի այս կնոջմէն զաւակներ տայ, Տէրոջը փոխ տրուած տղուն տեղ», ու անոնք իրենց տեղը գացին։ 21  Եւ Տէրը այցելութիւն ըրաւ Աննային, որ յղացաւ ու երեք տղայ ու երկու աղջիկ ծնաւ։ Սամուէլ մանուկն ալ Տէրոջը առջեւ մեծցաւ։ ՀԵՂԻ ԵՒ ԻՐ ՏՂԱՔԸ 22  Եւ Հեղի խիստ ծերացեր էր ու անոր որդիները ինչ որ կ’ընէին բոլոր Իսրայէլի եւ ի՛նչպէս անոնք վկայութեան խորանին առջեւ խումբերով հաւաքուած կիներուն հետ կը պառկէին, բոլորն ալ կը լսէր։ 23  Անոնց ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար այսպիսի բաներ կ’ընէք. քանզի ես այս բոլոր ժողովուրդին բերնէն ձեզի համար գէշ խօսքեր կը լսեմ։ 24  Մի՛ ընէք, տղա՛քս, քանզի աղէկ չեն այն լուրերը, որոնք ես կը լսեմ. դուք Տէրոջը ժողովուրդը կը մոլորեցնէք։ 25  Եթէ մարդ մը մարդու դէմ մեղք գործէ, անոր դատաստանը Աստուած կը կտրէ*. բայց եթէ մարդ մը Տէրոջը դէմ մեղք գործէ, անոր համար ո՞վ աղաչանք պիտի ընէ»։ Սակայն անոնք իրենց հօրը խօսքին մտիկ չէին ըներ, ուստի Տէրը զանոնք մեռցնել կ’ուզէր։ 26  Սամուէլ մանուկը օրէ օր կը մեծնար եւ Տէրոջը ու մարդոց հաճոյ էր։ 27  Աստուծոյ մարդը Հեղիին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու հօրդ տանը յայտնապէս երեւցայ, երբ անոնք Եգիպտոսի մէջ Փարաւոնին տանը ծառայ էին 28  Ու Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն զանիկա ինծի քահանայ ընտրեցի, որպէս զի իմ սեղանիս վրայ զոհ մատուցանէ, խունկ ծխէ ու իմ առջեւս եփուտ հագնի։ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր պատարագները քու հօրդ տանը տուի։ 29  Իմ տանս համար պատուիրած զոհերս ու ընծաներս ինչո՞ւ կ’անարգես եւ քու որդիներդ ինձմէ աւելի կը փառաւորես, որպէս զի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի ընտիր զոհերովը ձեզ գիրցնէք’։ 30  Ասոր համար Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Իրաւցնէ ըսեր էի որ քու տունդ ու քու հօրդ տունը իմ առջեւս յաւիտեան պտըտին’, բայց Տէրը կ’ըսէ. ‘Քա՜ւ լիցի, քանզի ես զիս փառաւորողները պիտի փառաւորեմ ու զիս արհամարհողները պիտի անարգուին։ 31  Ահա օրեր պիտի գան, որ քու թեւդ ու քու հօրդ տանը թեւը պիտի կտրեմ, որպէս զի քու տանդ մէջ ծեր չգտնուի։ 32  Եւ Իսրայէլի ամէն տեսակ բարութիւն վայելած ատենը, դուն իմ տանս մէջ դժբախտութիւն պիտի տեսնես ու քու տանդ մէջ բնաւ ծեր պիտի չգտնուի։ 33  Եւ քու սերունդէդ մնացած մարդը, որ իմ սեղանէս չեմ կտրեր, քու աչքերդ նուաղեցնելու ու քու սիրտդ վշտացնելու համար պիտի մնայ եւ քու տանդ բոլոր զաւակները երիտասարդութեան մէջ* պիտի մեռնին։ 34  Ու քու երկու որդիներուդ՝ Ոփնիին ու Փենէհէսին՝ գլուխը գալիքը քեզի նշան ըլլայ, այսինքն երկուքն ալ մէկ օրուան մէջ պիտի մեռնին։ 35  Ինծի հաւատարիմ քահանայ մը պիտի հանեմ, որ բոլոր իմ սրտիս եւ հոգիիս մէջ եղածը կատարէ։ Անոր հաւատարիմ տուն մը պիտի շինեմ ու միշտ իմ օծեալիս առջեւ պիտի պտըտի։ 36  Քու տունէդ ով որ մնայ, կտոր մը արծաթի համար ու նկանակ մը հացի համար պիտի գայ անոր երկրպագութիւն ընէ։ Ան պիտի ըսէ. «Կ’աղաչեմ, զիս քահանայական պաշտօնի մը վրայ դիր, որպէս զի պատառ մը հաց ուտեմ»’»։

Ստորանիշներ

2։9 Եբր., լուռ կենան
2։25 Կամ, անոր համար քաւութիւն կըլլայ Աստուծոյ առջեւ
2։33 Եբր., մարդ ըլլալնուն պէս՝