Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 10։1-27

10  Սամուէլ իւղի շիշ մը առաւ ու անոր գլխուն վրայ թափեց եւ զանիկա համբուրեց ու ըսաւ. «Չէ՞ որ Տէրը քեզ իր ժառանգութեանը վրայ իշխան օծեց։  Այսօր քովէս գացած ատենդ՝ Բենիամինին սահմանը Սելսահի մէջ՝ Ռաքէլին գերեզմանին քով երկու մարդ պիտի գտնես, որոնք քեզի պիտի ըսեն. ‘Գտնուեցան այն էշերը, որոնք փնտռելու գացած էիր։ Քու հայրդ էշերուն հոգը թողուց ու ձեզի համար կը մտահոգուի’ ու կ’ըսէ. ‘Տղուս համար ի՞նչ ընեմ’։  Երբ ասկէ անդին երթաս ու Թաբօրին կաղնին հասնիս, հոն երեք մարդ քեզի պիտի հանդիպին, որոնցմէ մէկը երեք ուլ, մէկը երեք հացի նկանակ ու մէկն ալ տիկ մը գինի առած՝ Աստուծոյ կ’ելլեն դէպի Բեթէլ։  Անոնք քու ողջութիւնդ հարցնելով՝ քեզի երկու հաց պիտի տան, դուն ալ անոնց ձեռքէն ա՛ռ։  Անկէ յետոյ Աստուծոյ բլուրը գնա՛, ուր Փղշտացիներու բերդապահ զօրքը կը կենայ. երբ հոն քաղաքը մտնես, բարձր տեղէն իջնող մարգարէներու գունդի մը պիտի հանդիպիս, որոնք իրենց առջեւէն տաւիղ, թմբուկ, սրինգ ու քնար ունենալով մարգարէութիւն պիտի ընեն։  Այն ատեն քու վրադ Տէրոջը Հոգին պիտի գայ ու անոնց հետ մարգարէութիւն պիտի ընես եւ դուն պիտի փոխուիս, ուրիշ մարդ մը պիտի ըլլաս։  Երբ այս նշանները քու վրադ գան, ձեռքէդ եկածը ըրէ, քանզի Աստուած քեզի հետ է։  Ինձմէ առաջ Գաղգաղա իջի՛ր եւ ահա ես հոն պիտի իջնեմ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանելու համար։ Դուն եօթը օր սպասէ՛, մինչեւ որ ես քեզի գամ ու քու ընելիքդ քեզի իմացնեմ»։  Երբ անիկա իր կռնակը դարձուց Սամուէլին քովէն երթալու համար, Աստուած անոր ուրիշ սիրտ մը տուաւ եւ նոյն օրը այս բոլոր նշանները կատարուեցան։ 10  Ու երբ հոն բլուրը եկաւ, ահա մարգարէներու գունդ մը անոր առջեւ ելաւ եւ անոր վրայ Աստուծոյ Հոգին եկաւ ու անոնց հետ մարգարէութիւն ըրաւ։ 11  Ամէն անոնք, որ զինք նախապէս կը ճանչնային, երբ տեսան որ անիկա մարգարէներուն հետ մարգարէութիւն կ’ընէ, իրարու ըսին. «Այս ի՞նչ բան է, որ Կիսին որդիին հանդիպեր է։ Միթէ Սաւո՞ւղ ալ մարգարէներուն մէջ է»։ 12  Այն տեղի մարդոցմէ մէկը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Հապա անոր հայրը ո՞վ է»։ Անոր համար ասիկա առակ մը եղաւ. «Միթէ Սաւո՞ւղ ալ մարգարէներուն մէջ է»։ 13  Երբ մարգարէութիւն ընելը լմնցուց, բարձր տեղը եկաւ։ 14  Սաւուղին հօրեղբայրը անոր ու անոր մանչուն ըսաւ. «Ո՞ւր գացիք»։ Անիկա ըսաւ. «Էշերը փնտռելու. բայց երբ տեսանք որ չկան, Սամուէլին գացինք»։ 15  Սաւուղին հօրեղբայրը ըսաւ. «Սամուէլ ձեզի ի՞նչ ըսաւ, պատմէ՛ ինծի»։ 16  Սաւուղ իր հօրեղբօրը ըսաւ. «Էշերուն գտնուիլը մեզի յայտնապէս իմացուց»։ Բայց թագաւորութեան մասին Սամուէլին ըսած խօսքը անոր չյայտնեց։ ՍԱՒՈՒՂ ԻԲՐ ԹԱԳԱՒՈՐ ԿԸ ԾԱՓԱՀԱՐՈՒԻ 17  Սամուէլ ժողովուրդը Մասփայի մէջ Տէրոջը առջեւ հաւաքեց 18  Ու Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես Իսրայէլը Եգիպտոսէն հանեցի ու ձեզ Եգիպտացիներուն ձեռքէն եւ ձեզի նեղութիւն տուող բոլոր թագաւորներուն* ձեռքէն ազատեցի։ 19  Բայց դուք այսօր ձեր Աստուածը մերժեցիք, որ բոլոր չարիքներէն ու նեղութիւններէն ձեզ ազատեց ու անոր ըսիք. ‘Անպատճառ մեր վրայ թագաւոր մը դիր’։ Ուրեմն հիմա ձեր ցեղերովը ու հազարաւորներովը Տէրոջը առջեւ կայնեցէք»։ 20  Ու երբ Սամուէլ Իսրայէլի բոլոր ցեղերը մօտեցուց, վիճակը Բենիամինին ցեղին ելաւ։ 21  Ետքը Բենիամինին ցեղը ազգատոհմերովը մօտեցուց ու վիճակը Մատրիին ազգատոհմին ելաւ։ Ետքը Կիսին որդիին Սաւուղին ելաւ. բայց երբ զանիկա փնտռեցին, անիկա չգտնուեցաւ։ 22  Նորէն Տէրոջը հարցուցին, թէ «Արդեօք այն մարդը հոս կու գա՞յ» ու Տէրը ըսաւ. «Ահա անիկա կարասիներուն մէջտեղը պահուած է»։ 23  Վազելով՝ զանիկա անկէ առին ու ժողովուրդին մէջտեղը կեցուցին։ Բոլոր ժողովուրդէն՝ ուսի մը չափ երկայն էր։ 24  Սամուէլ բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Տէրոջը ընտրած մարդը տեսա՞ք, որ բոլոր ժողովուրդին մէջ անոր պէս չկայ»։ Բոլոր ժողովուրդը աղաղակեց ու ըսաւ. «Կեցցէ՜ արքայ»։ 25  Սամուէլ թագաւորութեան կանոնները ժողովուրդին յայտնեց ու զանոնք գրքի մը մէջ գրեց ու Տէրոջը առջեւ դրաւ եւ Սամուէլ բոլոր ժողովուրդը արձակեց, որպէս զի ամէն մարդ իր տունը երթայ։ 26  Սաւուղ ալ Գաբաա իր տունը գնաց։ Խումբ մը մարդիկ անոր հետ գացին, որոնց սիրտը Աստուած դրդեց։ 27  Բայց չար մարդիկ ըսին. «Ասիկա մեզ ի՞նչպէս պիտի ազատէ». ուստի զանիկա քամահրեցին ու անոր ընծայ մը չտարին. բայց անիկա լուռ կեցաւ։

Ստորանիշներ

10։18 Եբր., թագաւորութիւններուն