ԱՌԱԿԱՑ 25։1-28

25  Ասոնք ալ Սողոմոնի առակներն են, որոնք Յուդայի Եզեկիա թագաւորին մարդիկը օրինակեցին։   Բանը ծածկելը Աստուծոյ փառքն է,Բայց թագաւորներուն փառքը բանը աղէկ քննելն է։   Երկնքի բարձրութիւնն ու երկրի խորութիւնըԵւ թագաւորներուն սիրտը չեն քննուիր։   Վերցո՛ւր արծաթէն կղկղանքըՈւ ոսկերիչին համար մաքուր անօթ կ’ելլէ։   Վերցո՛ւր թագաւորին առջեւէն ամբարիշտըՈւ անոր աթոռը արդարութեամբ կը հաստատուի։   Թագաւորին առջեւ մի՛ պարծիրԵւ մեծերուն տեղը մի՛ կենար,   Վասն զի աղէկ է որ քեզի ըսեն թէ «Հո՛ս, վեր ելիր»,Քան թէ վար իջեցնեն քեզ իշխանին առջեւ։   Կռիւի* համար շուտով դուրս մի՛ ելլեր.Չըլլայ թէ երբ ընկերդ քեզ ամչցնէ,Դուն վերջը ինչ ընելիքդ չգիտնաս։   Ընկերիդ հետ քու դատդ վարէ՛,Բայց գաղտնիքը ուրիշի մի՛ յայտներ, 10  Որպէս զի լսողը քեզ չանարգէՈւ գէշ անունդ անջնջելի մնայ։ 11  Յարմարութեամբ ըսուած խօսքըԱրծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներու կը նմանի։ 12  Իմաստունին յանդիմանութիւնը՝ մտիկ ընող ականջին՝Ոսկիէ օղ ու մաքուր ոսկիէ մանեակ է։ 13  Հաւատարիմ դեսպանը զինք ղրկողներունՀունձքի ատեն ձիւնին զովութեանը պէս էԵւ իր տիրոջը հոգին կը զովացնէ։ 14  Սուտ առատաձեռնութեան* վրայ պարծեցողըԱնանձրեւ ամպերու եւ հովի պէս է։ 15  Համբերութեամբ իշխանին սիրտը կը շինուիԵւ անոյշ լեզուն ոսկորներ կը կոտրէ։ 16  Եթէ մեղր գտնես, միայն քեզի բաւական եղածին չափ կեր,Չըլլայ որ յագենաս ու զանիկա փսխես։ 17  Քու ոտքդ դրացիիդ տունը թող չյաճախէ,Չըլլայ որ քեզմէ ձանձրանայ ու քեզ ատէ։ 18  Իր դրացիին համար սուտ վկայութիւն ընողըԼախտի, սուրի եւ սրած նետի պէս է։ 19  Նեղութեան օրը անհաւատարիմ մարդու ապաւինիլըՓշրուող ակռայի եւ դիւրասահ ոտքի ապաւինելու պէս է։ 20  Տրտում մարդուն առջեւ երգեր երգողըՑուրտ օրը իր զգեստը հանողինԿամ բորակի վրայ թափուած քացախին կը նմանի։ 21  Եթէ թշնամիդ անօթի է, անոր հաց կերցուրՈւ եթէ ծարաւ է, անոր ջուր խմցուր։ 22  Քանզի այսպէս ընելով անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզեսԵւ Տէրը քեզի հատուցում պիտի ընէ։ 23  Հիւսիսային հովը ամպեր կը հաւաքէ*Ու խոժոռ դէմքը՝ չարախօս լեզու։ 24  Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ,Քան թէ կռուազան կնոջ հետ՝ մեծ տան մէջ։ 25  Ինչպէս է պաղ ջուրը՝ ծարաւցած մարդուն,Այնպէս է հեռու երկրէ եկած բարի լուրը։ 26  Չար մարդուն առջեւ ինկող արդարըՏղմուտ աղբիւրի ու պղտորած ակի կը նմանի։ 27  Շատ մեղր ուտելը աղէկ չէ,Եւ մարդուն իր փառքը փնտռելը փառք չէ։ 28  Իր ոգին չզսպող մարդը՝Փլած ու անպարիսպ քաղաքի պէս է։

Ստորանիշներ

25։8 Կամ, Դատի
25։14 Եբր., պարգեւի
25։23 Կամ, կը յարուցանէ