ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑՆԵՆ
Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ ինծի օգնել. Մաս 1։ Աստուածաշունչիդ ծանօթանալ
«Փորձեցի Աստուածաշունչը կարդալ, բայց քանի որ հաստ գիրք է՝ յանձնուեցայ» (Պրիանա, 15 տարեկան)
Դուն ալ այդպէս կը զգա՞ս։ Եթէ այո՛, այս յօդուածը քեզի պիտի օգնէ։
Ինչո՞ւ Աստուածաշունչ կարդալը կարեւոր է
Աստուածաշունչ կարդալու գաղափարը քեզի համար ձանձրացուցի՞չ է։ Եթէ այո՛, հասկնալի է։ Թերեւս, քեզի համար, Աստուածաշունչ կը նշանակէ հազարաւոր էջեր ունեցող գիրք մը, որ նկարներ չունի եւ որուն տառերը պզտիկ են։ Անոր համար, կը նախընտրես դիտել հեռատեսիլ եւ համացանցի վրայ վիտէօներ։
Բայց կրնաս այսպէս մտածել. եթէ գանձերով լեցուն սնտուկ գտնէիր, պիտի չուզէի՞ր բանալ որ տեսնես թէ մէջը ճիշդ ի՛նչ կայ։
Աստուածաշունչը կը նմանի գանձերով լեցուն սնտուկի։ Մէջը շա՜տ արժէքաւոր գոհարներ կան, որոնք քեզի պիտի օգնեն որ
լաւ որոշումներ առնես
ծնողներուդ հետ լեզու գտնես
շատ լաւ ընկերներ գտնես
սթրեսի հետ գլուխ ելլես
Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ Աստուածաշունչին պէս հին գիրք մը մեր օրերուն գործնական ըլլայ եւ կարդացողին իմաստուն դարձնէ։ Պարզապէս քանի որ ատիկա «Աստուծոյ շունչն է» (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Ասիկա կը նշանակէ որ Աստուածաշունչին մէջի խրատները կու գան տիեզերքի ամէնէն իմաստուն անձնաւորութենէն։
Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս պէտք է կարդամ
Կողքէ կողք կարդալ։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ Աստուածաշունչին բուն նիւթը հասկնաս։ Աստուածաշունչը կարդալու կերպերը շատ են։ Նկատի առ երկու կերպեր.
Կրնաս Աստուածաշունչին 66 գիրքերը կարդալ «Ծննդոց»էն մինչեւ «Յայտնութիւն»։
Կրնաս Աստուածաշունչը ժամանակագրական շարքով կարդալ, այսինքն՝ այն շարքաւորումով որ մէջի դէպքերը տեղի ունեցան։
Առաջարկ։ «Աստուծոյ Խօսքը սերտելու ուղեցոյց» գրքոյկին չորրորդ մասին մէջ կը գտնես Յիսուսին երկրային կեանքին գլխաւոր դէպքերը՝ ժամանակագրական շարքով։
Կարդալ այն մարդոց պատմութիւնը, որոնք քու պարագաներէդ անցան։ Օրինակ.
Կ’ուզե՞ս վստահելի ընկերներ գտնել։ Յովնաթանին եւ Դաւիթին պատմութիւնը կարդայ (Ա. Թագաւորաց, 18-20–րդ գլուխները)։ Ետքը, «Ինչպէ՞ս հաւատարիմ ընկերներ գտնել» աշխատանքի տետրին միջոցաւ տես թէ ի՛նչ գործնական դասեր կրնաս սորվիլ իրենց պատմութենէն։
Կ’ուզե՞ս փորձութեան դէմ դնել։ Յովսէփին պատմութիւնը կարդայ, որ տեսնես թէ ի՛նքը ինչպէս փորձութեան դէմ դրաւ (Ծննդոց, 39–րդ գլուխ)։ Ետքը «Ինչպէ՛ս դէմ դնել փորձութեան... Յովսէփ. մաս 1» եւ «Յովսէփ կ’ամբաստանուի. մաս 2» աշխատանքի տետրերուն միջոցաւ տես թէ ի՛նչ գործնական դասեր կրնաս սորվիլ իր պատմութենէն։
Կ’ուզե՞ս գիտնալ որ աղօթքը ինչպէ՛ս կրնայ քեզի օգնել։ Նէեմիային պատմութիւնը կարդայ (Նէեմիա, 2–րդ գլուխ)։ Ետքը, «Աստուած իր աղօթքին պատասխանեց» աշխատանքի տետրին միջոցաւ տես թէ ի՛նչ գործնական դասեր կրնաս սորվիլ իր պատմութենէն։
Առաջարկ. Աստուածաշունչը կարդացած ժամանակ, վստահ եղիր որ շուրջդ աղմուկ չկայ, որ կարենաս կեդրոնանալ։
Ընտրել պատմութիւն մը կամ սաղմոս մը, կարդալ, եւ ետքը տեսնել որ ատիկա ինչպէ՛ս քեզի կը կիրարկուի։
Կարդալէ ետք, դուն քեզի հարցուր.
Եհովա Աստուած ինչո՞ւ այս պատմութիւնը կամ սաղմոսը գրել տուաւ։
Ատիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ Եհովային անձնաւորութեան կամ հարցերը ձեռք առնելու կերպին մասին։
Կարդացած տեղեկութիւններս ինչպէ՞ս կրնամ գործադրել։
Առաջարկ. Նպատակ դիր եւ որոշէ թուական մը երբ պիտի սկսիս Աստուածաշունչը կարդալ՝ մեր կայքին վրայ գտնուող «Աստուածաշունչը կարդալու յայտագիր»ին օգնութեամբ։