Ի՞նչ է մեծ նեղութիւնը
Աստուածաշունչին պատասխանը
Մեծ նեղութիւնը մարդոց համար ամէնէն դժուար ժամանակը պիտի ըլլայ։ Աստուածաշունչին մարգարէութեան համաձայն, ատիկա տեղի պիտի ունենայ «վերջին օրերը» կամ «վերջին ժամանակը» (Բ. Տիմոթէոս 3։1. Դանիէլ 12։4)։ Անիկա «այնպիսի նեղութիւն պիտի ըլլայ, որուն նմանը Աստուծոյ ստեղծած արարածներուն սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ» (Մարկոս 13։19. Դանիէլ 12։1. Մատթէոս 24։21, 22)։
Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեծ նեղութեան ընթացքին
Սուտ կրօնքի կործանում։ Սուտ կրօնքը յանկարծ եւ շատ արագ պիտի կործանի (Յայտնութիւն 17։1, 5. 18։9, 10, 21)։ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեամբ ներկայացուած քաղաքական ուժերը Աստուծոյ կամքը պիտի կատարեն եւ սուտ կրօնքը կործանեն (Յայտնութիւն 17։3, 15-18) a։
Ճշմարիտ կրօնքի վրայ յարձակում։ Աշխարհի կառավարութիւններու միութիւն մը, որուն մասին Եզեկիէլի տեսիլքին մէջ կը խօսուի որպէս ‘Մագոգի երկիրը եղող Գոգը’, պիտի փորձէ բնաջնջել ճշմարիտ կրօնքի հետեւորդները։ Բայց Աստուած իր երկրպագուները կործանումէ պիտի պաշտպանէ (Եզեկիէլ 38։1, 2, 9-12, 18-23)։
Երկրի բնակիչները կը դատուին։ Յիսուս բոլոր մարդիկը պիտի դատէ եւ մարդիկը «իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ» (Մատթէոս 25։31-33)։ Ամէն մէկ անձ պիտի դատուի Յիսուսի «եղբայրներ»ուն թիկունք կանգնելուն կամ չկանգնելուն հիման վրայ։ Յիսուսին «եղբայրներ»ը անոնք են, որոնք իրեն հետ երկինքէն պիտի թագաւորեն երկրի վրայ (Մատթէոս 25։34-46)։
Յիսուսի իշխանակիցները կը հաւաքուին։ Հաւատարիմ անձեր, որոնք կ’ընտրուին Քրիստոսի հետ իշխելու, իրենց երկրային ընթացքը պիտի աւարտեն եւ յարութիւն առնեն՝ երկինքի մէջ ապրելու համար (Մատթէոս 24։31. Ա. Կորնթացիս 15։50-53. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։15-17)։
Արմագեդոն։ Ասիկա ‘Ամենակալ Աստուծոյ մեծ օրուանը պատերազմն է’, որ կը կոչուի նաեւ ‘Տէրոջը օրը’ (Յայտնութիւն 16։14, 16. Եսայի 13։9. Բ. Պետրոս 3։12)։ Քրիստոսի կողմէ դատապարտուած անձերը պիտի բնաջնջուին (Սոփոնիա 1։18. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-10)։ Անոնց շարքին են՝ աշխարհի քաղաքական դրութիւնը, որ Աստուածաշունչին մէջ կը ներկայացուի որպէս եօթը գլուխ ունեցող գազան (Յայտնութիւն 19։19-21)։
Մեծ նեղութենէն ետք տեղի ունենալիք դէպքեր
Սատանան եւ դեւերը կը բանտարկուին։ Զօրաւոր հրեշտակ մը Սատանան եւ դեւերը պիտի ձգէ «անդունդը», ինչ որ կը խորհրդանշէ անգործունեայ վիճակ (Յայտնութիւն 20։1-3)։ Սատանային վիճակը անդունդին մէջ կարելի է նմանցնել բանտի մէջ ըլլալուն։ Ան կարողութիւն պիտի չունենայ մարդոց ազդել (Յայտնութիւն 20։7)։
Հազարամեայ իշխանութիւնը կը սկսի։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի սկսի իր հազարամեայ իշխանութիւնը, ինչ որ մեծ օրհնութիւններ պիտի բերէ մարդոց (Յայտնութիւն 5։9, 10. 20։4, 6)։ Անհամար «մեծ բազմութիւն» մը՝ «մեծ նեղութենէն» վերապրելով, պիտի տեսնէ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան սկսիլը երկրի վրայ (Յայտնութիւն 7։9, 14. Սաղմոս 37։9-11)։
a «Յայտնութիւն» գիրքին մէջ, սուտ կրօնքը կը ներկայացուի որպէս Մեծ Բաբելոն՝ «մեծ պոռնիկ» (Յայտնութիւն 17։1, 5)։ Կարմիր գազանը, որ Մեծ Բաբելոնը կը կործանէ, կը խորհրդանշէ այն կազմակերպութիւնը, որուն նպատակն է՝ ազգերը միացնել եւ ներկայացնել։ Սկիզբը, այդ կազմակերպութիւնը Ազգերու դաշնակցութիւնն էր. իսկ հիմա, անիկա Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնն է։