Համաշխարհային խաղաղութիւնը ինչո՞ւ այսքան դժուար է։
Աստուածաշունչին պատասխանը
Համաշխարհային խաղաղութիւն բերելու մարդկային ջանքերը ձախողած են եւ պիտի շարունակեն ձախողիլ զանազան պատճառներով.
«Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ» (Երեմիա 10։23)։ Մարդիկ ստեղծուած չեն իրենք իրենց վրայ իշխելու կարողութեամբ կամ իրաւունքով, եւ հետեւաբար, անոնք պիտի չկարենան մնայուն խաղաղութիւն իրագործել։
«Մի՛ վստահիք ազնուականներուն, մարդու որդիին՝ որուն քով օգնութիւն չկայ. անոր հոգին կ’երթայ, ան իր հողը կը վերադառնայ, նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին» (Սաղմոս 146։3, 4, ԱԾ)։ Նոյնիսկ լաւագոյն շարժառիթները ունեցող կառավարիչներ չեն կրնար պատերազմներու բուն պատճառներուն մնայուն լուծումներ գտնել։
«Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան... դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ» (Բ. Տիմոթէոս 3։1-4)։ Մենք կ’ապրինք այս չար աշխարհին «վերջին օրեր»ուն մէջ, եւ մարդոց կեցուածքները խաղաղութիւն իրագործելը կը դժուարացնեն։
«Վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ» (Յայտնութիւն 12։12)։ Աստուծոյ թշնամին՝ Բանսարկու Սատանան, երկիր նետուած է եւ մարդիկը կը դրդէ որ անգութ հոգի մը որդեգրեն։ Այնքան ատեն որ ինք «այս աշխարհին իշխան»ն է, բնաւ չենք կրնար խաղաղութիւն վայելել (Յովհաննէս 12։31)։
«[Աստուծոյ Թագաւորութիւնը] այս բոլոր թագաւորութիւնները [որ իրեն կը հակառակին] պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ» (Դանիէլ 2։44)։ Ո՛չ թէ մարդկային կառավարութիւն մը, հապա՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է որ պիտի գոհացնէ համաշխարհային մնայուն խաղաղութիւն վայելելու մեր փափաքը (Սաղմոս 145։16)։