Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յուսախա՞բ ես Աստուծմէ

Յուսախա՞բ ես Աստուծմէ

«ԻՆՉՈ՞Ւ Ե՛Ս։ Աստուած ինչո՞ւ թոյլ տուաւ որ ասիկա պատահի ինծի»։ Այս հարցումները կ’անցնէին 24 տարեկան Սիտնէյի միտքէն, որ Պրազիլէն է։ Արկած մը ունենալէն ետք, մէջտեղ եկաւ որ իր ամբողջ կեանքը հաշմանդամի կառքին վրայ պիտի անցընէր։

Մարդիկ կրնան Աստուծմէ դիւրաւ յուսախաբ ըլլալ երբ արկածի, հիւանդութեան, սիրելիի մը մահուան, բնական աղէտի կամ պատերազմի պատճառով նեղութիւն քաշեն։ Ասիկա նորութիւն մը չէ։ Անցեալին, Յոբ նահապետը ետեւ–ետեւի նեղութիւններու հանդիպեցաւ։ Ան Աստուած մեղադրեց՝ ըսելով. «Ես քեզի կ’աղաղակեմ ու ինծի պատասխան չես տար. կը կանգնիմ ու դուն ինծի ուշադրութիւն չես ըներ։ Դուն ինծի հանդէպ անգութ եղար, ձեռքիդ զօրութիւնովը թշնամիի պէս կը վարուիս ինծի հետ»։ Ան կը սխալէր (Յոբ 30։20, 21

Յոբ չէր գիտեր թէ իր խնդիրներուն պատճառը ո՛վ էր, ոչ ալ գիտէր թէ ինչո՛ւ իրեն կը պատահէին։ Ուրախ ենք որ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ ատոնք ինչո՛ւ կը պատահին եւ ինչպէ՛ս պէտք է հակազդենք անոնց։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՆՊԱՏԱ՞ԿՆ ԷՐ ՈՐ ՄԱՐԴԻԿ ՏԱՌԱՊԻՆ

Աստուածաշունչը Աստուծոյ մասին կ’ըսէ. «Աստուծոյ գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է» (Բ. Օրինաց 32։4)։ Ուստի, կարելի՞ է որ «արդար եւ ուղիղ» Աստուած մը նեղութիւններ պատճառելով մարդիկը պատժէ կամ զտէ, կամ ալ՝ իր նպատակը ըլլայ որ մենք չարչարուինք։

Աստուածաշունչը ճիշդ հակառակը կ’ըսէ. «Չըլլայ թէ մէկը, որ փորձութեան մէջ է, ըսէ. ‘Աստուծմէ կը փորձուիմ’. վասն զի Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ» (Յակոբոս 1։13)։ Աստուածաշունչէն կը գիտնանք թէ Աստուած Ադամին ու Եւային կատարեալ պայմաններ տուաւ. գեղեցիկ բնակավայր մը, իմաստալից գործ մը եւ ամէն ինչ որ պէտք ունին ապրելու համար։ Աստուած անոնց ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք»։ Անշուշտ, Ադամն ու Եւան ո՛չ մէկ պատճառ ունէին Աստուծմէ յուսախաբ ըլլալու (Ծննդոց 1։28

Բայց ներկայիս մեր ապրած պայմանները կատարելութեան քովէն իսկ չեն անցնիր։ Ամբողջ պատմութեան ընթացքին մարդիկ շատ մեծ ցաւեր քաշած են։ Իսկապէս, «բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն» (Հռովմայեցիս 8։22)։ Լաւ, ինչո՞ւ այս վիճակին հասանք։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՏԱՌԱՊԱՆՔ ԿԱՅ

Որպէսզի հասկնանք թէ ինչո՛ւ տառապանք կայ, երթանք այն ժամանակին երբ տառապանքը սկսաւ։ Ըմբոստ հրեշտակ մը, որ ետքը Բանսարկու Սատանայ կոչուեցաւ, Ադամն ու Եւան մղեց որ Աստուծոյ բարիի ու չարի չափանիշները մերժեն, «բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն» ուտելով։ Սատանան Եւային ըսաւ, որ եթէ Աստուծոյ անհնազանդ գտնուին, պիտի չմեռնին։ Այսպէս, ան ուզեց Աստուած սուտ հանել եւ ըսել թէ զիրենք կը զրկէ բարին ու չարը որոշելու իրաւունքէն (Ծննդոց 2։17. 3։1-6)։ Սատանան հասկցուց որ մարդիկ աւելի լաւ վիճակի մէջ պիտի ըլլան, եթէ Աստուած իրենց վրայ չիշխէ։ Այս բոլորը շատ կարեւոր հարց մը մէջտեղ բերին. Աստուած իշխելու որակեա՞լ է։

Սատանան ուրիշ հարց մըն ալ մէջտեղ բերաւ։ Ան ըսաւ որ մարդիկը Աստուծոյ կը ծառայեն իրենց անձնական շահերուն համար։ Սատանան հաւատարիմ Յոբին համար Աստուծոյ ըսաւ. «Չէ՞ որ դուն անոր ու անոր տանը եւ անոր ամէն ունեցածներուն շուրջը ցանկով պատեցիր. . . Հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ամէն ունեցածին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ» (Յոբ 1։10, 11)։ Թէեւ Սատանան Յոբին մասին կը խօսէր, սակայն ան ըսել ուզեց որ բոլոր մարդիկը անձնական շահերու համար Աստուծոյ կը ծառայեն։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՍՏՈՒԱԾ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ԼՈՒԾՈՒՄ ՏՈՒԱՒ

Ի՞նչն է լաւագոյն կերպը որ այս կարեւոր հարցերը մէկ անգամ ընդմիշտ լուծուին։ Աստուած, որ ամէնէն իմաստունն է, լաւագոյն լուծումը տուաւ,– լուծում մը որ մեզ Աստուծմէ յուսախաբ չ’ըներ (Հռովմայեցիս 11։33)։ Ան որոշեց մարդոց թոյլ տալ, որ ժամանակ մը իրենք իրենց վրայ իշխեն, եւ այսպիսով արդիւնքները փաստեն թէ որո՛ւն իշխանութիւնը լաւագոյնն է։

Ներկայիս աշխարհին ցաւալի վիճակները կը փաստեն, թէ մարդկային իշխանութիւնը վերջին ծայր ձախողած է։ Կառավարութիւնները ոչ միայն չեն կրցած խաղաղութիւն, ապահովութիւն եւ երջանկութիւն բերել, այլեւ՝ երկրագունդը կործանելու վրայ են։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ Աստուածաշունչին ըսածը ճիշդ է, թէ «մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ» (Երեմիա 10։23)։ Միայն Աստուծոյ իշխանութեան ներքեւ կրնանք մնայուն խաղաղութիւն, երջանկութիւն եւ բարգաւաճութիւն վայելել, քանի որ ասիկա՛ է Աստուծոյ նպատակը (Եսայի 45։18

Լաւ, Աստուած ինչպէ՞ս մարդիկը պիտի վերադարձնէ իրենց առաջուան վիճակին, իր նպատակին համաձայն։ Յիշէ թէ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։10)։ Որոշուած ժամանակին, Աստուած իր Թագաւորութեան միջոցաւ բոլոր նեղութիւնները պիտի վերցնէ (Դանիէլ 2։44)։ Այլեւս աղքատութիւն, հիւանդութիւն եւ մահ պիտի չըլլան։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուած «աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը» (Սաղմոս 72։12-14)։ Իսկ հիւանդներուն համար կը խոստանայ. «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’» (Եսայի 33։24)։ Նոյնիսկ մեռնողներուն համար, որոնք Աստուծոյ յիշողութեան մէջ են, Յիսուս ըսաւ. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան» (Յովհաննէս 5։28, 29)։ Այս խոստումները սրտերնիս որքա՜ն կ’ուրախացնեն։

Աստուծոյ խոստումներուն հաւատալը մեզի կ’օգնէ, որ իրմէ յուսախաբ չըլլանք

ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ

Սկիզբը նշուած Սիտնէյը իր արկածէն շուրջ 17 տարի ետք ըսաւ. «Արկածին համար բնա՛ւ Եհովա Աստուած չմեղադրեցի, բայց կը խոստովանիմ որ սկիզբը իրմէ յուսախաբ էի։ Օրեր կան որ շատ անտրամադիր կը զգամ, եւ կու լամ երբ իմ ֆիզիքական անկարողութեանս մասին մտածեմ։ Սակայն Աստուածաշունչին միջոցաւ հասկցած եմ, որ արկածը պատիժ մը չէր Աստուծոյ կողմէ։ Ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, ‘ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն’։ Եհովային աղօթելը եւ որոշ համարներ կարդալը զիս հոգեւորապէս զօրացուցած են եւ տրամադրութիւնս վեր պահած են» (Ժողովող 9։11. Սաղմոս 145։18. Բ. Կորնթացիս 4։8, 9, 16

Աստուծմէ յուսախաբ ըլլալու զգացումը յաղթահարելուն մէջ մեզի կ’օգնեն հետեւեալները. մեր միտքը պահել թէ Աստուած ինչո՛ւ թոյլ տուած է տառապանքը, եւ թէ մօտ ատենէն տառապանքին հետքերը պիտի ջնջէ։ Մենք վստահ ենք որ Աստուած «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ Ամէն ո՛վ որ անոր եւ իր Որդիին կը հաւատայ, յուսախաբ պիտի չըլլայ (Եբրայեցիս 11։6. Հռովմայեցիս 10։11