ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑՆԵՆ
Արդեօք Զատիկը իրապէ՞ս քրիստոնէական տօն մըն է
Հայերէն բացատրական բառարան–ը «Զատիկ»–ը կը նկարագրէ որպէս՝ «Քրիստոնէական տօն ի յիշատակ Քրիստոսի յարութեան»։ Բայց այս տօնը իրապէ՞ս քրիստոնէական է։
Ձեռագործ առարկայի մը կեղծ չըլլալը ստուգելու համար, զայն պէտք է մանրամասնօրէն քննել։ Նմանապէս, որպէսզի ստուգենք թէ Զատիկը քրիստոնէական տօն է կամ ոչ, հարկ է որ անոր առնչուող մանրամասնութիւնները քննենք։
Նախ եւ առաջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ իր մահը տօնակատարեն եւ ոչ թէ՝ իր յարութիւնը։ Պօղոս առաքեալ այդ առիթը «Տէրունական ընթրիք» կոչեց (Ա. Կորնթացիս 11։20. Ղուկաս 22։19, 20)։
Ասկէ զատ, համայնագիտարանի մը համաձայն, Զատկուան շատ մը աւանդութիւնները «կապ չունին» Յիսուսի յարութեան հետ, հապա «ծագում կ’առնեն ժողովրդական սովորութիւններէ» (Encyclopædia Britannica)։ Օրինակի համար, Զատկուան հանրածանօթ խորհրդանիշներուն՝ հաւկիթին եւ նապաստակին առնչութեամբ, ուրիշ համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Հաւկիթը կը խորհրդանշէ նոր կեանք, որ հաւկիթի կեղեւի ակնյայտ մահէն (կարծրութենէն) դուրս կ’ելլէ»։ Նաեւ կը նշէ. «Նապաստակը ճանչցուած էր որպէս չափազանց բեղմնաւոր անասուն մը, եւ հետեւաբար, կը խորհրդանշէր գարնան գալուստը» (The Encyclopedia of Religion)։
Միջնադարեան գրականութեան փրոֆէսոր Ֆիլիփ Ուոլթըր կը բացատրէ, թէ այդպիսի սովորութիւններ ինչպէ՛ս մաս կազմեցին Զատիկի տօնակատարութեան։ Ան գրեց որ «հեթանոսական կրօնքներու քրիստոնէացման ընթացքին», դիւրին էր Յիսուսի յարութիւնը կապել հեթանոսական տօնի մը հետ, որ «ձմրան մահէն գարնան կեանքին անցնիլը» կը տօնակատարէր։ Ուոլթըր կ’աւելցնէ թէ ասիկա հիմնական քայլ մըն էր՝ հեթանոսական օրացոյցին մէջ «քրիստոնէական յիշատակութիւններ» մտցնելու, այսպիսով զանգուածային կրօնափոխութեան ճամբան հարթելով։
«Քրիստոնէացումը» տեղի չունեցաւ առաքեալներու օրերուն, որովհետեւ անոնք «կ’արգիլէ[ին]» հեթանոսութիւնը (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։7)։ Պօղոս առաքեալ զգուշացուց, որ իր «զատուելէ[ն]» ետք, «այնպիսի՛ մարդիկ պիտի [ելլէին], որոնք ծուռ բաներ պիտի [խօսէին]՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար» (Գործք 20։29, 30)։ Իսկ Յովհաննէս առաքեալ առաջին դարու վերջաւորութեան գրեց, թէ ոմանք արդէն սկսած էին քրիստոնեաները մոլորեցնել (Ա. Յովհաննէս 2։18, 26)։ Հեթանոսական սովորութիւններ որդեգրելու ճամբան հարթուած էր։
«Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք» (Բ. Կորնթացիս 6։14)
Ոմանք կը խորհին, թէ Զատկուան կարգ մը սովորութիւնները թոյլատրելը սխալ չէր,– թէ ատիկա «հեթանոսներուն» աւելի լաւ հասկցուց Յիսուսի յարութեան իմաստը։ Բայց Պօղոս առաքեալ բնաւ համամիտ պիտի չըլլար այդ կարծիքին։ Մինչ Հռոմէական կայսրութեան մէջ կը ճամբորդէր, ան հեթանոսական բազմաթիւ սովորութիւններու հանդիպեցաւ, բայց բնաւ ատոնցմէ մէկը չորդեգրեց, որպէսզի ժողովուրդը աւելի լաւ հասկնար Յիսուսը։ Ընդհակառակը, ան քրիստոնեաները զգուշացուց. «Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք. քանզի ի՞նչ մասնակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ եւ ի՞նչ հաղորդակցութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ։ ‘Ասոր համար ելէ՛ք անոնց մէջէն ու զատուեցէ՛ք’, կ’ըսէ Տէրը։ ‘Պիղծ բանի մի՛ դպչիք’» (Բ. Կորնթացիս 6։14, 17)։
Մանրամասնութիւններուն այս հակիրճ քննարկման արդիւնքը ի՞նչ է։ Բացայայտ է որ Զատիկը քրիստոնէական տօն մը չէ։