Աստուծոյ հոգիով–առաջնորդուած Թագաւորին միջոցաւ օրհնութիւններ քաղէ
Աստուծոյ հոգիով–առաջնորդուած Թագաւորին միջոցաւ օրհնութիւններ քաղէ
«Անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը Հոգին» (ԵՍԱ. 11։2)։
1. Ոմանք աշխարհի խնդիրներուն նկատմամբ ի՞նչ մտահոգութիւններ յայտնած են։
«ԱՇԽԱՐՀԻ մը մէջ, որ քաղաքական, ընկերային ու կենսոլորտային գետնի վրայ քաոսի մէջ է, մարդկային ցեղը ինչպէ՞ս կրնայ 100 տարի եւս դիմանալ»։ 2006–ին ասիկա հարցուց աստղաբնագէտ Սթէֆըն Հոքինկ։ New Statesman պարբերաթերթին մէջ, յօդուած մը նշեց. «Աղքատութիւնը չենք ջնջած, ոչ ալ համաշխարհային խաղաղութիւն հաստատած ենք։ Ընդհակառակը, այնպէս մը կը թուի թէ ճիշդ հակառակը իրագործած ենք։ Մի՛ կարծէք թէ չենք փորձած։ Ամէն բան փորձած ենք, համայնավարութենէն մինչեւ ազատ շուկան. Ազգերու դաշնակցութենէն մինչեւ կորիզային արգելքը։ Ա՛յնքան բազմաթիւ ‘պատերազմին վերջ դնող պատերազմներ’ մղած ենք, որ դժուար է հաւատալ թէ գիտենք ինչպէ՛ս պատերազմին վերջ դնել»։
2. Եհովա ինչպէ՞ս իր իրաւացի գերիշխանութիւնը մօտ ատենէն պիտի բանեցնէ երկրի վրայ։
2 Այսպիսի խօսքեր չեն զարմացներ Եհովայի ծառաները։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ մարդիկ չստեղծուեցան, որպէսզի իրենք զիրենք կառավարեն (Եր. 10։23)։ Մեր միակ իրաւացի Գերիշխանը Եհովան է։ Այս հանգամանքով, ան բացարձակ իրաւունք ունի մեզի համար չափանիշներ դնելու, մեր կեանքին նպատակը սահմանելու եւ մեզ առաջնորդելու դէպի այդ նպատակը։ Ասկէ զատ, ան մօտ ատենէն իր հեղինակութեան համաձայն գործի պիտի լծուի, մարդկութեան ինքնավարութեան ձախող փորձերուն վերջ դնելու համար։ Միեւնոյն ատեն, ան պիտի կործանէ բոլոր զանոնք, որոնք իր իրաւացի գերիշխանութիւնը մերժելով՝ մարդիկը գերի կը պահեն մեղքին, անկատարութեան եւ ‘աշխարհի աստուծոյն’՝ Բանսարկուին (Բ. Կոր. 4։4)։
3. Եսայի Մեսիային մասին ի՞նչ նախագուշակեց։
3 Դրախտային նոր աշխարհին մէջ, Եհովայի սիրալիր գերիշխանութիւնը մարդկութեան հանդէպ պիտի արտայայտուի մեսիական Թագաւորութեան միջոցով (Դան. 7։13, 14)։ Անոր Թագաւորին առնչութեամբ, Եսայի մարգարէացաւ. «Յեսսէին բունէն շառաւիղ մը պիտի ելլէ եւ անոր արմատէն ընձիւղ մը պիտի բուսնի ու անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը Հոգին, իմաստութեան ու հանճարի Հոգին, խորհուրդի ու զօրութեան Հոգին, գիտութեան եւ Աստուծոյ վախին Հոգին» (Եսա. 11։1, 2)։ Աստուծոյ սուրբ հոգին ի՞նչ մասնայատուկ կերպերով որակաւորած է ‘Յեսսէին բունէն ելլող շառաւիղը’,– Յիսուս Քրիստոս,– որ մարդկութեան վրայ իշխէ։ Անոր իշխանութիւնը ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի բերէ։ Իսկ մենք ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի այդ օրհնութիւնները քաղենք։
Աստուծոյ կողմէ որակեալ՝ իշխելու
4-6. Ի՞նչ էական գիտութիւն կարող պիտի դարձնէ Յիսուսը, որ ծառայէ որպէս իմաստուն ու կարեկից Թագաւոր, Քահանայապետ եւ Դատաւոր։
4 Եհովա կ’ուզէ որ իր մարդկային հպատակները կատարելութեան հասնին անհատի մը առաջնորդութեան ներքեւ, որ իրապէս իմաստուն ու կարեկից Թագաւոր, Քահանայապետ եւ Դատաւոր է։ Այս պատճառով ան ընտրեց Յիսուս Քրիստոսը, զոր սուրբ հոգիով որակեալ դարձուց այդ ամենակարեւոր պատասխանատուութիւններուն համար։ Նկատի առ կարգ մը պատճառներ, թէ ինչո՛ւ Յիսուս Աստուծոյ կողմէ նշանակուած իր դերերը կատարելապէս պիտի կատարէ։
5 Յիսուս Աստուծոյ մասին ամէնէն սերտ գիտութիւնը ունի։ Միածին Որդին ոեւէ անհատէ աւելի Հայրը կը ճանչնայ, հաւանաբար միլիառաւոր տարիներէ ի վեր։ Այդ ժամանակամիջոցին, Յիսուս Եհովայի մասին ա՛յնքան լիակատար գիտութիւն ձեռք ձգեց, որ կրնար նկարագրուիլ որպէս «աներեւոյթ Աստուծոյ պատկերը» (Կող. 1։15)։ Յիսուս ինք ըսաւ. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յովհ. 14։9)։
6 Եհովայէ ետք, Յիսուս ամէնէն ընդարձակ գիտութիւնը ունի ամբողջ ստեղծագործութեան մասին, ի ներառեալ մարդկութիւնը։ Կողոսացիս 1։16, 17–ն կ’ըսէ. «Անով [Աստուծոյ Որդիով] ամէն բան ստեղծուեցաւ, ինչ որ երկինքն է ու ինչ որ՝ երկրի վրայ կայ, անոնք որ կ’երեւնան եւ անոնք որ չեն երեւնար. . . Անիկա ամէն բանէ առաջ էր եւ ամէն բան անով հաստատ կը կենայ»։ Պահ մը մտածէ՛ ասոր մասին։ Որպէս Աստուծոյ «ճարտարապետ», Յիսուս ստեղծագործութեան բոլոր երեսակներուն մէջ բաժին բերաւ։ Հետեւաբար ան ամբողջ տիեզերքին մանրամասնութիւնները կը հասկնայ, ենթահիւլէական մասնիկներէն մինչեւ մարդուն ապշեցուցիչ ուղեղը։ Այո, Քրիստոս իրապէս անձնաւորուած իմաստութիւն է (Առ. 8։12, 22, 30, 31)։
7, 8. Աստուծոյ հոգին ինչպէ՞ս Յիսուսին օգնեց իր ծառայութեան մէջ։
7 Յիսուս Աստուծոյ սուրբ հոգիով օծուեցաւ։ Ան ըսաւ. «Տէրոջը Հոգին իմ վրաս է. վասն զի զիս օծեց աղքատներուն աւետարան քարոզելու, զիս ղրկեց կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, գերիներուն ազատութիւն եւ կոյրերուն տեսութիւն քարոզելու, հարստահարութիւն կրողները ազատելու, Տէրոջը ընդունելի տարին քարոզելու» (Ղուկ. 4։18, 19)։ Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, սուրբ հոգին ակներեւօրէն իրեն յիշեցուց բաներ, զորս սորված էր իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին, ի ներառեալ՝ թէ Աստուած ի՛նչ կ’ուզէր որ իրագործէր երկրային ծառայութեան ընթացքին որպէս Մեսիան (կարդալ՝ Եսայի 42։1. Ղուկաս 3։21, 22. Յովհաննէս 12։50)։
8 Որովհետեւ սուրբ հոգիով զօրացած էր եւ մարմնով ու մտքով կատարեալ էր, երկրի վրայ Յիսուս ոչ միայն ցարդ ապրած մեծագոյն մարդն էր, հապա նաեւ՝ մեծագոյն Ուսուցիչը։ Իրականութեան մէջ, ունկնդիրները ‘կը զարմանային անոր վարդապետութեանը վրայ’ (Մատ. 7։28)։ Մէկ ազդակը այն էր, թէ Յիսուս կրնար մարդկութեան խնդիրներուն բուն պատճառները նկատի առնել,– մեղք, անկատարութիւն եւ հոգեւոր տգիտութիւն։ Ան նաեւ կրնար տեսնել, թէ մարդիկ իրապէս սրտով ինչպէ՛ս էին, եւ ըստ այնմ անոնց հետ վարուիլ (Մատ. 9։4. Յովհ. 1։47)։
9. Յիսուսի երկրային փորձառութիւններուն վրայ խոկալով, վստահութիւնդ անոր հանդէպ որպէս Կառավարիչ ինչպէ՞ս կ’աւելնայ։
9 Յիսուս ապրեցաւ որպէս մարդ։ Յիսուսի անձնական փորձառութիւնը իբրեւ մարդ արարած եւ անկատար մարդոց հետ իր մօտիկ ընկերակցութիւնը, իրեն շատ օգնեցին որ որակեալ ըլլայ որպէս Թագաւոր։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «[Յիսուս] պէտք էր բոլորովին եղբայրներուն նմանէր, որպէս զի ինք ողորմած ըլլայ ու հաւատարիմ քահանայապետ՝ Աստուծոյ կողմանէ, ժողովուրդին մեղքերը քաւելու համար։ Քանզի ինչ բանով որ ինք չարչարուեցաւ փորձութիւն կրելով, կրնայ փորձուողներուն ալ օգնական ըլլալ» (Եբ. 2։17, 18)։ Որովհետեւ ‘փորձութիւն կրեց’, Յիսուս կրնայ կարեկցիլ անոնց, որոնք փորձութեան կ’ենթարկուին։ Յիսուսի կարեկցութիւնը բացայայտ էր իր երկրային ծառայութեան ընթացքին։ Հիւանդները, անկարողները, կեղեքուած անհատները,– մինչեւ իսկ երեխաները,– ազատ զգացին իրեն մօտենալու (Մար. 5։22-24, 38-42. 10։14-16)։ Հեզերը եւ հոգեւորապէս անօթի անհատներն ալ իրեն մօտեցան։ Միւս կողմէ, հպարտները, ամբարտաւանները եւ անոնք՝ որոնք ‘Աստուծոյ սէրը չունէին’ իրենց մէջ, զինք մերժեցին, ատեցին ու հակառակեցան (Յովհ. 5։40-42. 11։47-53)։
10. Ի՞նչ հիանալի կերպով Յիսուս մեզի հանդէպ իր սէրը ապացուցանեց։
10 Յիսուս մեզի ի նպաստ իր կեանքը տուաւ։ Մեզի համար մեռնելու Յիսուսի պատրաստակամութիւնը հաւանաբար մեծագոյն փաստն էր, թէ ան Կառավարիչ ըլլալու յարմար է (կարդալ՝ Սաղմոս 40։6-10)։ Քրիստոս ըսաւ. «Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ» (Յովհ. 15։13)։ Այո, ի տարբերութիւն անկատար մարդկային կառավարիչներու, որոնք յաճախ իրենց հպատակներուն հաշւոյն փարթամ կեանք կը վարեն, Յիսուս մարդկութեան համար իր կեա՛նքը տուաւ (Մատ. 20։28)։
Լիազօրուած՝ փրկանքը կիրարկելու
11. Ինչո՞ւ կրնանք կատարեալ վստահութիւն ունենալ Յիսուսին վրայ որպէս մեր Փրկարարը։
11 Ո՜րքան պատշաճ է, որ փրկանքի զոհին օգուտները մեզի կիրարկելուն մէջ առաջնորդութիւն առնողը Յիսուսն է որպէս Քահանայապետ։ Իրականութեան մէջ, իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս մեզի նախանմոյշ տուաւ թէ որպէս մեր Փրկարարը՝ իր հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին ի՛նչ բաներ պիտի ընէ, զորս կրնանք վայելել եթէ հաւատարիմ ենք։ Ան հիւանդները եւ անկարողները բժշկեց, մեռելներ յարուցանեց, բազմութիւններ կերակրեց եւ նոյնիսկ տարերքները իր հակակշռին տակ առաւ (Մատ. 8։26. 14։14-21. Ղուկ. 7։14, 15)։ Ասկէ զատ, ան այս բաները ըրաւ ոչ թէ իր հեղինակութիւնն ու զօրութիւնը ցուցադրելու, հապա՝ իր կարեկցութիւնն ու սէրը ապացուցանելու համար։ Իրմէ բուժում խնդրող բորոտին, Յիսուս ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ» (Մար. 1։40, 41)։ Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, Յիսուս այդ նոյն կարեկցութիւնը պիտի ցուցաբերէ,– բայց աշխարհածաւալ տարողութեամբ։
12. Եսայի 11։9–ն ինչպէ՞ս պիտի կատարուի։
12 Քրիստոս եւ իր իշխանակիցները նաեւ պիտի շարունակեն հոգեւոր ուսուցումի յայտագիրը, որուն սկիզբ տուաւ Յիսուս շուրջ 2000 տարի առաջ։ Այսպէս, Եսայի 11։9–ի խօսքերը պիտի կատարուին. «Երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ Անկասկած այդ աստուածային ուսուցումը պիտի պարփակէ հրահանգներ, երկրագունդին եւ անոր անհամար արարածներուն հոգ տանելու կերպին մասին, ինչպէս որ սկիզբը Ադամին յանձնարարուեցաւ որ ընէ։ 1000 տարուան վերջաւորութեան, Ծննդոց 1։28–ի մէջ նշուած Աստուծոյ սկզբնական նպատակը կատարուած պիտի ըլլայ, եւ փրկանքի զոհը լիովին կիրարկուած պիտի ըլլայ։
Լիազօրուած՝ դատելու
13. Յիսուս արդարութեան հանդէպ իր սէրը ինչպէ՞ս ապացուցանեց։
13 «Աստուծմէ սահմանուած՝ կենդանիներուն ու մեռելներուն Դատաւորը» Քրիստոսն է (Գործք 10։42)։ Արդ, որչա՜փ մխիթարական է գիտնալ, թէ Յիսուս անկաշառ է եւ արդարութիւնն ու հաւատարմութիւնը իր մէջքին ամրօրէն կապուած գօտիի մը պէս են (Եսա. 11։5)։ Ան ագահութեան, կեղծաւորութեան եւ այլ չարութիւններու հանդէպ ատելութիւն դրսեւորեց, եւ ուրիշներու տառապանքին նկատմամբ անտարբեր եղողները յանդիմանեց (Մատ. 23։1-8, 25-28. Մար. 3։5)։ Ասկէ զատ, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ արտաքին երեւոյթներէ չխաբուեցաւ, «քանի որ ինք գիտէր թէ ի՛նչ կայ մարդուն մէջ» (Յովհ. 2։25)։
14. Յիսուս ի՞նչ կերպով արդարութեան եւ իրաւունքի հանդէպ իր սէրը կ’ապացուցանէ այսօր, իսկ մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է ուղղենք։
14 Յիսուս արդարութեան եւ իրաւունքի հանդէպ իր սէրը կը շարունակէ ապացուցանել, աշխարհի պատմութեան մէջ քարոզչական եւ ուսուցումի մեծագոյն արշաւին վրայ վերահսկելով։ Ո՛չ մէկ մարդ, ո՛չ մէկ մարդկային կառավարութիւն, եւ ոչ ալ չար ոգի մը կրնայ արգելք Եսայի 11։4. Մատթէոս 16։27)։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Ծառայութեան մէջ մարդոց հանդէպ Յիսուսի կեցուածքը կ’արտացոլացնե՞մ։ Լաւագոյնս կու տա՞մ Եհովայի, նոյնիսկ եթէ առողջութիւնս կամ անձնական պարագաներս թերեւս սահմանափակեն ընելիքներս’։
հանդիսանալ, որ այս գործը կատարուի՝ կատարեալ գոհունակութիւն բերելով Աստուծոյ։ Ուստի կրնանք բացարձակապէս վստահ ըլլալ, թէ երբ Արմագեդոնը իր աւարտին հասնի, աստուածային արդարութիւնը տիրած պիտի ըլլայ (կարդալ՝15. Ի՞նչ բան ի մտի ունենալը կրնայ մեզի օգնել, որ մեր լաւագոյնը տանք Աստուծոյ։
15 Եթէ ի մտի ունենանք թէ քարոզչութիւնը Աստուծոյ գործն է, օգնութիւն պիտի ստանանք իրեն բոլորանուէր կերպով ծառայելու։ Ինք զայն պատուիրեց. իր Որդիին միջոցով զայն կ’առաջնորդէ. եւ սուրբ հոգիին միջոցով կը զօրացնէ անոր մէջ բաժին բերողները։ Իբրեւ Աստուծոյ գործակից՝ իր հոգիով–առաջնորդուած Որդիին կողքին ծառայելու առանձնաշնորհումին վրայ կը գուրգուրա՞ս։ Եհովայէ զատ ո՞վ կրնայ խթանել աւելի քան եօթը միլիոն անհատներ, որոնց մեծամասնութիւնը կը նկատուին «տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ», որ 236 երկիրներու մէջ մարդոց հաղորդեն Թագաւորութեան բարի լուրը (Գործք 4։13)։
Քրիստոսին միջոցով ինքզինքդ օրհնէ՛
16. Ծննդոց 22։18–ը Աստուծոյ օրհնութեան մասին ի՞նչ ցոյց կու տայ։
16 Եհովա Աբրահամի ըսաւ. «Երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին [«իրենք զիրենք պիտի օրհնեն», ՆԱ], որովհետեւ իմ ձայնիս ականջ դրիր» (Ծն. 22։18)։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ գնահատողները կրնան վստահութեամբ սպասել մեսիական Սերունդին բերելիք օրհնութիւններուն։ Եւ անոնք այսօր աշխուժօրէն կը ծառայեն, այդ օրհնութիւնները ի մտի ունենալով։
17, 18. Բ. Օրինաց 28։2–ի մէջ Եհովայի ո՞ր խոստումը կը կարդանք, եւ ասիկա մեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ։
17 Աստուած Աբրահամի մարմնաւոր սերունդին՝ իսրայէլ ազգին՝ անգամ մը ըսաւ. «[Օրէնքի ուխտին մէջ նշուած] սա՛ բոլոր օրհնութիւնները վրադ պիտի գան ու քեզի պիտի հասնին, եթէ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ խօսքը մտիկ ընես» (Բ. Օր. 28։2, ԱԾ)։ Նոյնը կրնայ ըսուիլ Աստուծոյ ծառաներուն այսօր։ Եթէ Եհովայի օրհնութեան կը տենչաս, շարունակէ անոր խօսքը ‘մտիկ ընել’։ Այն ատեն, անոր օրհնութիւնները «վրադ պիտի գան ու քեզի պիտի հասնին»։ Սակայն ‘մտիկ ընելը’ ի՞նչ կը պարփակէ։
18 Մտիկ ընելը վստահաբար կ’ընդգրկէ՝ Աստուծոյ Խօսքին մէջ ըսուածները եւ իր հայթայթած հոգեւոր սնունդը լրջօրէն նկատի առնել (Մատ. 24։45)։ Ատիկա նաեւ կը նշանակէ հնազանդիլ Աստուծոյ եւ իր Որդիին։ Յիսուս ըսաւ. «Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ» (Մատ. 7։21)։ Եւ Աստուծոյ մտիկ ընելը կը նշանակէ՝ կամովին ենթարկուիլ անոր դրած կարգադրութեան՝ քրիստոնէական ժողովքին, որ նշանակուած երէցներ ունի,– ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկ’ (Եփ. 4։8, ՆԱ)։
19. Ինչպէ՞ս կրնանք ի վիճակի ըլլալ օրհնութիւն մը ստանալու։
19 ‘Որպէս պարգեւ տրուած տղամարդոց’ շարքին են Կառավարիչ մարմինի անդամները, որոնք կը գործեն որպէս ամբողջ քրիստոնէական ժողովքին ներկայացուցիչները (Գործք 15։2, 6)։ Իրականութեան մէջ, Քրիստոսի հոգեւոր եղբայրներուն հանդէպ մեր վերաբերմունքը մեծ ազդակ մըն է, որ պիտի որոշէ թէ ինչպէ՛ս պիտի դատուինք գալիք մեծ նեղութեան ընթացքին (Մատ. 25։34-40)։ Արդ, օրհնութիւն մը ստանալու կերպին մէկ երեսակն է՝ հաւատարմաբար թիկունք կանգնիլ Աստուծոյ օծեալներուն։
20. ա) ‘Որպէս պարգեւ տրուած տղամարդոց’ կարեւոր մէկ պատասխանատուութիւնը ի՞նչ է։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ այս եղբայրները կը գնահատենք։
20 ‘Որպէս պարգեւ տրուած տղամարդոց’ մէջ կ’իյնան նաեւ Մասնաճիւղի յանձնախումբին անդամները, ճամբորդող տեսուչները եւ ժողովքի երէցները,– որոնք բոլորն ալ սուրբ հոգիով նշանակուած են (Գործք 20։28)։ Այս եղբայրներուն գլխաւոր պատասխանատուութիւնն է՝ Աստուծոյ ժողովուրդը կերտել «մինչեւ [ամէնքն ալ հասնին] հաւատքին ու Աստուծոյ Որդին ճանչնալուն միաբանութեանը, կատարեալ մարդ ըլլալու, Քրիստոսի լման հասակին չափը ունենալու» (Եփ. 4։13)։ Ճիշդ է որ անոնք մեզի պէս անկատար են։ Այսուհանդերձ, մենք մեզ կ’օրհնենք, երբ անոնց սիրալիր հովուութեան երախտապարտօրէն կ’ընդառաջենք (Եբ. 13։7, 17)։
21. Մեզի համար ինչո՞ւ հրատապ է որ Աստուծոյ Որդիին հնազանդինք։
21 Մօտ ատենէն Քրիստոս Սատանայի ամբարիշտ դրութեան դէմ գործի պիտի լծուի։ Երբ ասիկա տեղի ունենայ, մեր կեանքը պիտի ըլլայ Յիսուսին ձեռքը, քանի որ Աստուծմէ լիազօրուած է նախագուշակուած «մեծ բազմութիւն»ը առաջնորդելու դէպի «կենդանի ջուրերու աղբիւրները» (Յայտ. 7։9, 16, 17)։ Ուստի հիմա մեր լաւագոյնը ընենք, որ կամովին ու երախտապարտօրէն ենթարկուինք Եհովայի հոգիով–առաջնորդուած Թագաւորին։
Ի՞նչ սորվեցար հետեւեալ համարներէն՝
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 23]
Յիսուսի կարեկցութիւնը բացայայտ էր, երբ Յայրոսի աղջիկը յարուցանեց
[Նկարներ՝ էջ 26]
Յիսուս Քրիստոս պատմութեան մեծագոյն քարոզչական արշաւին վրայ կը վերահսկէ