Լաւ կրօնքը յառաջ կը մղէ բարոյական բարձր չափանիշներ
Լաւ կրօնքը յառաջ կը մղէ բարոյական բարձր չափանիշներ
ԼԱՒ կրօնքը մեր մտածումը բարի բաներու կ’ուղղէ եւ մեր վարքը բարելաւելու կերպը ցոյց կու տայ։ Անիկա շիտակը ընելու պայքարին մէջ մեզի նեցուկ կը կանգնի եւ մեր լաւագոյն յատկութիւնները ցցուն կ’ընէ։ Ի՞նչպէս գիտենք թէ լաւ կրօնքը ասիկա կ’ընէ։
Նկատի առ, թէ Պօղոս առաքեալ ի՛նչ գրեց առաջին դարու քրիստոնեաներու, որոնք Յունաստանի Կորնթոս քաղաքին մէջ կ’ապրէին։ Այդ վաղեմի քաղաքը վատահամբաւ էր՝ իր անբարոյ կենցաղակերպին համար։ Պօղոս զգուշացուց. «Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն»։ Ապա ան աւելցուց. «Եւ դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք. բայց լուացուեցաք, բայց սրբուեցաք, բայց արդարացաք Տէր Յիսուսին անունովը ու մեր Աստուծոյն Հոգիովը» (Ա. Կորնթացիս 6։9-11)։ Պահ մը երեւակայէ. լաւ կրօնքը նախապէս բարոյական չափանիշներ չունեցողներէն ոմանց օգնեց, որ Աստուծոյ մաքուր ու պարկեշտ ծառաներ ըլլան։
Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ. «Ժամանակ պիտի գայ, երբ մարդիկ ականջ պիտի չկախեն առողջ վարդապետութեան, այլ՝ իրենց սեփական ցանկութիւններուն համապատասխանող եւ զիրենք հաճոյացնող բաներու մասին խօսող ուսուցիչներ պիտի փնտռեն» (Բ. Տիմոթէոս 4։3, Անթիլիաս)։
Քու ճանչցած կրօնքներդ այս առնչութեամբ ի՞նչ կ’ընեն։ Անոնք Աստուածաշունչի բարոյական բարձր չափանիշներուն նեցուկ կ’ըլլա՞ն։ Կամ, անոնք Աստուծոյ Խօսքին յստակ խրատը կը մեղմացնե՞ն, մարդոց խօսելով միայն «զիրենք հաճոյացնող բաներու մասին»։
Որոշ կրօնքի մը բարի պտուղ տալը կամ չտալը որոշելու մէջ քեզի օգնելու համար, փորձէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել։
ԹԵՄԱ. Ամուսնութիւն։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾ ԿԷՏԵՐԸ. «Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները» (Եբրայեցիս 13։4)։
ՀԱՐՑՈՒՄ. Այս կրօնքը իր կենակցող անդամներէն կը պահանջէ՞ որ օրինապէս ամուսնանան։
ԹԵՄԱ. Ամուսնալուծում։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾ ԿԷՏԵՐԸ. Երբ հարցուեցաւ թէ ամուսնալուծման համար որեւէ վաւերական հիմ կա՛յ, Յիսուս պատասխանեց. «Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ» (Մատթէոս 19։9)։
ՀԱՐՑՈՒՄ. Այս կրօնքը Յիսուսի ցուցմունքը կը յարգէ՞ եւ ամուսնալուծումն ու վերամուսնութիւնը կ’արտօնէ՞,– բայց միայն անբարոյութեան հիման վրայ։
ԹԵՄԱ. Սեռային բարոյականութիւն։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾ ԿԷՏԵՐԸ. «Պոռնկութենէն փախէք։ Ամէն մեղք, որ մարդ կը գործէ, իր մարմնէն դուրս է. բայց ան որ կը պոռնկանայ, իր մարմնին դէմ կը մեղանչէ» (Ա. Կորնթացիս 6։18)։
«Իրենց էգերն անգամ բնական յարաբերութիւնը փոխեցին բնութեան դէմ եղող յարաբերութեան։ Նմանապէս արուներն ալ՝ թողուցած էգին բնական յարաբերութիւնը՝ Հռովմայեցիս 1։26, 27, ԱԾ)։
իրենց տռփանքով վառեցան իրարու հետ. արուները արուներու հետ անվայելչութիւն կը գործադրէին, եւ իրենց մոլորութեան արժանի հատուցումը կը ստանային իրենց վրայ» (ՀԱՐՑՈՒՄ. Այս կրօնքը կը սորվեցնէ՞ թէ սեռային անբարոյութիւնը տղամարդու եւ կնոջ միջեւ կամ նոյն սեռին պատկանող զոյգի միջեւ մեղք է։
ԹԵՄԱ. Իր անդամներուն մէջ Աստուածաշունչի չափանիշները քաջաբար վեր բռնել։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾ ԿԷՏԵՐԸ. «Չյարաբերիք անոնց հետ՝ որոնք թէպէտ քրիստոնեայ եղբայր կը կոչուին, բայց կա՛մ պոռնկութիւն կ’ընեն կամ կռապաշտ են, կա՛մ ագահ կամ բամբասող, կա՛մ գինեմոլ եւ կամ յափշտակող։ Այնպիսիներուն հետ նոյնիսկ սեղան մի՛ նստիք» (Ա. Կորնթացիս 5։11, Անթիլիաս)։ Ի՞նչ պէտք է ընել անոնց, որոնք կը դաւանին քրիստոնեայ ըլլալ, բայց անզեղջ մեղաւորներ են։ «Չարը ձեր մէջէն վերցուցէք», կ’ըսէ Աստուծոյ Խօսքը (Ա. Կորնթացիս 5։13)։
ՀԱՐՑՈՒՄ. Այս կրօնքը կ’անդամազրկէ՞ զանոնք, որոնք Աստուածաշունչի չափանիշները անզեղջօրէն կ’անտեսեն։
[Մէջբերում՝ էջ 6]
Ո՞ր կրօնքը Աստուածաշունչի բարձր չափանիշներուն կառչելու համբաւը ունի