Լաւ կրօնքը յառաջ կը մղէ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ յարգանք
Լաւ կրօնքը յառաջ կը մղէ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ յարգանք
ՅԻՍՈՒՍ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին հանդէպ յարգանք յառաջացուց։ Բանսարկուին կողմէ փորձուելու ատեն իր պատասխանելու կերպը կը յայտնէ այս իրողութիւնը (Մատթէոս 4։4-11)։ Օրինակ, Յիսուս ի՞նչպէս հակազդեց, երբ Սատանան զինք փորձեց, որ կարգ մը քարեր հացի վերածէ։ Յիսուս փորձութիւնը մերժեց, Մովսէսի ներշնչեալ խօսքերը մէջբերելով, զորս կրնաս կարդալ Բ. Օրինաց 8։3–ի մէջ։ Իսկ երբ Բանսարկուն աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները իրեն հրամցուց, պաշտամունքի արարքի մը փոխարէն, Յիսուս ի՞նչ պատասխանեց։ Ան առաջարկը մերժեց, ակնարկելով աստուածաշնչական սկզբունքի մը, զոր կրնաս գտնել Բ. Օրինաց 6։13–ի մէջ։
Պահ մը խորհէ։ Աստուծոյ Որդին ըլլալով հանդերձ, Յիսուս ուսուցանելու ատեն Աստուածաշունչին ապաւինեցաւ որպէս իր հեղինակութեան աղբիւրը։ Եւ ան վստահաբար երբեք Աստուծոյ Խօսքը չանտեսեց՝ մարդկային աւանդութեան սիրոյն (Յովհաննէս 7։16-18)։ Սակայն, Յիսուսի ժամանակակից կրօնական առաջնորդներէն շատեր, Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ իր ունեցած յարգանքը չբաժնեցին։ Ինչո՞ւ։ Անոնք թոյլ տուած էին մարդկային աւանդութեան, որ Սուրբ Գրութիւնները շուքի մէջ ձգէ։ Յիսուս անոնց բացէ ի բաց ըսաւ. «Ձեր աւանդութեան պատճառաւ Աստուծոյ պատուիրանքը խափանած էք։ Կե՛ղծաւորներ, աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ ձեր վրայ Եսայի ու ըսաւ, ‘Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինձմէ. ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն՝ մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով’» (Մատթէոս 15։6-9)։
Աշխարհի կրօնքներէն շատեր, քրիստոնեայ թէ ոչ–քրիստոնեայ, կը դաւանին Աստուածաշունչը յարգել։ Այսուհանդերձ, քանի՞ կրօնք գիտես, որոնք մարդկային աւանդութիւնները կը մերժեն, երբ Աստուծոյ Խօսքին յստակ ուսուցումներուն կը հակասեն։ Նկատի առ միայն երկու օրինակ։
ԹԵՄԱ. Կրօնական տիտղոսներ։
Աստուածաշունչի սորվեցուցած կէտերը. Յիսուս ժամանակակից կրօնական առաջնորդները դատապարտեց, քանի որ տիտղոսները կը սիրէին ու երեւելիութեան կը ձգտէին։ Ան ըսաւ. «Ընթրիքներու մէջ առաջին բազմոցները կը սիրեն եւ ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները ու շուկաներուն մէջ բարեւները։ Եւ մարդոցմէ Ռաբբի, Ռաբբի կոչուիլ»։ Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Բայց դուք Ռաբբի մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։ Դուք ամէնքդ եղբայր էք։ Ու երկրի վրայ մա՛րդ ձեզի Հայր մի կոչէք, վասն զի ձեր Հայրը մէկ է, որ երկինքն է» (Մատթէոս 23։1-10)։
ՀԱՐՑՈՒՄ. Այս կրօնքին առաջնորդները պատուարժան տիտղոսներով կոչուիլ կը սիրե՞ն եւ ընկերութեան մէջ երեւելիութիւն կը փնտռե՞ն, թէ ոչ՝ այսպիսի բաներէ խուսափելու Յիսուսի պատուէրին կը հնազանդին։
ԹԵՄԱ. Պաշտամունքի մէջ պատկերներու գործածութիւն։
Աստուածաշունչի սորվեցուցած կէտերը. «Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես» (Ելից 20։4, 5)։
Յովհաննէս առաքեալ քրիստոնեաներուն գրեց. «Դուք ձեզ կուռքերէ հեռո՛ւ պահեցէք» (Ա. Յովհաննէս 5։21, Անթիլիաս)։
ՀԱՐՑՈՒՄ. Այս կրօնքը կը հնազանդի՞ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ պատկերներու եւ արձաններու գործածութենէն խուսափելու Աստուածաշունչի յստակ պատուէրին։
Կրնա՛ս շիտակ ճամբան գտնել
Հակառակ շփոթեցուցիչ բազմաթիւ կրօնական ճամբաներուն, կրնաս կեանքի առաջնորդող ճամբան գտնել։ Բազմաթիւ յատկանիշներ կը բնորոշեն «Աստուծոյ եւ Հօրը առջեւ՝ մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը» (Յակոբոս 1։27, ԱԾ)։ Այս յօդուածներուն մէջ քննարկուած համարները կրնան որպէս նշանաձողեր ծառայել, քեզ առաջնորդելու դէպի այդ կրօնքը։
Ինչո՞ւ Եհովայի վկաներէն չխնդրես, որ քեզի բացատրեն այս յօդուածներուն մէջ յարուցուած հարցումներուն պատասխանները։ Մինչ անոնց ըսածը կը քննես, առաջին դարու Բերիա քաղաքին մէջ ապրած անհատներուն լաւ օրինակին հետեւէ։ Պօղոս առաքեալի քարոզչութիւնը մտիկ ընելէ ետք, անոնք «ամէն օր գրքերը կը քննէին թէ այս բաները ճի՞շդ են» (Գործք 17։11)։ Բերիացիներուն նման, եթէ Աստուծոյ Խօսքը յարգես ու ժրաջանօրէն զայն ուսումնասիրես, կեանքի տանող ճամբան պիտի գտնես։ Իսկ այդ ճամբուն մէջ քալելը, քեզի ձգուած ընտրութիւն մըն է։
[Մէջբերում՝ էջ 9]
Ո՞ր կրօնքը մարդիկը կը քաջալերէ, որ Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրեն, տեսնելու համար թէ իրենց սորվածը իրապէս շիտա՛կ է կամ ոչ