Յովհաննէսի ու Յուդայի նամակներէն աչքառու կէտեր
Եհովայի խօսքը կենդանի է
Յովհաննէսի ու Յուդայի նամակներէն աչքառու կէտեր
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ առաքեալի երեք նամակները, զորս հաւանաբար կը գրէ մ.թ. 98–ին՝ Եփեսոսի մէջ, ներշնչեալ Սուրբ Գրութիւններուն վերջին գիրքերէն են։ Առաջին երկու նամակները քրիստոնեաները կը քաջալերեն որ հաւատուրացութեան դէմ պայքարին ու շարունակեն լոյսին մէջ քալել։ Երրորդ նամակին մէջ, Յովհաննէս ո՛չ միայն ճշմարտութեան մէջ քալելու մասին կը խօսի, այլեւ քրիստոնէական համագործակցութիւնը կը քաջալերէ։
Հաւանաբար մ.թ. 65–ին, Յիսուսի խորթ եղբայրը Յուդա, Պաղեստինի մէջ գրած նամակով քրիստոնեայ հաւատակիցները կը զգուշացնէ ժողովքէն ներս սպրդած ամբարիշտներէ, եւ գէշ ազդեցութիւններուն դէմ դնելու կերպին մասին խրատներ կու տայ։ Յովհաննէսի երեք նամակներուն եւ Յուդայի նամակին բովանդակած պատգամին ուշադրութիւն ընծայելը կրնայ մեզի օգնել որ հակառակ խոչընդոտներուն, հաւատքին մէջ զօրաւոր մնանք (Եբ. 4։12)։
ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԷՔ ՔԱԼԵԼ ԼՈՅՍԻ ՄԷՋ, ՍԻՐՈՅ ՄԷՋ ԵՒ ՀԱՒԱՏՔՈՎ
Քրիստոսի հետ միութեան մէջ եղողներու ուղղուած ըլլալով, Յովհաննէսի առաջին նամակը ողջամիտ խրատներ կու տայ, քրիստոնեաներուն օգնելով որ հաւատուրացութեան դէմ դնեն եւ ճշմարտութեան ու արդարութեան կողքին հաստատ դիրք բռնեն։ Ան կը շեշտէ թէ անհրաժեշտ է շարունակել քալել լոյսի մէջ, սիրոյ մէջ եւ հաւատքով։
Յովհաննէս կը գրէ. «Եթէ լոյսի մէջ քալենք, ինչպէս [Աստուած] լոյսի մէջ է, իրարու հետ հաղորդակից կ’ըլլանք»։ Իսկ քանի որ Աստուած սիրոյ Աղբիւրն է, առաքեալը կ’ըսէ. «Մէկզմէկ սիրենք»։ Մինչ «Աստուծոյ սէրը» մեզ կը մղէ ‘անոր պատուիրանքները պահելու’, աշխարհին կը յաղթենք ‘մեր ունեցած հաւատքով’՝ Եհովա Աստուծոյ, իր Խօսքին եւ իր Որդիին հանդէպ (Ա. Յովհ. 1։7. 4։7. 5։3, 4)։
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.
2։2, ՆԱ. 4։10, ՆԱ—Յիսուս ի՞նչպէս «հաշտութեան զոհ» է։ Հաշտեցնել կը նշանակէ «համաձայնեցնել» կամ «խաղաղեցնել»։ Յիսուս իր կեանքը տուաւ իբրեւ հաշտութեան զոհ, այն առումով որ ասիկա ընելով՝ կատարեալ արդարութեան պահանջը գոհացուց։ Այդ զոհին հիման վրայ, Աստուած կրնայ ողորմութիւն ցուցաբերել եւ Յիսուսի հաւատացողներուն մեղքերը ներել (Յովհ. 3։16. Հռով. 6։23)։
2։7, 8—Յովհաննէս ո՞ր պատուիրանին մասին կը խօսի իբրեւ «հին» եւ «նոր»։ Յովհաննէս կը խօսի անձնուրաց եղբայրսիրութեան պատուիրանին մասին (Յովհ. 13։34)։ Ան անոր կ’ակնարկէ իբրեւ «հին», քանի որ Յիսուս աւելի քան 60 տարի առաջ զայն տուած էր։ Այսպէս հաւատացեալները զայն ունէին իրենց քրիստոնէական կեանքին «սկիզբէն»։ Պատուիրանը նաեւ «նոր» է, այն իմաստով որ ‘ընկերը մեր անձին պէս սիրելէն’ անդին կ’երթայ եւ անձնազոհ սէր կը պահանջէ (Ղեւ. 19։18. Յովհ. 15։12, 13)։
3։2—Օծեալ քրիստոնեաներուն ի՞նչ բան «յայտնի չէ», եւ ո՞վ պիտի տեսնեն «ինչպէս որ է»։ Անոնց յայտնուած չէ թէ ի՛նչ երեւոյթ պիտի ունենան, երբ հոգեղէն մարմիններով երկինք յարուցանուին (Փլպ. 3։20, 21)։ Սակայն անոնք գիտեն թէ ‘երբ [Աստուած] յայտնուի, անոր պէս պիտի ըլլան. վասն զի զանիկա պիտի տեսնեն՝ ինչպէս որ է’, այսինքն՝ «Հոգին» (Բ. Կոր. 3։17, 18)։
5։5-8—Ջուրը, արիւնը եւ հոգին ի՞նչպէս վկայեցին այն իրողութեան թէ «Յիսուս Աստուծոյ Որդին է»։ Ջուրը վկայութիւն տուաւ, քանի որ երբ Յիսուս ջուրին մէջ մկրտուեցաւ, Եհովա անձամբ նշեց թէ ան իր Որդին է (Մատ. )։ Յիսուսի արիւնը կամ կեանքը, որ «ամենուն տեղ փրկանք» տրուեցաւ, նաեւ ցոյց տուաւ թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է ( 3։17Ա. Տիմ. 2։5, 6)։ Իսկ սուրբ հոգին վկայեց թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է, երբ մկրտութեան ժամանակ Յիսուսի վրայ իջաւ, զինք կարող դարձնելով որ ամէն կողմ շրջի՝ «բարիք ընելով ու Սատանայէն բոլոր տանջուածները բժշկելով» (Յովհ. 1։29-34. Գործք 10։38)։
Դասեր՝ մեզի համար.
2։9-11. 3։15. Եթէ քրիստոնեայ մը որեւէ բանի կամ ոեւէ անհատի թոյլ տայ որ իր եղբայրսիրութիւնը քանդէ, ան հոգեւոր խաւարի մէջ կը քալէ, չգիտնալով թէ ո՛ւր կ’երթայ։
ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԷՔ ‘ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՄԲ ՔԱԼԵԼ’
Յովհաննէս իր երկրորդ նամակը կը սկսի, ըսելով. «Երէցէն՝ ընտրեալ տիկնոջը ու անոր որդիներուն»։ Ան իր ուրախութիւնը կը յայտնէ, քանի որ ‘անոր որդիներէն ոմանք ճշմարտութեամբ կը քալեն’ (Բ. Յովհ. 1, 4)։
Սէր մշակելը քաջալերելէ ետք, Յովհաննէս կը գրէ. «Սէրը այս է, որ անոր պատուիրանքներուն համեմատ քալենք»։ Ան նաեւ կը զգուշացնէ ‘մոլորեցնողէն ու նեռէն’ (Բ. Յովհ. 5-7)։
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.
1, 13—Ո՞վ է ‘ընտրեալ տիկինը’։ Յովհաննէս թերեւս կ’ակնարկէր որոշ կնոջ մը, զինք Քիրիա կոչելով, որ յունարէն լեզուով «տիկին» կը նշանակէ։ Կամ, թերեւս ան փոխաբերութիւն գործածելով որոշ ժողովքի մը կ’ակնարկէր, հալածիչները շփոթեցնելու համար։ Եթէ պարագան երկրորդն էր, ուրեմն անոր որդիները այդ ժողովքին անդամներն էին, իսկ ‘անոր քրոջ որդիները’ ուրիշ ժողովքի մը անդամներն էին։
7—Յովհաննէս Յիսուսի ո՞ր ‘գալուն’ մասին կը խօսի, եւ մոլորեցնողները ի՞նչպէս զայն «չեն ընդունիր»։ Այս ‘գալը’, Յիսուսի ապագայ եւ անտեսանելի գալը չէ։ Անիկա մարմինով գալն է եւ որպէս Քրիստոս օծուիլն է (Ա. Յովհ. 4։2)։ Մոլորեցուցիչները չեն դաւանիր թէ Յիսուս մարմինով եկաւ։ Թերեւս անոնք կ’ուրանան անոր ապրած ըլլալը կամ կը մերժեն սուրբ հոգիով օծուած ըլլալը։
Դասեր՝ մեզի համար.
2, 4. «Ճշմարտութիւն»ը գիտնալը,– բոլոր քրիստոնէական ուսուցումները՝ որոնք Աստուածաշունչին մէկ մասը եղած են,– եւ անոր կառչիլը, մեր փրկութեան համար էական են (Գ. Յովհ. 3, 4)։
8-11. Եթէ չենք ուզեր կորսնցնել «շնորհք, ողորմութիւն, խաղաղութիւն Հայր Աստուծմէն եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսէն», ինչպէս նաեւ հաւատակիցներու սիրալիր ընկերակցութիւնը, հոգեւորապէս պէտք է ‘զգուշանանք’ մենք մեզի համար եւ մերժենք զանոնք՝ որոնք ‘Քրիստոսի վարդապետութեան մէջ չեն կենար’ (Բ. Յովհ. 3)։
«ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԿԻՑ» ԵՂԷՔ
Յովհաննէսի երրորդ նամակը իր բարեկամին՝ Գայիոսի յղուած է։ Ան կը գրէ. «Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն» (Գ. Յովհ. 4)։
Յովհաննէս Գայիոսը կը գովէ, քանի որ այցելու եղբայրներուն «հաւատարմաբար» կ’օգնէ։ Առաքեալը կ’ըսէ. «Մենք պարտաւոր ենք այնպիսիները ընդունիլ, որպէս զի ճշմարտութեանը գործակից ըլլանք» (Գ. Յովհ. 5-8)։
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.
11—Ոմանք ինչո՞ւ գէշ վարքի միջամուխ կ’ըլլան։ Հոգեւորութիւն չունենալով, ոմանք հասկացողութեան աչքով Աստուած չեն տեսներ։ Որովհետեւ զինք բառացի աչքերով չեն տեսներ, անոնք կը վարուին որպէս թէ զիրենք չի տեսներ (Եզեկ. 9։9)։
15—Ո՞վ են այս «բարեկամները»։ «Բարեկամներ» արտայայտութիւնը հոս կը պարփակէ իրարու հետ սերտ յարաբերութիւն ունեցող անհատներէն շատ աւելին։ Յովհաննէս զայն կը գործածէ ընդհանուր հաւատակիցներուն ակնարկելու։
Դասեր՝ մեզի համար.
4. Ժողովքին մէջ հոգեւորապէս հասուն անհատները մեծապէս կ’ուրախանան, երբ ժողովքի դեռատի անդամները շարունակեն ‘ճշմարտութեան մէջ քալել’, իսկ ծնողներ ի՜նչ անբաղդատելի ուրախութիւն կը զգան, երբ յաջողապէս օգնեն իրենց զաւակներուն որ հոգեւոր մտայնութիւն ունենան։
5-8. Սէրէ մղուած՝ իրենց եղբայրներուն ի նպաստ ծանր աշխատողները կը պարփակեն՝ ճամբորդող տեսուչներ, միսիոնարներ, Պէթէլի կամ մասնաճիւղի մէջ ծառայողներ, եւ ռահվիրայական ծառայութեան մասնակցողներ։ Անոնց հաւատքը օրինակելի է, եւ անոնք մեր սիրալիր աջակցութեան արժանի են։
9-12. Հաւատարիմ Դեմետրիոսի օրինակին պէտք է հետեւինք եւ ո՛չ թէ շաղակրատ Դիոտրեփէսի օրինակին, որ զրպարտիչ մըն էր։
«ԱՆՁԵՐՆԻԴ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԻՐՈՅՆ ՄԷՋ ՊԱՀԵՑԷՔ»
Յուդա ժողովքէն ներս սպրդողները կը նկարագրէ որպէս «տրտնջողներ ու քրթմնջողներ. . . որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ կ’երթան»։ Անոնք «ամբարտաւան խօսքեր կը խօսին եւ շահու համար երեսպաշտութիւն կ’ընեն» (Յուդա 4, 16)։
Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան գէշ ազդեցութիւններուն դիմադրել։ Յուդա կը գրէ. «Սի՛րելիներ, յիշեցէք այն խօսքերը, որոնք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին առաքեալներէն նախապէս խօսուեցան»։ Ան կ’աւելցնէ. «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» (Յուդա 17-21)։
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.
3, 4—Յուդա ինչո՞ւ քրիստոնեաները յորդորեց որ ‘հաւատքին համար մրցին’ կամ պայքարին։ Քանի որ ‘ամբարիշտներ գաղտուկ մտած էին’ անոնց մէջ եւ ‘Աստուծոյ շնորհքը անառակութեան կը դարձնէին’։
20, 21—Ի՞նչպէս կրնանք ‘մենք մեզ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահել’։ Ասիկա կրնանք ընել երեք կերպերով. 1) մենք մեզ շինելով մեր «ամենասուրբ հաւատքին վրայ»,– Աստուծոյ Խօսքը ժրաջանութեամբ ուսումնասիրելով եւ քարոզչութեան նախանձախնդրօրէն մասնակցելով. 2) աղօթելով «Սուրբ Հոգիով», կամ անոր ազդեցութեան հետ ներդաշնակ. եւ 3) հաւատք ընծայելով Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին, որ յաւիտենական կեանքը կարելի կը դարձնէ (Յովհ. 3։16, 36)։
Դասեր՝ մեզի համար.
5-7. Ամբարիշտները կրնա՞ն Եհովայի դատաստանէն զերծ մնալ։ Ասիկա անկարելի է, ինչպէս Յուդայի նշած երեք ազդարարական օրինակները ցոյց կու տան։
8-10. Միքայէլ հրեշտակապետին օրինակին պէտք է հետեւինք ու Աստուծոյ կողմէ հաստատուած հեղինակութիւնը յարգենք։
12. Հաւատուրացները, որոնք կը ձեւացնեն թէ սէր ունին, մեր հաւատքը կը վտանգեն, ինչպէս որ ջուրին տակ թաքցուած ժայռերը վտանգ կը հանդիսանան նաւերուն կամ լողորդներուն։ Սուտ ուսուցիչները կրնան առատաձեռն թուիլ, բայց անջուր ամպերու պէս են,– հոգեւորապէս պարապ։ Այսպիսիներ անպտուղ են, ուշ աշնան մեռած ծառերու պէս։ Անոնք արմատախիլ եղած ծառերու նման կործանում կը դիմագրաւեն։ Խոհեմութիւն է որ հաւատուրացներէն մէկդի կենանք։
22, 23. Ճշմարիտ քրիստոնեաները չար բաները կ’ատեն։ «Երկմիտներ»ը յաւիտենական կործանումի կրակէն ազատելու համար, ժողովքին հասուն անդամները,– մանաւանդ նշանակուած տեսուչները,– անոնց հոգեւոր օգնութիւն կը հայթայթեն։
[Նկարներ՝ էջ 12]
Ջուրը, հոգին եւ արիւնը վկայեցին թէ «Յիսուս Աստուծոյ Որդին է»