«Երանելի Աստուծոյ» ծառայողները երջանիկ են
«Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է» (ՍԱՂ. 144։15)։
1. Եհովայի վկաները ինչո՞ւ երջանիկ են (տե՛ս բացման նկարը)։
ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐԸ երջանիկ են։ Ուրախ խօսակցութիւններն ու խնդուքը պակաս չեն ըլլար անոնց ժողովներէն, համաժողովներէն եւ ընկերային հաւաքոյթներէն։ Անոնք ինչո՞ւ այսքան երջանիկ են։ Գլխաւոր պատճառը այն է, թէ անոնք կը ճանչնան Եհովան՝ «երանելի Աստուած»ը, իրեն կը ծառայեն եւ կը ջանան զինք ընդօրինակել (Ա. Տիմ. 1։11. Սաղ. 16։11)։ Երջանկութեան Աղբիւրը ըլլալով՝ Եհովան շատ մը պատճառներ կու տայ մեզի որ ուրախ ըլլանք (Բ. Օր. 12։7. Ժող. 3։12, 13)։
2, 3. ա) Երջանկութիւն ի՞նչ ըսել է։ բ) Ինչո՞ւ դժուար է երջանիկ ըլլալ։
2 Ի՞նչ կրնաս ըսել քու մասիդ։ Երջանի՞կ ես։ Կրնա՞ս աւելի երջանիկ ըլլալ։ Երջանկութիւնը կրնայ նկարագրուիլ որպէս «լաւ հոգեվիճակ մը, որ յարաբերաբար մնայուն կ’ըլլայ. երջանիկ անհատը կրնայ ըլլալ մէկը, որ պարզապէս գոհունակ է կեանքէն, կամ ալ մէկը որ շատ հաճոյք կ’առնէ կեանքէն։ Նաեւ երջանիկ անհատը բնականաբար կ’ուզէ երջանիկ մնալ»։ Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ որ անոնք, որոնք Եհովային օրհնութիւնը ունին, կրնան իսկապէս երջանիկ ըլլալ։ Բայց երջանիկ
ըլլալը ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ այս աշխարհին մէջ։3 Երջանիկ ըլլալը կրնայ դժուար ըլլալ, երբ ճնշիչ պարագաներու մէջ ըլլանք, ինչպէս՝ երբ սիրելի մը մահանայ կամ վտարուի, երբ ամուսնալուծուինք կամ մեր գործը կորսնցնենք։ Նաեւ թերեւս երջանիկ չզգանք երբ մեր տան մէջ խաղաղութիւն չըլլայ ու միշտ կռիւ ըլլայ, երբ մեր գործակիցները կամ դասընկերները մեզ ծաղր ընեն, կամ երբ հալածուինք կամ բանտը դրուինք, քանի որ Եհովային կը ծառայենք։ Կամ կրնայ ըլլալ որ մեր առողջութիւնը ետեւ երթայ, երկարատեւ հիւանդութիւն մը ունենանք կամ ընկճուածութենէ տառապինք։ Բայց յիշէ թէ Յիսուս Քրիստոս՝ «Երանելին ու միմիայն Հզօրը», շատ կը սիրէր մարդոց բերել մխիթարութիւն եւ երջանկութիւն (Ա. Տիմ. 6։15. Մատ. 11։28-30)։ Լերան քարոզին մէջ, Յիսուս նշեց կարգ մը յատկութիւններ, որոնք կրնան մեզի երջանկութիւն տալ, նոյնիսկ երբ շատ խնդիրներ ունինք Սատանայի աշխարհին մէջ։
ԱՌԱՆՑ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՉԵՆՔ ԿՐՆԱՐ ԵՐՋԱՆԻԿ ԸԼԼԱԼ
4, 5. Ի՞նչ կրնանք ընել որպէսզի երջանիկ ըլլանք եւ երջանիկ մնանք։
4 Առաջին բանը, որ Յիսուս նշեց, շատ կարեւոր է. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է» (Մատ. 5։3)։ Հոգիով աղքատ անձը կ’ըմբռնէ, թէ պէտք ունի Աստուած ճանչնալու եւ պէտք ունի Իր օգնութեան եւ ուղղութեան։ Ինչպէ՞ս յայտնի կ’ըլլայ որ «հոգիով աղքատ» ենք։ Երբ Սուրբ Գիրքը սերտենք, Աստուծոյ հնազանդինք եւ երանելի Աստուծոյ պաշտամունքը առաջին տեղը դնենք։ Ասոնք ընելը աւելի պիտի երջանկացնէ մեզ եւ պիտի զօրացնէ մեր հաւատքը Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ։ Նաեւ, Սուրբ Գիրքին մէջ գտնուող «երջանիկ յոյսը» մեզ պիտի քաջալերէ (Տիտ. 2։13)։
5 Մնայուն երջանկութիւն ունենալու համար պէտք է Եհովային հետ զօրաւոր փոխյարաբերութիւն ունենանք։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ, ուրա՛խ եղէք» (Փլպ. 4։4)։ Եհովային մտերիմ բարեկամը ըլլալու համար պէտք է աստուածային իմաստութիւն ունենանք։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ ու այն մարդուն, որ հանճար կը ստանայ։ Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ է ու զինք բռնողները երջանիկ կ’ըլլան» (Առ. 3։13, 18)։
6. Մնայուն երջանկութիւն ունենալու համար ուրիշ ի՞նչ պէտք է ընենք։
6 Սակայն երջանիկ մնալու համար, շատ կարեւոր է որ ոչ միայն Աստուծոյ Խօսքը կարդանք, հապա նաեւ զայն գործադրենք։ Յիսուս ասոր կարեւորութիւնը շեշտեց, երբ ըսաւ. «Եթէ դուք այս բաները գիտէք, երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք» (Յովհ. 13։17. կարդա՛ Յակոբոս 1։25)։ Ասիկա բանալին է, որ մեր հոգեւոր պէտքերը գոհացնենք եւ երջանիկ մնանք։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք երջանիկ ըլլալ, երբ շատ բաներ կան, որոնք կրնան մեր երջանկութիւնը խլել։ Տեսնենք թէ Յիսուս ուրիշ ինչ նշեց Լերան քարոզին մէջ։
ՄԵԶ ԵՐՋԱՆԿԱՑՆՈՂ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
7. Ինչպէ՞ս կարելի է որ սգաւորները երջանիկ ըլլան։
7 «Երանի՜ սգաւորներուն, վասն զի անոնք պիտի մխիթարուին» (Մատ. 5։4)։ Թերեւս մտածես. ‘Ինչպէ՞ս կարելի է որ սգաւորները երջանիկ ըլլան’։ Յիսուս չէր խօսեր բոլո՛ր սգաւորներուն մասին։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Նոյնիսկ չարերը կը սգան, կամ կը տխրին, այս «չար ժամանակներ»ուն պատճառած խնդիրները ունենալով (Բ. Տիմ. 3։1)։ Բայց անոնց անձնակեդրոն սուգը զիրենք Եհովային չի մօտեցներ, եւ հետեւաբար չեն կրնար երջանիկ ըլլալ։ Ուրեմն, Յիսուս կը խօսէր անոնց մասին, որոնք իրենց հոգեւոր կարիքներուն գիտակից են։ Անոնք կը սգան մարդոց ցաւալի հոգեւոր վիճակին համար։ Նաեւ կ’անդրադառնան որ մեղաւոր են եւ կը տեսնեն, թէ մարդկութեան մեղաւոր ըլլալը ի՜նչ գէշ արդիւնքներ պատճառած է։ Եհովան այսպիսի անկեղծ սգաւորներ կը նկատէ ու կը մխիթարէ իր Խօսքին միջոցաւ, եւ անոնց կու տայ երջանկութիւն ու յաւիտենական կեանքի յոյսը (կարդա՛ Եզեկիէլ 5։11. 9։4)։
8. Հեզ ըլլալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ անհատը երջանիկ ըլլայ։
8 «Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը» (Մատ. 5։5)։ Հեզ ըլլալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ անհատը երջանիկ ըլլայ։ Շատեր կոշտ, անկիրթ եւ վայրագ են։ Բայց երբ ճշմարտութիւնը կը սորվին, կը փոխուին եւ նոր անձնաւորութիւնը կը հագուին։ Անոնք այլեւս ‘գութ, ողորմութիւն, քաղցրութիւն, խոնարհութիւն, հեզութիւն, երկայնմտութիւն’ կը ցուցաբերեն (Կող. 3։9-12)։ Ասիկա պատճառ կ’ըլլայ որ անոնք ուրիշներու հետ լաւ փոխյարաբերութիւններ եւ խաղաղութիւն ունենան ու երջանիկ ըլլան։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ Խօսքը կը խոստանայ, որ անոնք «երկիրը պիտի ժառանգեն» (Սաղ. 37։8-10, 29)։
9. ա) Ի՞նչ իմաստով հեզերը «պիտի ժառանգեն երկիրը»։ բ) ‘Արդարութեան անօթի ու ծարաւ’ եղողները ինչո՞ւ կրնան երջանիկ ըլլալ։
9 Հեզերը ի՞նչ իմաստով «պիտի ժառանգեն երկիրը»։ Օծեալները երկիրը պիտի ժառանգեն, երբ ատոր վրայ իշխեն որպէս թագաւորներ ու քահանաներ (Յայտ. 20։6)։ Միլիոնաւոր ուրիշներ, որոնք երկնային յոյսը չունին, երկիրը պիտի ժառանգեն, երբ իրենց թոյլ տրուի որ երկրի վրայ յաւիտեան ապրին։ Անոնք կատարեալ պիտի ըլլան եւ խաղաղութիւն ու երջանկութիւն պիտի ունենան։ Անոնք նաեւ այն անհատներն են, որոնց մասին Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց որ անօթի ու ծարաւ են արդարութեան» (Մատ. 5։6)։ Արդարութեան անոնց անօթութիւնն ու ծարաւը պիտի գոհացուին, երբ Եհովան բոլոր չարութիւնները մէջտեղէն վերցնէ (Բ. Պետ. 3։13)։ Նոր աշխարհին մէջ, արդարները երջանիկ պիտի ըլլան եւ անգամ մըն ալ պիտի չսգան չար մարդոց ըրած գէշ բաներուն համար (Սաղ. 37։17)։
10. Ողորմած ըլլալ ի՞նչ կը նշանակէ։
10 «Երանի՜ ողորմածներուն, վասն զի անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն» (Մատ. 5։7)։ Ողորմած ըլլալ կը նշանակէ՝ ջերմ, քնքուշ եւ կարեկից ըլլալ, այսինքն՝ տառապողներուն հետ զգալ։ Սակայն ողորմիլը միայն քնքուշ զգացում մը չէ։ Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ որ ատիկա կը պարփակէ՝ բան մը ընել օգնելու համար ուրիշներուն։
11. Բարի սամարացիին առակը ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։
11 Կարդա՛ Ղուկաս 10։30-37։ Բարի սամարացիին առակը գեղեցիկ կերպով կը պատկերացնէ թէ ի՛նչ կը նշանակէ ողորմած ըլլալ։ Սամարացին սրտանց կարեկցեցաւ եւ մեղքցաւ տառապող մարդուն, եւ ասիկա զինք մղեց որ անոր օգնէ։ Առակը պատմելէ ետք, Յիսուս ըսաւ. «Գնա՛, դուն ալ այնպէս ըրէ»։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Նոյն կերպով կը վարուի՞մ։ Կարեկից սամարացիին պէս կը վարուի՞մ։ Երբ մարդիկ կը տառապին, կրնա՞մ կերպով մը օգնել անոնց։ Օրինակ, կրնա՞մ գործնական կերպերով օգնել ժողովքի տարեցներուն, որբեւայրիներուն, կամ այն պզտիկներուն, որոնց ծնողքը Եհովային չեն ծառայեր։ Կրնա՞մ վատասիրտները մխիթարել’ (Ա. Թես. 5։14. Յակ. 1։27)։
12. Ինչո՞ւ երջանիկ կ’ըլլանք երբ ողորմութեամբ վարուինք ուրիշներուն հետ։
12 Ողորմած ըլլալը ինչո՞ւ երջանկութիւն կը բերէ։ Երբ ուրիշներուն ողորմութիւն ցոյց տանք, տալու ուրախութիւնը կը վայելենք. նաեւ, Եհովան կը հաճեցնենք Գործք 20։35. կարդա՛ Եբրայեցիս 13։16)։ Դաւիթ թագաւոր ողորմութիւն ցուցնող անհատին մասին ըսաւ. «Տէրը պիտի պահէ ու ապրեցնէ զանիկա, երանելի պիտի ըլլայ երկրի վրայ» (Սաղ. 41։1, 2)։ Նաեւ, երբ ուրիշներուն հետ ողորմութեամբ ու կարեկցութեամբ վարուինք, Եհովան ալ մեզի հետ ողորմութեամբ պիտի վարուի, ինչ որ թոյլ պիտի տայ որ յաւիտեան երջանիկ ըլլանք (Յակ. 2։13)։
(«ՍՐՏՈՎ ՄԱՔՈՒՐ» ԵՂՈՂՆԵՐԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՐՋԱՆԻԿ ԵՆ
13, 14. Սրտով մաքուր ըլլալը ինչո՞ւ կարեւոր է։
13 Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց որ սրտով մաքուր են, վասն զի անոնք պիտի տեսնեն Աստուած» (Մատ. 5։8)։ Սրտով մաքուր ըլլալու համար, պէտք է մեր մտածումներն ու ցանկութիւնները մաքուր պահենք։ Ասիկա շատ կարեւոր է, որպէսզի Եհովան մեր պաշտամունքը ընդունի (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 4։2. Ա. Տիմ. 1։5)։
14 Սրտով մաքուր եղողները կրնան լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալ Եհովային հետ, որ ըսաւ. «Երջանիկ են անոնք, որոնք իրենց պատմուճանները կը լուան» (Յայտ. 22։14, ՆԱ)։ Ի՞նչ իմաստով «իրենց պատմուճանները կը լուան»։ Օծեալ քրիստոնեաներուն համար, ասիկա կը նշանակէ թէ անոնք Եհովային աչքին մաքուր են, երկինքին մէջ անմահ կեանք պիտի ունենան եւ յաւիտեան երջանիկ պիտի ըլլան։ Իսկ երկրային յոյս ունեցող մեծ բազմութեան համար, ասիկա կը նշանակէ թէ Եհովան անոնց թոյլ կու տայ որ իր բարեկամները ըլլան, քանի որ զանոնք արդար կը նկատէ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ անոնք «իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին» (Յայտ. 7։9, 13, 14)։
15, 16. Սրտով մաքուր եղողները ինչպէ՞ս կրնան Աստուած տեսնել։
15 Սրտով մաքուր եղողները ինչպէ՞ս «պիտի տեսնեն Աստուած», մինչ «մարդ չի կրնար [Աստուած] տեսնել ու ապրիլ» (Ել. 33։20)։ «Տեսնել» թարգմանուած յունարէն բառը կրնայ նշանակել՝ երեւակայել, ըմբռնել կամ գիտնալ։ Ուրեմն, «Աստուած տեսնել» կը նշանակէ՝ իր ինչպիսի՛ անձնաւորութիւն ըլլալը հասկնալ եւ իր յատկութիւնները սիրել (Եփ. 1։18)։ Յիսուս կատարեալ կերպով ընդօրինակեց Աստուծոյ յատկութիւնները, եւ ասոր համար կրնար ըսել. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յովհ. 14։7-9)։
16 Ասկէ զատ, Աստուած կը տեսնենք, երբ մեր կեանքին մէջ կը նկատենք թէ ինչպէ՛ս կ’օգնէ մեզի (Յոբ 42։5)։ Նաեւ կրնանք «տեսնել» կամ կեդրոնանալ այն հոյակապ օրհնութիւններուն վրայ, որ Եհովան պիտի տայ անոնց, որոնք մաքուր կը մնան եւ հաւատարմօրէն իրեն կը ծառայեն։ Անշուշտ, օծեալները բառացիօրէն պիտի տեսնեն Աստուած, երբ յարութիւն առնելով երկինք երթան (Ա. Յովհ. 3։2)։
ԵՐՋԱՆԻԿ ԿՐՆԱՆՔ ԸԼԼԱԼ ՀԱԿԱՌԱԿ ՄԵՐ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ
17. Խաղաղութիւն ընողները ինչո՞ւ երջանիկ են։
17 Յիսուս նաեւ ըսաւ. «Երանի՜ խաղաղութիւն ընողներուն» (Մատ. 5։9)։ Անոնք որոնք նախաքայլը կ’առնեն ուրիշներուն հետ խաղաղութիւն ընելու, կրնան երջանիկ ըլլալ։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Արդարութեան պտուղը խաղաղութիւնով կը սերմանուի անոնց՝ որոնք խաղաղութիւն կ’ընեն» (Յակ. 3։18)։ Երբ մէկու մը հետ անհամաձայնութիւն ունենանք մեր ժողովքին կամ ընտանիքին մէջ, կրնանք Աստուծմէ խնդրել որ մեզի օգնէ խաղաղութիւն ընելու։ Ետքը, Եհովան մեզի պիտի տայ իր սուրբ հոգին, որ մեզի պիտի օգնէ լաւ յատկութիւններ ցուցաբերելու, եւ երջանիկ պիտի ըլլանք։ Յիսուս շեշտեց խաղաղութիւն ընելու նախաքայլը առնելու կարեւորութիւնը, երբ ըսաւ. «Եթէ քու ընծադ սեղանին վրայ բերես ու հոն միտքդ գայ թէ քու եղբայրդ քեզի դէմ բան մը ունի, հոն ձգէ ընծադ սեղանին առջեւ, գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ ու ետքը եկուր որ քու ընծադ մատուցանես» (Մատ. 5։23, 24)։
18, 19. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ կրնան ուրախանալ նոյնիսկ եթէ հալածուին։
18 «Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար»։ Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց։ Ան աւելցուց. «Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. քանզի այս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները» (Մատ. 5։11, 12)։ Երբ առաքեալները ծեծ կերան եւ իրենց ըսուեցաւ որ անգամ մըն ալ չքարոզեն, անոնք «ատեանէն գացին, ուրախանալով»։ Անշուշտ, ծեծ ուտելը հաճելի չէր, բայց անոնք ուրախացան, քանի որ «[Յիսուսին] անուանը համար արժանի եղան անարգուելու» (Գործք 5։41)։
19 Մեր օրերուն, Եհովայի ծառաներն ալ ուրախութեամբ կը տոկան, երբ կը հալածուին Յիսուսին անուան համար (կարդա՛ Յակոբոս 1։2-4)։ Առաքեալներուն պէս, մենք ալ հաճոյք չենք առներ չարչարուելէն կամ հալածուելէն։ Բայց եթէ Եհովային հաւատարիմ մնանք փորձութեան ատեն, ան մեզի քաջութիւն պիտի տայ որ տոկանք։ Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Հենրիք Տորնիքին եւ իր եղբօր։ Օգոստոս 1944–ին, անոնք համակեդրոնացման ճամբար ղրկուեցան։ Հակառակորդները խոստովանեցան. «Անկարելի է զանոնք համոզել որ բան մը ընեն։ Նահատակուիլը ուրախութիւն կու տայ անոնց»։ Հենրիք բացատրեց. «Թէեւ չէի փափաքեր նահատակուիլ, բայց Եհովային հաւատարիմ մնալու համար քաջութեամբ եւ արժանապատուութեամբ չարչարուիլը ուրախութիւն տուաւ ինծի։ . . .Սրտագին աղօթքներս զիս աւելի մօտեցուցին Եհովային, եւ ան իրապէս ալ օգնեց ինծի»։
20. «Երանելի Աստուծոյ» ծառայելը ինչո՞ւ մեզ երջանիկ կը դարձնէ։
20 Երբ «երանելի Աստուծոյ» հաճութիւնը ունինք, կրնանք երջանիկ ըլլալ, նոյնիսկ եթէ կը հալածուինք, մեր ընտանիքը կը հակառակի մեզի, հիւանդ ենք կամ մեր տարիքը առած ենք (Ա. Տիմ. 1։11)։ Նաեւ կրնանք երջանիկ ըլլալ, քանի որ մեր «անսուտն» Աստուածը բազմաթիւ հիանալի բաներ մեզի խոստացած է (Տիտ. 1։2)։ Երբ Եհովան իր խոստումները կատարէ, հիմակուան խնդիրները նոյնիսկ մեր միտքը պիտի չգան։ Գալիք Դրախտին մէջ, Եհովան խելքէ–մտքէ դուրս օրհնութիւններ պիտի թափէ մեր վրայ եւ ծայր աստիճան երջանիկ պիտի ըլլանք։ Իրապէս ‘խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանանք’ (Սաղ. 37։11)։