ՍԵՐՏԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ
Ժրաջանութեամբ սերտելը կ’օգնէ որ արթուն մնաս
Կարդա՛ Դանիէլ 9։1-19–ը, ժրաջանութեամբ սերտելուն կարեւորութիւնը գիտնալու համար։
Շուրջի համարները վերլուծէ։ Վերջերս ի՞նչ դէպքեր տեղի ունեցած էին եւ ատոնք ինչպէ՞ս ազդած էին Դանիէլին (Դան. 5։29-6։5)։ Եթէ դուն Դանիէլին տեղը ըլլայիր, ինչպէ՞ս պիտի զգայիր։
Աւելի՛ պրպտէ։ Դանիէլ հաւանաբար ո՞ր ‘գրքերուն’ դիմեց (Դան. 9։2. դ11-ԱՐ 1/1 22 ¶2)։ Դանիէլ ինչո՞ւ թէ՛ իր մեղքերը եւ թէ՛ իսրայէլ ազգին մեղքերը խոստովանեցաւ (Ղեւ. 26։39-42. Գ. Թագ. 8։46-50. դմ 182-184)։ Դանիէլի աղօթքը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ ան Աստուծոյ Խօսքը ժրաջանութեամբ սերտող մըն էր (Դան. 9։11-13)։
Սորված դասերուդ մասին մտածէ։ Դուն քեզի հարցուր՝
-
‘Ինչպէ՞ս կրնամ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած դէպքերով չտարուիլ’ (Միք. 7։7)։
-
‘Աստուծոյ Խօսքը ժրաջանութեամբ սերտելով ինչպէ՞ս կրնամ Դանիէլին պէս օգտուիլ’ (դ04 8/1 26 ¶17)։
-
‘Սերտողութեան ո՞ր նիւթերը ինծի պիտի օգնեն որ «արթուն կենամ»’ (Մատ. 24։42, 44. դ12 8/1 13 ¶7-8)։