Աստուած քեզ կը հասկնա՞յ
ՄԱՐԴ ԱՐԱՐԱԾԸ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԵՐՊԷՆ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆՔ
Մարդկային յարաբերութիւններու մէջ ամէնէն մտերմիկ յարաբերութիւնը երկուորեակներունն է։ Անոնց կապը յատուկ է։ Նենսի Սէկալը, որ երկուորեակ մըն է եւ կեդրոնի մը (Twin Studies Center) տնօրէնն է, կ’ըսէ որ երկուորեակներէն ոմանք նոյնիսկ «գիտեն ի՛նչ ըսել է բան մը ըսել մէկու մը՝ որ ուղղակի կը հասկնայ ի՛նչ ըսել կ’ուզես, առա՛նց իրեն բացատրութիւն տալու»։ Կին մը, իր եւ իր երկուորեակ քրոջ մասին այսպէս արտայայտուեցաւ. «Մենք իրարու մասին ամէ՛ն բան գիտենք»։
Ինչպէ՞ս կարելի է այս մէկը բացատրել։ Ուսումնասիրութիւնները կ’ըսեն, որ ճիշդ է որ միջավայրը եւ ծնողներու դաստիարակութիւնը մեծ դեր կը խաղան, բայց այնպէս կ’երեւի որ անոնց նոյնանման ժառանգական կազմուա՛ծքն է որ գլխաւոր դեր կը խաղայ։
ՊԱՀ ՄԸ ՄՏԱԾԷ։ Այս հոյակապ ժառանգական կազմուածքի Ստեղծիչը մասնայատուկ կերպով կը հասկնայ մեր ամէն մէկուն կազմուածքը։ Սաղմոս գրողներէն մէկը՝ Դաւիթ, տեղին ըլլալով ըսաւ. «Իմ մօրս որովայնին մէջ դո՛ւն զիս ծածկեցիր. . . Քու աչքերդ իմ անկատար կազմուածքս [«սաղմս», ՆԱ] տեսան ու անդամներուս բոլորը քու գրքիդ մէջ գրուած էին» (Սաղմոս 139։13, 15, 16)։ Միայն Աստուած գիտէ եւ լիուլի կը հասկնայ ոչ միայն մեր ժառանգական կազմուածքը, հապա նաեւ այն բոլոր դէպքերը՝ որոնք պատահած են մեր կեանքին մէջ եւ մեզ դարձուցած են այն անձը, որ ենք այսօր։ Ասիկա մեզի կը վստահեցնէ, որ Աստուած մեզ շատ լաւ կը հասկնայ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՍԿՑՈՂ ԸԼԼԱԼՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Դաւիթ աղօթեց. «Ո՛վ Տէր, զիս քննեցիր ու ճանչցար։ Դուն գիտես իմ նստիլս ու ելլելս, իմ խորհուրդս հեռուէն կ’իմանաս։ Վասն զի բնաւ խօսք չկայ իմ լեզուիս վրայ, ահա, ո՛վ Տէր, դուն ամէնը գիտես» (Սաղմոս 139։1, 2, 4)։ Ասկէ զատ, Եհովա Աստուած մեր խոր զգացումնե՛րը շատ լաւ գիտէ եւ նոյնիսկ «ամէն մտքերու խորհուրդները կը ճանչնայ» (Ա. Մնացորդաց 28։9. Ա. Թագաւորաց 16։6, 7)։ Այս համարները ի՞նչ կը յայտնեն Աստուծոյ մասին։
Թերեւս բառեր չգտնենք, որ աղօթքով մեր բոլոր մտածումները եւ զգացումները Աստուծոյ արտայայտենք, բայց մեր Ստեղծիչը ոչ միայն կը տեսնէ ի՛նչ կ’ընենք, բայց նաեւ կը հասկնայ ինչո՛ւ կ’ընենք, նոյնիսկ երբ մեր սահմանափակ կարողութիւնները արգելք ըլլան որ մենք մեր սրտին փափաքը ընենք։ Եւ քանի՛ որ Աստուած ինք մեզ ստեղծած է սիրելու կարողութեամբ, ան կ’ուզէ՛ տեսնել մեր սիրալիր մտածումները, մղումները եւ վարքը (Ա. Յովհաննէս 4։7-10)։
Բա՛ն մը Աստուծոյ աչքէն չի վրիպիր։ Ան գիտէ՛ թէ մենք ինչ նեղութիւններէ կ’անցնինք, նոյնիսկ երբ ուրիշներ չեն գիտեր կամ ալ լիուլի չեն հասկնար
Մխիթարիչ համարներ
-
«Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու իր ականջները՝ անոնց աղօթքին» (Ա. ՊԵՏՐՈՍ 3։12)։
-
Աստուած կը խոստանայ. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ» (ՍԱՂՄՈՍ 32։8)։
ԱՍՏՈՒԱԾ ՇԱ՛Տ ԿԱՐԵԿԻՑ Է
Արդեօք գիտնալը որ Աստուած մեր պարագան եւ զգացումները կը հասկնայ, մեզի կ’օգնէ՞ որ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլենք։ Նկատի առ ինչ պատահեցաւ Աննային հետ, որ Նիկերիայէն է։ «Անյոյս պարագաներս պատճառ դարձան, որ հարց տամ թէ կեանքս իմաստ մը ունի՞», կը բացատրէ ան։ «Այրի կին մըն էի եւ հոգ կը տանէի աղջիկիս, որ հիւանդանոցը կը մնար, քանի որ ջրագլխութիւն ունէր (ուղեղին մէջ չափազանց հեղուկ)։ Նոյն ժամանակ կուրծքի քաղցկեղ ունեցայ եւ պէտք ունեցայ գործողութեան, քիմիաբուժումի եւ շողաբուժութեան (radiotherapy)։ Ինծի համար շա՛տ դժուար էր հիւանդանոցը պառկիլ այն ժամանակ՝ երբ հիւանդ աղջիկս ալ հիւանդանոցն էր»։
Ի՞նչը Աննային օգնեց։ «Խոկացի կարգ մը համարներու վրայ, օրինակ՝ Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ին վրայ, ուր կ’ըսէ որ ‘Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը պիտի պահպանէ’։ Ամէն անգամ որ այս համարը միտքս գար, կը զգայի թէ Եհովային մօտիկ եմ եւ թէ ան իմ անձս ինձմէ աւելի լաւ կը ճանչնայ։ Ասկէ զատ, ջերմ քաջալերութիւն ստացայ իմ սիրելի հոգեւոր եղբայրներէս եւ քոյրերէս»։
«Հակառակ անոր որ դեռ առողջապահական խնդիրներ ունիմ, իմ եւ աղջիկիս պարագան բարելաւուած է։ Քանի՛ որ Եհովան ունինք մեր կեանքին մէջ, սորված ենք ժխտական կերպով չմտածել՝ երբ դժուար պարագաներէ անցնինք։ Յակոբոս 5։11–ը կ’ըսէ. ‘Համբերողներուն երանի՜ կու տանք։ Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք, որ Տէրը բազմագութ [կամ «շատ կարեկից»] ու ողորմած է’»։ Եհովա Աստուած Յոբին պարագան շատ լաւ հասկցաւ։ Մենք ալ կրնանք վստահ ըլլալ, որ ան մեզ շատ լաւ կը հասկնայ, երբ դժուար պարագաներէ անցնինք։