Գաղտնիութեան դասաւորումներ

To provide you with the best possible experience, we use cookies and similar technologies. Some cookies are necessary to make our website work and cannot be refused. You can accept or decline the use of additional cookies, which we use only to improve your experience. None of this data will ever be sold or used for marketing. To learn more, read the Global Policy on Use of Cookies and Similar Technologies. You can customize your settings at any time by going to Privacy Settings.

Ներկայացումի նմոյշներ

Ներկայացումի նմոյշներ

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿՈՂՄԷ ՈՒՐԱԽ ԼՈՒՐԵՐ

Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր

Հարցում։ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ կողմէ՞ է թէ ոչ մարդիկ իրենց գաղափարները գրած են անոր մէջ։

Համար։ Բ. Տիմ. 3։16

Ներկայացում։ Այս գրքոյկը այս հարցումին կը պատասխանէ (Ուրախ լուրեր, գլուխ 3, հարցում 1)։

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ

Բաց Աստուածաշունչ

Հարցում։ Կեանքին նկատմամբ ի՞նչ տեսակէտ պէտք է ունենանք։

Համար։ Յայտ. 4։10բ

Ճշմարտութիւն։ Քանի՛ որ կեանքը Աստուծոյ կողմէ նուէր մըն է, զայն կը յարգենք։ Գիտենք որ պէտք է մենք մեզ ապահով պահենք եւ բնա՛ւ ուրիշին կեանքը չենք վտանգեր։ Մենք Աստուծոյ տուած նուէրը՝ կեանքը, կ’արժեւորենք։

Ի՞ՆՉՆ Է ՈՒՐԱԽ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ԲԱՆԱԼԻՆ

Ի՞նչն է ուրախ ընտանեկան կեանքի բանալին

Հարցում։ Նկատի առէք այս թերթիկին կողքի հարցումը եւ կարգ մը պատասխաններ։ [Թերթիկը տանտէրին տուր։] Ի՞նչ է ձեր կարծիքը։

Համար։ Ղուկ. 11։28

Ներկայացում։ Այս թերթիկը ցոյց կու տայ որ Սուրբ Գիրքին տուած պատասխանը ի՛նչ կրնայ նշանակել ձեր ընտանիքին համար եւ ինչո՛ւ կրնանք անոր ըսածին հաւատալ։

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԴ ՊԱՏՐԱՍՏԷ

Վերոնշեալ օրինակներուն ձեւը գործածէ, անձնական ներկայացումդ պատրաստելու համար։