Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 30

Եհովան կը սկսի թագաւորել

Եհովան կը սկսի թագաւորել

(Յայտնութիւն 11։15)

1. Ի՜նչ օր է հիանալի, փառք տանք Տէր Եհովային.

Անկիւնաքարն դրաւ Սիօնի մէջ։

Բարձր ձայնով գովերգենք, ուրախութեամբ հռչակենք.

«Յիսուս Քրիստոս այժմ կ’իշխէ երկինքի մէջ»։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ի՞նչ պիտ’ բերէ Արքայութիւնը.

արդարութիւն, ճշմարտութիւն։

Եւ ասկէ զատ, Արքայութեան մէջ

պիտի տիրէ երջանկութիւն։

Անփոփոխ է Գերիշխանը,

մենք իրեն կը գովերգենք։

2. Այժմ Քրիստոս Արքայ է, Արմագեդոնը մօտ է.

հին դրութիւնը շուտով պիտ’ անցնի։

Ուստի հիմա՛ քարոզենք եւ հեզ մարդիկը փնտռենք,

որպէսզի դիրք բռնեն Եհովայի կողքին։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ի՞նչ պիտ’ բերէ Արքայութիւնը.

արդարութիւն, ճշմարտութիւն։

Եւ ասկէ զատ, Արքայութեան մէջ

պիտի տիրէ երջանկութիւն։

Անփոփոխ է Գերիշխանը,

մենք իրեն կը գովերգենք։

3. Ուրախութեամբ խոնարհինք, Թագաւորը ընդունինք.

Եհովայի անունով ան կու գայ։

Տաճարի դռնէն մտնենք, Հօր հաճութիւնը փնտռենք։

Պիտի իշխէ Օծեալն ամէն բանի վրայ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ի՞նչ պիտ’ բերէ Արքայութիւնը.

արդարութիւն, ճշմարտութիւն։

Եւ ասկէ զատ, Արքայութեան մէջ

պիտի տիրէ երջանկութիւն։

Անփոփոխ է Գերիշխանը,

մենք իրեն կը գովերգենք։