Երգ 99
Գովե՛նք երկրագունդի նոր Թագաւորը
1. Ամէն ազգէ, ամէն ցեղէ,
ամէն լեզուէ անհատներ
կը համախմբուին՝ Քրիստոսին
եւ օծեալներուն կողմէ։
Երկրի վրայ շուտով Եահի
սուրբ կամքը պիտ’ իրագործուի։
Այս յոյսը նուէր է թանկագին,
մխիթարութեան աղբիւր է։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Փա՜ռք տանք Եհովային
եւ Որդւոյն՝ Քրիստոսին,
որոնք մեր անձերը փրկեցին։
Այժմ կրնանք յուսալ երկրի վրայ
յաւիտենապէս ապրիլ։
2. Մեր Թագաւորը՝ Յիսուսը,
մենք կ’ողջունենք բերկրութեամբ։
Խաղաղութեան այս Իշխանը
կը գովենք ուրախութեամբ։
Ան փրկութիւն պիտի բերէ
եւ իր Հօր կամքը կատարէ,
սարսափն ու մահը պիտ’ չքացնէ։
Կը սպասենք իրեն ցնծութեամբ։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Փա՜ռք տանք Եհովային
եւ Որդւոյն՝ Քրիստոսին,
որոնք մեր անձերը փրկեցին։
Այժմ կրնանք յուսալ երկրի վրայ
յաւիտենապէս ապրիլ։
(Տե՛ս նաեւ Սաղ. 2։6. 45։1. Եսա. 9։6. Յովհ. 6։40)