Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 125

Աստուածպետական կարգուկանոնին ենթարկուինք

Աստուածպետական կարգուկանոնին ենթարկուինք

(Ա. Կորնթացիս 14։33)

1. Ամէնուր կը յայտնենք լուրն Արքայութեան,

եւ կ’օգնենք մարդոց որ ճիշդ ճամբան գիտնան։

Միշտ կը հնազանդինք կարգուկանոնին.

միշտ միութեան մէջ ենք ու հաւատարիմ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ենթարկուած ենք, երախտապարտ ենք

մեր Հայր Եհովային։

Մեզ կը պաշտպանէ եւ շատ կը սիրէ։

Մնանք միշտ հաւատարիմ։

2. Աստուծոյ տնտեսը, նաեւ սուրբ հոգին,

մեզ պիտ’ առաջնորդեն առյաւէտ կեանքի։

Հաստատուն մնանք եւ Աստուած հաճեցնենք։

Իմաստուն խօսքերն Իր՝ մարդոց քարոզենք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ենթարկուած ենք, երախտապարտ ենք

մեր Հայր Եհովային։

Մեզ կը պաշտպանէ եւ շատ կը սիրէ։

Մնանք միշտ հաւատարիմ։

(Տե՛ս նաեւ Ղուկ. 12։42. Եբ. 13։7, 17)