Երգ 25
Աշակերտ ըլլալուն ապացոյցը
1. Ո՛վ քրիստոնեայ, միշտ հնազանդէ
եւ ճշմարիտ ճամբով քալէ։
Արքայական օրէնքով ապրէ,
այդպիսով սէր դրսեւորէ։
Յիսուս իր կեանքը փրկանք տուաւ,
մեծ սիրոյ օրինակ եղաւ։
Թող սերտօրէն հետեւինք իրեն եւ
իր աշակերտն ըլլալ փաստենք։
2. Աստուածային սէրը չի սպառիր,
այլ՝ տկարներուն կ’աջակցի։
Պարտականենք մէկզմէկ սիրել
եւ յօժարութեամբ ծառայել։
Տեղ մը չկայ որ կրնանք գտնել
ճիշդ այսպիսի լաւ ընկերներ։
Սիրոյ կապը մեզ կը միաւորէ.
ուստի սիրոյ ճամբով քալենք։
(Տե՛ս նաեւ Հռով. 13։8. Ա. Կոր. 13։8. Յակ. 2։8. Ա. Յովհ. 4։10, 11)