Երգ 66
Անձնուիրաբար Եհովային ծառայենք
1. Ո՜վ Գերիշխան Տէ՛ր Եհովա,
կը հնազանդիմ, քեզ կը սիրեմ։
Արժանի ես, Հա՛յր Եհովա,
որ անձնուիրաբար քեզ պաշտեմ։
Քու պատուիրանքներդ կը պահեմ.
կամքդ սրտանց կը կատարեմ։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Ո՜վ Եհովա, արժանի ես,
որ անձնուրաց քեզի ծառայեմ։
2. Հա՛յր, երկինքն ու վառ աստղերը,
նաեւ լուսինը քեզ կը գովեն։
Ես կը ճանչցնեմ անունդ
եւ քեզի կեանքս կը նուիրեմ։
Քեզի նուիրուած պիտ’ մնամ ես,
ըրած ուխտս միշտ պիտ’ յարգեմ։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Ո՜վ Եհովա, արժանի ես,
որ անձնուրաց քեզի ծառայեմ։
(Տե՛ս նաեւ Բ. Օր. 6։15. Սաղ. 40։8. 113։1-3. Ժող. 5։4. Յովհ. 4։34)