ԴԱՍ 49
Ընտանիքդ ինչպէ՞ս կրնայ ուրախ ըլլալ (Մաս 1)
Նոր ամուսնացած զոյգերը կը յուսան, որ իրենց ամուսնութեան օրուան ուրախութիւնը վերջ չգտնէ։ Եւ ասիկա կարելի բան մըն է, ինչպէս որ ցոյց կու տայ այն քրիստոնեաներուն փորձառութիւնը, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր ամուսնացած են եւ շատ ջանք թափած են, որ Սուրբ Գիրքին խրատները գործադրեն։
1. Սուրբ Գիրքը ի՞նչ խրատներ կու տայ ամուսիններուն
Եհովա Աստուած ամուսինին տուած է ընտանիքը առաջնորդելու պատասխանատուութիւնը (կարդա՛ Եփեսացիս 5։23)։ Ան կ’ուզէ որ ամուսինը ընտանիքին օգտակար եղող որոշումներ առնէ։ Սուրբ Գիրքը կը խրատէ ամուսինները. «Սիրեցէ՛ք ձեր կիները» (Եփեսացիս 5։25)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Ամուսինը պէտք է կնոջ հետ ազնուութեամբ վարուի թէ՛ տունէն ներս եւ թէ տունէն դուրս։ Ան զինք կը պաշտպանէ որեւէ վնասէ եւ իր ամէն կարելին կ’ընէ, որ անոր ֆիզիքական եւ զգացական պէտքերուն հոգ տանի (Ա. Տիմոթէոս 5։8)։ Ամէնէն կարեւորը, ան իր կնոջ հոգեւոր պէտքերուն հոգ կը տանի (Մատթէոս 4։4)։ Օրինակ, ան կրնայ իր կնոջ հետ աղօթել եւ Սուրբ Գիրքը կարդալ։ Երբ ամուսինը սիրով իր կնոջ հոգ կը տանի, ան Եհովային հետ իր բարեկամութիւնը կը պահպանէ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։7)։
2. Սուրբ Գիրքը ի՞նչ խրատներ կու տայ կիներուն
Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ կինը «պէտք է յարգէ իր ամուսինը» (Եփեսացիս 5։33, ՆԹ)։ Ինչպէ՞ս կրնայ այդ մէկը ընել։ Ան կրնայ մտածել իր ամուսինին լաւ յատկութիւններուն մասին եւ այն ջանքերուն մասին որ կ’ընէ, իրեն եւ իրենց զաւակներուն հոգ տանելու համար։ Նաեւ կրնայ յարգանք ցոյց տալ, անոր որոշումներուն կռնակ կենալով եւ ազնուութեամբ խօսելով իրեն հետ եւ իր մասին, նոյնիսկ եթէ Եհովային չի ծառայեր։
3. Զոյգը ինչպէ՞ս կրնայ իր ամուսնութիւնը զօրացնել
Սուրբ Գիրքը ամուսնացած զոյգին նկատմամբ կ’ըսէ. «Երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Մատթէոս 19։5)։ Ասիկա կը նշանակէ, որ պէտք է ամէն ջանք թափեն, որ իրենց սէրը չպաղի։ Ուստի, անոնք պէտք է կանոնաւորաբար իրարու հետ ժամանակ անցընեն եւ անկեղծօրէն խօսին իրենց մտածումներուն եւ զգացումներուն մասին։ Անոնք չեն ձգեր, որ որեւէ բան կամ ոեւէ անձ,– Եհովայէն զատ,– իրենց կողակիցէն աւելի կարեւոր ըլլայ։ Անոնք շատ զգոյշ կ’ըլլան, որ ուրիշի մը հետ չափէ աւելի մտերիմ փոխյարաբերութիւն չզարգացնեն։
ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ
Տե՛ս թէ Սուրբ Գիրքին ո՛ր սկզբունքները կրնան ամուսնութիւնդ զօրացնել։
4. Ո՛վ ամուսին, կինդ սիրէ եւ անոր լաւ հոգ տար
Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ պէտք է որ ամուսինները «իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս» (Եփեսացիս 5։28, 29)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։
-
Ի՞նչ կարգ մը կերպերով ամուսինը ցոյց կու տայ, որ իր կինը կը սիրէ եւ անոր հոգ կը տանի։
Կարդացէ՛ք Կողոսացիս 3։12 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
-
Ամուսինը ինչպէ՞ս կրնայ այս յատկութիւնները ցոյց տալ իր ամուսնութեան մէջ։
5. Ո՛վ կին, ամուսինդ սիրէ ու յարգէ
Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ կինը, որ իր ամուսինը յարգէ, նոյնիսկ եթէ ան Եհովային չի ծառայեր։ Կարդացէ՛ք Ա. Պետրոս 3։1, 2 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.
-
Եթէ ամուսինդ Վկայ չէ, անկասկած կ’ուզես որ ան սկսի Եհովային ծառայել։ Անոր օգնելու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է. շարունակ իրեն քարոզե՞լը, թէ ոչ՝ ազնիւ, լաւ եւ յարգող կին ըլլալը։ Ինչո՞ւ այդպէս կը պատասխանես։
Ամուսինը եւ կինը կրնան միասնաբար լաւ որոշումներ առնել։ Սակայն, երբեմն կինը կրնայ չհամաձայնիլ իր ամուսինին հետ։ Այդ պարագային, ան կրնայ հանդարտ ու յարգալից կերպով իր կարծիքը ըսել ամուսինին։ Բայց Ա. Պետրոս 3։3-5 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
պէտք է յիշէ, որ Եհովան ամուսինին տուած է պատասխանատուութիւն, որ որոշէ թէ ի՛նչը լաւագոյն բանն է ընտանիքին համար։ Կինը պէտք է իր ամէն կարելին ընէ, որ առնուած որոշումը յաջողի։ Այսպէս, ան կ’օգնէ որ ամբողջ ընտանիքը ուրախ ըլլայ։ Կարդացէ՛ք-
Եհովան ի՞նչ կը զգայ, երբ կինը իր ամուսինը կը յարգէ։
6. Կրնաք մէջտեղ եկած խնդիրները լուծել
Կատարեալ ամուսնութիւն չկայ։ Անոր համար, ամուսինն ու կինը պէտք է միասնաբար փորձեն խնդիրները լուծել։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։
-
Վիտէոյին մէջ, ի՞նչ բաներ ցոյց տուին, որ ամուսինն ու կինը սկսած էին իրարմէ հեռանալ։
-
Անոնք ի՞նչ ըրին, որ իրենց ամուսնութիւնը զօրացնեն։
Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 10։24 եւ Կողոսացիս 3։13։ Ամէն մէկ համար կարդալէ ետք, քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
-
Այս խրատը գործադրելը ինչպէ՞ս կրնայ ամուսնութիւնը զօրացնել։
Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ պէտք է իրար պատուենք։ Մէկը պատուելու համար, պէտք է անոր հետ ազնուութեամբ եւ յարգանքով վարուինք։ Կարդացէ՛ք Հռովմայեցիս 12։10 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.
-
Ամուսինը կամ կինը պէ՞տք է սպասէ, որ իր կողակիցը իրմէ առաջ զինք պատուէ։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։
ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Ես եւ կողակիցս առաջուան պէս իրարու մօտիկ չենք»։
-
Ինչպէ՞ս կը բացատրես, որ Սուրբ Գիրքը կրնայ իրենց օգնել։
ԱՄՓՈՓՈՒՄ
Ամուսինը եւ կինը կրնան ուրախ ըլլալ, երբ իրար կը սիրեն, իրար կը յարգեն եւ Սուրբ Գիրքի սկզբունքները կը գործադրեն։
Վերաքաղ
-
Ամուսինը ի՞նչ կրնայ ընել, որ իր ամուսնութիւնը յաջող ըլլայ։
-
Կինը ի՞նչ կրնայ ընել, որ իր ամուսնութիւնը յաջող ըլլայ։
-
Եթէ ամուսնացած ես, Սուրբ Գիրքին ո՞ր սկզբունքները կրնան ամուսնութիւնդ զօրացնել։
ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ
Տե՛ս գործնական առաջարկներ, որոնք կրնան քեզի օգնել, որ ընտանեկան ուրախ կեանք ունենաս։
Այս երաժշտական վիտէոն դիտելով, տե՛ս ամուսնութեան նկատմամբ Աստուծոյ խրատները գործադրելուն օրհնութիւնները։
Տե՛ս թէ ամուսինին գլխաւորութեան ենթարկուիլը ի՛նչ կը նշանակէ։
«Կինե՛ր, ինչո՞ւ գլխաւորութեան պէտք է ենթարկուիք» (Դիտարան 1 մայիս 2010)
Զոյգ մը ինչպէ՞ս կրցաւ լուրջ խնդիրներու, մէջը ըլլալով ամուսնալուծումի, հետ գլուխ ելլել։