Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 25

Թագաւորութեան սրահները ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կը կառուցանուին

Թագաւորութեան սրահները ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կը կառուցանուին

Պոլիվիա

Նիկերիա, առաջ եւ վերջ

Թահիթի

Ինչպէս որ «Թագաւորութեան սրահ» անուանումը ցոյց կու տայ, հոն քննարկուող գլխաւոր աստուածաշնչական ուսուցումը կը կեդրոնանայ Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ,– Յիսուսի ծառայութեան բնաբանը (Ղուկաս 8։1

Ճշմարիտ պաշտամունքի կեդրոններ են։ Այդ վայրէն Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութիւնը կը կազմակերպուի (Մատթէոս 24։14)։ Թագաւորութեան սրահները զանազան չափեր եւ կառուցուածքներ ունին, բայց բոլորն ալ համեստ են, եւ շատերը կը գործածուին մէկէ աւելի ժողովքներու կողմէ։ Վերջերս, տասնեակ հազարաւոր Թագաւորութեան սրահներ կառուցանած ենք (միջին հաշուով՝ ամէն օր հինգ սրահ), որպէսզի հրատարակիչներու եւ ժողովքներու յաւելման հետ քայլ պահենք։ Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է (Մատթէոս 19։26

Կեդրոնական հիմնադրամի մը համար եղած նուիրատուութիւններով կը կառուցանուին։ Այս նուիրատուութիւնները կ’ուղարկուին մասնաճիւղ, որպէսզի գումարը մատչելի դառնայ այն ժողովքներուն, որոնք Թագաւորութեան սրահ մը պիտի կառուցանեն կամ նորոգեն։

Ամէն ենթահողէ եկող եւ առանց վարձքի աշխատող կամաւորներու կողմէ կը կառուցանուին։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, Թագաւորութեան սրահի շինարարութեան խումբեր կազմակերպուած են։ Շինարարութեան ծառաներու եւ կամաւորներու խումբեր մէկ ժողովքէ միւսը կը փոխադրուին նոյն երկրին մէջ,– նոյնիսկ ամայի շրջաններ,– որպէսզի օգնեն անոնց սրահները կառուցանելու։ Ուրիշ երկիրներու մէջ, որակեալ Վկաներ նշանակուած են, որպէսզի որոշ շրջանի մը մէջ Թագաւորութեան սրահներ կառուցանելու եւ նորոգելու աշխատանքին վրայ վերահսկեն։ Թէեւ տեղացի հմուտ արհեստաւորներ կամաւորաբար շինարարութեան աշխատանքին մէջ բաժին կը բերեն, սակայն իւրաքանչիւր շինարարութեան վայրի մէջ, ժողովքի անդամները կամաւորներուն մեծամասնութիւնը կը կազմեն։ Եհովայի հոգին եւ իր ժողովուրդին բոլորանուէր ջանքերը այս ամէնը կարելի կը դարձնեն (Սաղմոս 127։1. Կողոսացիս 3։23

  • Մեր պաշտամունքի վայրը ինչո՞ւ «Թագաւորութեան սրահ» կը կոչուի։

  • Ինչպէ՞ս կարելի է աշխարհի տարածքին Թագաւորութեան սրահներ կառուցանել։