ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 83
Երուսաղէմի պարիսպները
ՆԱՅԵՑԷՔ հոս կատարուող գործին։ Իսրայելացիները կը զբաղին Երուսաղէմի պարիսպներուն շինութեամբ։ Երբ Նաբուգոդոնոսոր Թագաւորը Երուսաղէմը կործանեց 152 տարի առաջ, ան պարիսպները փլեց եւ քաղաքին դռները այրեց։ Իսրայելացիները պարիսպները չվերաշինեցին երբ Բաբելոնէն տուն դարձան։
Այս բոլոր տարիներու ընթացքին հոս բնակող ժողովուրդը որքա՜ն անապահով զգացած ըլլալու է առանց իրենց քաղաքին շուրջ գտնուող պարիսպներուն։ Թշնամիները դիւրութեամբ կրնային ներս խուժել եւ իրենց վրայ յարձակիլ։ Բայց հիմա այս մարդը՝ Նէեմիան վերջապէս կ’օգնէ ժողովուրդին որ պարիսպները վերաշինեն։ Գիտէ՞ք ո՛վ է Նէեմիան։
Նէեմիան Իսրայելացի մըն է, որ Շուշան քաղաքէն կու գայ, ուր Մուրթքէ եւ Եսթեր կ’ապրին։ Նէեմիա թագաւորին պալատին մէջ աշխատեցաւ, ուստի ան թերեւս Մուրթքէի եւ Եսթեր Թագուհիին լաւ բարեկամ մը եղած է։ Բայց Աստուածաշունչը չըսեր թէ Նէեմիան աշխատեցաւ Եսթերի ամուսնոյն՝ Ասուերոս Թագաւորին համար։ Ան աշխատեցաւ յաջորդ թագաւորին՝ Արտաշէս Թագաւորին համար։
Յիշեցէք թէ Արտաշէս այն բարի թագաւորն է, որ Եզրասի շատ դրամ տուաւ իրեն հետ Երուսաղէմ տանելու, որպէսզի Եհովայի տաճարը գեղեցկացնէ։ Բայց Եզրաս քաղաքին փլած պարիսպները չշինեց։ Տեսնենք թէ ի՛նչպէս Նէեմիան ձեռնարկեց այս գործին։
Արտաշէս տաճարը գեղեցկացնելու համար Եզրասի դրամ տալէն 13 տարի անցած է։ Արդ Նէեմիան Արտաշէս Թագաւորին մատրուակապետն է։ Ասիկա կը նշանակէ թէ ինք թագաւորին գինի կը մատուցանէ եւ հոգ կը տանի որ ոեւէ մէկը չթունաւորէ թագաւորը։ Ասիկա շատ կարեւոր գործ մըն է։
Արդ, օր մը Նէեմիայի եղբայրը՝ Անանին եւ Իսրայէլի երկրէն ուրիշներ Նէեմիայի այցելութեան կու գան։ Անոնք իրեն կը պատմեն թէ Իսրայելացիները դժուարութիւններ ունին եւ թէ Երուսաղէմի պարիսպները տակաւին փլած վիճակի մէջ են։ Ասիկա մեծապէս կը տխրեցնէ Նէեմիան եւ ասոր մասին Եհովայի կ’աղօթէ։
Օր մը թագաւորը կը նշմարէ թէ Նէեմիան տխուր է եւ կը հարցնէ. ‘Ինչո՞ւ այսքան տխուր կ’երեւնաս’։ Նէեմիա անոր կ’ըսէ թէ Երուսաղէմը շատ գէշ վիճակի մէջ է եւ թէ անոր պարիսպները փլած են։ ‘Ի՞նչ է խնդրանքդ’, կը հարցնէ թագաւորը։
‘Թոյլ տուր որ Երուսաղէմ երթամ’, կ’ըսէ Նէեմիա, ‘որպէսզի պարիսպները վերաշինեմ’։ Արտաշէս Թագաւորը շատ ազնիւ է։ Ան Նէեմիայի կը թոյլատրէ որ երթայ եւ իրեն կ’օգնէ որ վերաշինութեան համար հետը փայտեր տանի։ Շուտով Նէեմիա Երուսաղէմ կ’երթայ եւ ժողովուրդին կը բացատրէ իր ծրագիրները։ Անոնք կը հաւնին գաղափարը եւ կ’ըսեն. ‘Շինութեան սկսինք’։
Երբ Իսրայելացիներուն թշնամիները կը տեսնեն պարիսպին բարձրացուիլը, անոնք կ’ըսեն. ‘Պիտի ելլենք եւ սպաննենք զիրենք ու շինութիւնը դադրեցնենք’։ Բայց Նէեմիա կը լսէ ասոր մասին եւ գործաւորներուն սուրեր եւ նիզակներ կու տայ։ Ապա ան կ’ըսէ. ‘Մեր թշնամիներէն չվախնա՛նք։ Ձեր եղբայրներուն, ձեր զաւակներուն, ձեր կիներուն եւ ձեր տուներուն համար կռուեցէք’։
Ժողովուրդը շատ քաջ է։ Անոնք իրենց զէնքերը ցորեկ ու գիշեր պատրաստ կը պահեն եւ կը շարունակեն շինութիւնը։ Ուստի միայն 52 օրուայ մէջ պարիսպներուն շինութիւնը կ’ամբողջացուի։ Արդ ժողովուրդը քաղաքին մէջ ինքզինք ապահով կրնան զգալ։ Նէեմիա եւ Եզրաս ժողովուրդին կը սորվեցնեն Աստուծոյ օրէնքը եւ ժողովուրդը շատ կ’ուրախանան։
Սակայն ոչ մէկ բան Իսրայելացիներուն Բաբելոն աքսորուելէն առաջուան վիճակին կը նմանի։ Ժողովուրդը Պարսկաստանի թագաւորին իշխանութեան ներքեւ են եւ անոր պէտք է ծառայեն։ Բայց Եհովա խոստացած է որ նոր թագաւոր մը պիտի ղրկէ եւ այս թագաւորը ժողովուրդին խաղաղութիւն պիտի բերէ։ Ո՞վ է այս թագաւորը։ Ինչպէ՞ս ան երկրին խաղաղութիւն պիտի բերէ։ Շուրջ 450 տարի կ’անցնին ասոր մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալէ առաջ։ Արդ ամենէն կարեւոր մանուկին ծնունդը տեղի կ’ունենայ, որու մասին շատ բան պիտի սորվինք յաջորդ պատմութիւններով։
Նէեմիա 1–6 գլուխները