Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաւելուած

«Մեծ Բաբելոն»ը բնորոշել

«Մեծ Բաբելոն»ը բնորոշել

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ գիրքը կը բովանդակէ արտայայտութիւններ, որոնք բառացիօրէն պէտք չէ հասկցուին: Օրինակ՝ անիկա կը նշէ պոռնիկ կին մը, որուն ճակտին վրայ «Մեծ Բաբելոն» անունը գրուած է, եւ կը նստի ‘բազմութիւններու ու ազգերու’ վրայ (Յայտնութիւն 17։1, 5, 15)։ Քանի որ բառացի ո՛չ մէկ կին կրնայ ասիկա ընել, ուրեմն Մեծ Բաբելոնը պէտք է խորհրդանշական ըլլայ: Ուստի այս խորհրդանշական պոռնիկը ի՞նչ կը ներկայացնէ:

Յայտնութիւն 17։18–ի մէջ, այս նոյն խորհրդանշական կինը կը նկարագրուի որպէս ‘այն մեծ քաղաքը, որ կը թագաւորէ երկրի թագաւորներուն վրայ’: Հոս, «քաղաք» բառը կ’ակնարկէ կազմակերպուած մարդկային խումբի մը: Քանի որ այս «մեծ քաղաքը» կը տիրապետէ «երկրի թագաւորներուն վրայ», ուրեմն Մեծ Բաբելոն կոչուած կինը պէտք է ըլլայ՝ միջազգային տարողութիւն ունեցող հեղինակաւոր կազմակերպութիւն մը: Անիկա իրաւացիօրէն կրնայ կոչուիլ համաշխարհային կայսրութիւն մը: Սակայն ինչպիսի՞ կայսրութիւն: Կրօնական: Նկատի առ թէ Յայտնութիւն գրքին կարգ մը հատուածները մեզ ինչպէս այս եզրակացութեան կը հասցնեն:

Կայսրութիւն մը կրնայ ըլլալ՝ քաղաքական, առեւտրական կամ կրօնական: Մեծ Բաբելոն կոչուած կինը քաղաքական կայսրութիւն մը չէ, քանի որ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ, թէ «երկրին թագաւորները» կամ այս աշխարհի քաղաքական տարրերը, անոր հետ «պոռնկացան»: Ան այսպիսի անբարոյութիւն գործած է, երկրի կառավարիչներուն հետ դաշնակցութիւններ ընելով ու ջանալով անոնց վրայ հեղինակութիւն ունենալ։ Ասոր համար է որ ան կոչուած է «մեծ պոռնիկ»ը (Յայտնութիւն 17։1, 2. Յակոբոս 4։4

Մեծ Բաբելոնը առեւտրական կայսրութիւն մը չի կրնար ըլլալ, քանի որ «երկրին վաճառականները», որոնք առեւտրական տարրերը կը ներկայացնեն, պիտի սգան անոր վրայ իր կործանման ժամանակ: Իրականութեան մէջ, թէ՛ թագաւորները եւ թէ վաճառականները կը նկարագրուին որպէս թէ «հեռուն» կայնած Մեծ Բաբելոնը կը դիտեն (Յայտնութիւն 18։3, 9, 10, 15-17)։ Հետեւաբար, տրամաբանական է եզրակացնել թէ Մեծ Բաբելոնը ոչ թէ քաղաքական կամ առեւտրական կայսրութիւն մըն է, այլ՝ կրօնական:

Մեծ Բաբելոնի կրօնական ինքնութիւնը ա՛լ աւելի կը հաստատուի, երբ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ անիկա բոլոր ազգերը իր «կախարդութիւնով» կը մոլորեցնէ (Յայտնութիւն 18։23)։ Յունարէն բնագրին մէջ, այս արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ ‘ոգեհարցական արարքներու’: Քանի որ ամէն տեսակի ոգեհարցութիւն կրօնական է, Մեծ Բաբելոնը պէտք է կրօնական էութիւն մը խորհրդանշէ: Եւ քանի որ ամէն տեսակի ոգեհարցութիւն դեւերուն կողմէ ներշնչուած է, ուստի զարմանալի չէ որ Աստուածաշունչը Մեծ Բաբելոնը կը կոչէ «դեւերու բնակարան» (Յայտնութիւն 18։2. Բ. Օրինաց 18։10-12)։ Նաեւ կը նկարագրուի թէ այս կայսրութիւնը բուռն կերպով կը հակառակի ճշմարիտ կրօնքին, հալածելով «մարգարէներ»ն ու «սուրբեր»ը (Յայտնութիւն 18։24)։ Իրականութեան մէջ, Մեծ Բաբելոնը ճշմարիտ կրօնքին հանդէպ այնպիսի՛ խոր ատելութիւն ունի, որ ան «Յիսուսին վկաներ»ը վայրագօրէն կը հալածէ եւ նոյնիսկ կը սպաննէ զանոնք (Յայտնութիւն 17։6)։ Ուստի Մեծ Բաբելոն կոչուած այս կինը յստակօրէն կը ներկայացնէ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը, որ կը պարփակէ Եհովա Աստուծոյ հակառակող բոլոր կրօնքները: