Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 100

Մնասներուն առակը

Մնասներուն առակը

ՂՈՒԿԱՍ 19։11-28

  • ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՊԱՏՄԷ ՄՆԱՍՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

Յիսուս եւ իր աշակերտները հաւանաբար դեռ Զաքէոսին տունն են։ Աշակերտները կը կարծեն որ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը» մօտ օրէն պիտի հաստատուի եւ Յիսուս Թագաւոր պիտի ըլլայ (Ղուկաս 19։11)։ Անոնք այս նիւթը սխալ հասկցած են, ճիշդ ինչպէս որ չեն ըմբռնած այն գաղափարը թէ Յիսուս պէտք է մեռնի։ Անոր համար ան առակ մը կը պատմէ, որ անոնց օգնէ հասկնալու, թէ Թագաւորութեան հաստատուելուն դեռ շատ ժամանակ կայ։

Յիսուս կ’ըսէ. «Ազնուական մարդ մը հեռու երկիր գնաց՝ իրեն թագաւորութիւն առնելու եւ դառնալու» (Ղուկաս 19։12)։ Հեռու երկիր ճամբորդելը անկասկած ժամանակ կ’առնէ։ Յստակ է որ Յիսուս այդ «ազնուական մարդ»ն է, որ կ’երթայ «հեռու երկիր», այսինքն երկինք, ուր իր Հայրը իրեն թագաւորական իշխանութիւն պիտի տայ։

Առակին մէջ, առաջ որ «ազնուական մարդ»ը երթայ, տասը ծառաներ իր քով կը կանչէ, ամէն մէկուն արծաթէ մնաս մը կու տայ եւ կ’ըսէ. «Բանեցուցէք ատոնք մինչեւ ես գամ» (Ղուկաս 19։13)։ Արծաթէ մնասները արժէքաւոր դրամ են։ Մէկ մնասը հաւասար է հողագործին աւելի քան երեք ամսուան աշխատավարձին։

Աշակերտները թերեւս կը հասկնան, որ առակին տասը ծառաները իրենք են, քանի որ Յիսուս արդէն ասկէ առաջ զիրենք նմանցուցած է հունձքի մշակներու (Մատթէոս 9։35-38)։ Անշուշտ Յիսուս իրենցմէ չէր խնդրած որ ցորենի հունձք բերեն, հապա՝ ուրիշ աշակերտներ, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնան մտնել։ Ուրեմն աշակերտները պէտք է իրենց ժամանակը, ուժը եւ նիւթականը գործածեն, որ Թագաւորութեան նոր ժառանգորդներ հաւաքեն։

Յիսուս առակին մէջ նաեւ կը նշէ, որ «քաղաքացիները [ազնուական մարդը] կ’ատէին ու դեսպաններ ղրկեցին անոր ետեւէն, ըսելով թէ՝ ‘Չենք ուզեր որ ատիկա մեր վրայ թագաւորութիւն ընէ’» (Ղուկաս 19։14)։ Աշակերտները գիտեն թէ հրեաները Յիսուսը չեն ընդունիր եւ թէ անոնցմէ ոմանք կ’ուզեն զինք սպաննել։ Յիսուսին մահէն եւ երկինք համբառնալէն ետք, հրեաները Յիսուսին հանդէպ իրենց ատելութիւնը ցոյց կու տան՝ անոր աշակերտները հալածելով։ Այս հակառակորդները յստակ կը դարձնեն, որ չեն ուզեր որ Յիսուս իրենց Թագաւորը ըլլայ (Յովհաննէս 19։15, 16. Գործք 4։13-18. 5։40

Իսկ տասը ծառաները ինչպէ՞ս կը գործածեն մնասները մինչեւ որ «ազնուական մարդ»ը ‘թագաւորութիւն առնէ եւ դառնայ’։ Յիսուս կը պատմէ. «Երբ անիկա թագաւորութիւնը առնելով ետ դարձաւ, իրեն կանչեց այն ծառաները, որոնց ստակը տուեր էր, որպէս զի գիտնայ թէ՝ ո՞վ ինչ շահ ըրած է։ Առաջինը եկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, քու մնասդ տասը մնաս շահ ըրաւ’։ Տէրը ըսաւ անոր. ‘Ապրի՛ս, բարի ծառայ. որովհետեւ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, տասը քաղաքի վրայ իշխանութիւն ունեցիր’։ Երկրորդը եկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, քու մնասդ հինգ մնաս շահ ըրաւ’։ Եւ ըսաւ անոր. ‘Դուն ալ հինգ քաղաքի վրայ եղիր’» (Ղուկաս 19։15-19

Եթէ Յիսուսին աշակերտները, առակին մէջի ծառաներուն պէս, իրենց ամէն կարելին ընեն աւելի աշակերտներ հաւաքելու համար, կրնան վստահ ըլլալ, որ Յիսուս իրենց պիտի հաճի եւ պիտի վարձատրէ իրենց աշխատասիրութիւնը։ Անշուշտ, Յիսուսին բոլոր աշակերտները նոյն պարագաները, պատեհութիւնները կամ կարողութիւնները չունին։ Բայց Յիսուս, որ «թագաւորութիւն» կը ստանայ, պիտի տեսնէ եւ օրհնէ աշակերտելու իրենց ջանքերը (Մատթէոս 28։19, 20

Յիսուս առակը կ’եզրափակէ ըսելով. «Ուրիշ [ծառայ] մը եկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, ահա քու մնասդ՝ որ թաշկինակի մը մէջ ծրարած կը պահէի. քանզի կը վախնայի քեզմէ, վասն զի դուն խիստ մարդ մըն ես, չդրած բանդ կը վերցնես ու չսերմանածդ կը հնձես’։ Անիկա ըսաւ անոր. ‘Քու բերնովդ քեզ պիտի դատեմ, ո՛վ չար ծառայ. գիտէիր թէ ես խիստ մարդ մըն եմ, չդրած բանս կը վերցնեմ ու չսերմանածս կը հնձեմ, ինչո՞ւ համար իմ ստակս սեղանաւորներուն չտուիր, որպէս զի ես եկած ատենս շահովը առնէի զանիկա’։ Հոն կայնողներուն ըսաւ. ‘Առէք ատկէ մնասը ու տուէք անոր որ տասը մնաս ունի’» (Ղուկաս 19։20-24

Քանի՛ որ այդ ծառան չաշխատեցաւ որ իր տիրոջ թագաւորութեան հարստութիւնը աւելցնէ, վնաս կրեց։ Առաքեալները արդէն կը սպասեն որ Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ իշխէ։ Ուրեմն վերջին ծառային ուղղուած տիրոջ խօսքէն անոնք հաւանաբար կ’ըմբռնեն, որ եթէ աշխատասէր չըլլան, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն։

Յիսուսին խօսքերը պէտք է հաւատարիմ աշակերտները մղեն, որ աւելի ջանք թափեն։ Ան կ’եզրափակէ. «Կ’ըսեմ ձեզի, թէ ունեցողին պիտի տրուի եւ չունեցողին ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի»։ Ան կ’աւելցնէ որ իր թշնամիները, որոնք չեն ուզեր որ ‘իրենց վրայ թագաւոր ըլլայ’, մահուան պիտի մատնուին։ Ետքը Յիսուս կ’ուղղուի դէպի Երուսաղէմ (Ղուկաս 19։26-28