Աստուածաշունչեր
Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը Աստուածաշունչի ճշգրիտ ու պարզ թարգմանութիւն մըն է։ Ատիկա ամբողջութեամբ կամ մասամբ հրատարակուած է աւելի քան 327 լեզուներով։ Վերջին պաշտօնական հաշիւներու համաձայն, 256,139,430 օրինակ արտադրուած է։ Այս թարգմանութեան մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, տե՛ս «Եհովայի վկաները իրենց անձնական Աստուածաշունչը ունի՞ն» եւ «Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը ճշգրի՞տ է» յօդուածները։
Կարգ մը լեզուներու պարագային, արտօնութիւն առած ենք Աստուածաշունչի ուրիշ թարգմանութիւններ հրատարակենք։

